Սուրիական Անդրադարձը` Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին
ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ԱՐԻՍԵԱՆ
Ապրիլ 24-ին սուրիական լրատուամիջոցները լարած էին իրենց ուժերը` յատուկ կերպով անդրադառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին:
Առաւօտեան ժամերէն ուղիղ հեռարձակումով յատուկ հարցազրոյցներ կատարեց սուրիական արբանեակային պատկերասփիւռի պետական կայանը` հիւրընկալելով դոկտ. Նորա Արիսեանը եւ դոկտ. Սարգիս Պրունսուզեանը: Յայտագիրին ընթացքին արծարծուեցան ցեղասպանութեան եզրի, սուրիական աղբիւրներու, թուրանականութեան եւ արաբական երկիրներու ճանաչման խնդիրները:
Երկու ժամ տեւած հաղորդումին ընթացքին մէջբերումներ կատարեցին նաեւ Լաթաքիայէն` Կարօ Մանճիկեան, իսկ Հալէպէն` վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան: Նաեւ ուղիղ սփռում կատարուեցաւ Դամասկոսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Ս. պատարագէն, թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի արաբերէնով պատգամէն: Հաղորդման ընթացքին տեղ տրուեցաւ նաեւ տեսանիւթի մը` Հալէպի Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մասին:
«Ռատիօ Դամասկոս»-ը նոյնպէս յատուկ հաղորդումով անդրադարձաւ 99-ամեակին, որուն ընթացքին խօսք առաւ դոկտ. Նորա Արիսեան:
Երեկոյեան սուրիական պատկերասփիւռի կայանէն սփռուեցաւ «Սուրիական պատկերասփիւռի կայանի Ընդհանուր մարմինի լուրերու կեդրոն»-ի հովանաւորութեամբ, «Հայերը» վերնագիրը կրող ժապաւէնը, զոր պատրաստած են Քրիստին Պատլիսի եւ Երարտօ Գրիգորեան` համագործակցութեամբ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատան եւ «Փիւնիկ» հիմնադրամին հետ:
Ժապաւէնի նախաբանով ելոյթ ունեցաւ նոր օսմանականութեան մասին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ուալիտ Ապու Ասալէ, իսկ ժապաւէնին ընթացքին արծարծուեցան Սուրիոյ մէջ հայերուն, նոր օսմանականութեան եւ հայերը հիւր ընկալելու իմաստով Սուրիոյ դերակատարութեան եւ Հայաստանի պատմականին վերաբերող նիւթերը` ակնարկելով նաեւ վերջերս տեղի ունեցած Քեսապի դէպքերուն:
Սուրիոյ լրատուութեան նախարարութեան արտադրութեամբ պատրաստուած ժապաւէնը նկարահանուած է Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ: Ելոյթ ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա., նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, հաղորդավար Հասան Շամի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ գործարարներ Լեւոն-Զաքի Ետալեան եւ Հմայեակ Սանոսեան: Իսկ Հայաստանէն` Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան, Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, թուրքագէտ-արեւելագէտ Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ պատմաբաններ Նիկոլա Յովաննիսեան, Աշոտ Մելքոնեան, նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան, որոնք անդրադարձան ցեղասպանութեան, Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող պատերազմին, Քեսապի դէպքերուն եւ սուրիահայերուն իրավիճակին:
Ուշագրաւ էր ժապաւէնին մէջ հնչած գրաւոր կարգախօսները, ինչպէս` «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկային արժէքներու ճանաչում է, ապտակ է նոր օսմանական կառավարութեան»:
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանները եւ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը նաեւ արձագանգեցին Դամասկոսի մէջ Հայ առաքելական Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ Հայ կաթողիկէ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուած պատարագներուն եւ հոգեհանգստեան պաշտօններուն, որոնց ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւորականներ: Նաեւ տեղ տրուեցաւ Դամասկոսի հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի եւ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Յովսեփ Արնաութի արտասանած խօսքերուն: Պէտք է նշել, որ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը իր պատգամին մէջ շեշտեց, թէ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք արմատախիլ եղաւ իր պատմական հայրենիքէն: Ան յարգանքի տուրք մատուցեց նաեւ յոյն, քաղտիացի եւ ասորի ժողովուրդի զոհերուն, որոնք ինկան նոյն ոճրագործին` ջարդարար թուրքին ձեռքով: Սրբազան հայրը աշխարհէն եւ արաբական երկիրներէն, յատկապէս Սուրիայէն պահանջեց ճանչնալ եւ դատապարտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, թուրքական պետութենէն հաշիւ պահանջել իր գործած պատասխանատուութեան համար:
ՍԱՆԱ-ն այդ լրատուութեան համար ընտրած էր «Դամասկոսի մէջ պատարագներ` հայերու դէմ գործադրուած օսմանեան ջարդերու 99-ամեակի յիշատակին» վերնագիրը: Աւարտին տեղ գտած էր նաեւ Եգիպտոսի մէջ Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսանի հարցազրոյցը:
Սուրիական լրատուութիւնը տեղ տուաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ուղերձին, ուր կը շեշտուի, որ` «Թուրքիան կը շարունակէ վարել ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը` ուղղուած հայերու ցեղասպանութեան դէմ, եւ ոճրագործութեան ժխտումը կը նշանակէ անոր շարունակութիւնը»:
Երեկոյեան սփռուեցաւ հարցազրոյց մը, որուն մասնակցեցան լրագրող Սամիր Արպաշ եւ Տէր Հայարի Կապրիէլ Թանաշեան` «Փոքր Ասիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումը» վերնագիրին տակ:
Սփռուեցան նաեւ տեսանիւթեր «Մէկ դար ետք» եւ «Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին 99 մոմեր» վերնագիրներով` պատրաստութեամբ Լուպանա Եունեսի եւ Այման Քանժի:
Կէս ժամ տեւողութեամբ «Ցեղասպանութիւն» վերնագիրը կրող ժապաւէնը, զոր պատրաստած էր Հապիպ Սալման, սփռուեցաւ նաեւ սուրիական պատկերասփիւռի կայանէն, որ լայնօրէն ներկայացուց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններ եւ պատմաբան Մահմուտ Ամէրի եւ Ռոպըրթ Ֆիսքի մեկնաբանութիւնները:
Իսկ «Աղօթքներ եւ պատարագներ` հայերուն դէմ օսմանեան ջարդերու 99-ամեակի ոգեկոչում» վերնագիրի տակ տեսանիւթին մէջ պատարագներուն ամփոփումը տրուեցաւ:
Մէկ այլ տեսանիւթով մը ներկայացուեցաւ նաեւ Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ 99-ամեակի նշումը` շեշտելով քեսապահայութեան տարհանումը:
Իսկ «Սամա» պատկերասփիւռի կայանը «Հայերը թրքական ցաւակցութիւն կը ստանան օսմանեան ջարդերուն 99-ամեակին» վերնագիրի տակ, կարճ տեսանիւթով ներկայացուց ցեղասպանութեան որոշ մանրամասնութիւններ, ակնարկով մը սփռուեցաւ նաեւ ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի մեկնաբանութիւնը:
Սուրիոյ ելեկտրոնային եւ տպագիր լրատուութիւնը նոյնպէս տեղ տուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին: «Նուր» թերթը հրապարակած է Ժաք Ժոզեֆ Աուսիի գրիչով «Ապրիլ 24` մարդկութեան ճակատին խարան» յօդուածը, որ կը մանրամասնէ ջարդերու տուեալները եւ պատասխանատուութիւնը: Իսկ «Ուաթան» թերթը հրապարակեց «Թուրքիոյ յեղաշրջումի թաքուն դէմքը»` Սարգիս Պրունսուզեանի գրիչով:
Պէտք է ըսել, որ սուրիական լրատուական ընդհանուր ներկայացման մէջ փորձ կատարուեցան զուգահեռներ գծելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական եղելութեան եւ ներկայիս Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ վնասակար դերակատարութեան միջեւ` ակնարկելով այն իրողութեան, թէ Քեսապի վրայ թրքական յարձակումները կը յիշեցնեն տարհանման 1915-ի դէպքերը:
Նկատելի էր, որ այս տարի օգտագործուեցան ճշգրիտ եզրեր, ինչպէս «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկային ոճիր է, վաղեմութիւն չի ճանչնար», «Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչման եւ ժխտողականութեան մէջ», «Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմութիւնը կը վկայէ» եւ «Հայերու ցեղասպանութեան եւ տարհանման պատմութիւն» եւ այլն:

