Սուրիոյ Խորհրդարանի Անդամներ Միջազգային Ընտանիքէն Կը Պահանջեն Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Ն. Ա.

2404Botros24 ապրիլի 2014-ին կայացած Սուրիոյ խորհրդարանի նիստին ընթացքին քննարկուած են զանազան նիւթեր, որոնցմէ կարեւորագոյնը կը համարուի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածութեան նոր դիմումներ ընդունելու կէտը: Սուրիոյ խորհրդարանի կարգ մը անդամներ նիստին ընթացքին անդրադարձած են նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին: Արդարեւ, «Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ կը դատապարտեն Հայոց ցեղասպանութիւնը» վերնագիրի տակ տեսանիւթով մը սուրիական պետական լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն` Քաթրին Տիպ, Պութրոս Մրժանէ եւ Սուհէլ Ֆարահը խօսք առնելով իրենց ելոյթներուն մէջ խօսեցան «100 տարի առաջ հայ քաղաքացիներուն դէմ օսմանցիներուն, թրքական կառավարութեան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի նախահայրերուն գործադրած ահաբեկչական ոճիրներու դաժանութեան եւ այլանդակութեան մասին: Անոնք ըսին, որ այդ ոճիրները և սուրիացի ժողովուրդին դէմ Էրտողանին կատարած այսօրուան ահաբեկչական յարձակումները մարդկութեան դէմ ոճիրներ են, որոնք վաղեմութիւն չունին»:

Իսկ երեսփոխաններ Շաապան Հասան, Նաուրաս Միրզա, Ժամալ Տին Ապտօ եւ Աքրամ Հաուաշ հաստատեցին, որ սուրիացի ժողովուրդը, ինչպէս հայ ժողովուրդը չի մոռնար անմեղ քաղաքացիներուն դէմ օսմանցիներու ոճիրները, եւ Էրտողանը ու իր կուսակցութիւնը գինը պիտի վճարեն զինեալ ահաբեկիչ խմբաւորումներու մնայուն օժանդակութիւն եւ թեքնիք դիւրութիւններ տրամադրելու համար: Անոնք միջազգային ընկերութենէն, ՄԱԿ-էն եւ Մարդկանց իրաւունքներու կազմակերպութիւններէն պահանջեցին ճանչնալ եւ դատապարտել այդ ոճիրները, ինչպէս նաև թրքական կառավարութենէն պահանջել հայերու դէմ օսմանցիներուն գործադրած ցեղասպանութեան ճանաչումը:

2404MashiՄիւս կողմէ Մոհամետ Ալի Խապի, Զուհէր Ղանուն, Տիապ Մաշի յայտնեցին, որ զինեալ ահաբեկիչ խմբաւորումներու կողմէ Լաթաքիոյ արուարձան Քեսապի մէջ սուրիահայ քաղաքացիներուն դէմ կատարուած ոճիրները շարունակութիւնն են ահաբեկիչ մտքի մօտեցումին, որուն հիմամբ օսմանցիները մեծցած եւ դաստիարակուած են, իսկ Մոհամետ Տիպ Պաքուր, Մոհամետ Սահրիժ եւ Սաատ Ալլահ Սաֆիա նշեցին, որ` «հին օսմանցիները եւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ անոնց նոր թոռները  թիրախ ընտրած են ամէն ժողովուրդները, ինչպէս որ նախապէս տեղահանեցին եւ սպաննեցին հայ ժողովուրդը, ահա այսօր կը կրկնեն նոյն ահաբեկչական ոճիրները սուրիացի ժողովուրդին դէմ, տարբեր շրջաններու մէջ զինեալ ահաբեկիչ խմբաւորումներուն մնայուն աջակցութեամբ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES