Հայաստանի Նախագահը Ընդունած Է Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւնը

24 ապրիլին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսականներու պատուիրակութիւնը` Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի գլխաւորութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին քոնկրեսականներ Էլիըթ Լանս Էնկըլը, Տէյվիտ Սիսիլինին եւ Լոյս Ֆրենքըլը:

Նախագահը ողջունած է պատուիրակութեան ներկայութիւնը եւ ընդգծած, որ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օրը` 24 ապրիլին քոնկրեսականներուն Հայաստան տրուած այցելութիւնն ու հանդիպումը Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ առանձնայատուկ խորհուրդ ունի: Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համաձայն, ատիկա նախ եւ առաջ ակներեւ վկայութիւն է այն մասին, որ հայ ժողովուրդը միայնակ չէ իր համազգային ողբերգութեան մէջ, ինչ որ մեր ժողովուրդին համար կարեւոր նշանակութիւն ունի: Հանրապետութեան նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին մէջ Հայաստանի բարեկամներուն, որոնց կարգին են Հայաստան այցելած պատուիրակութեան անդամները: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է նաեւ Մեծ եղեռնի 99-րդ տարելիցին օրը անմեղ զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութեան քոնկրեսականներուն հայ ժողովուրդին կողքին ըլլալուն եւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելուն արժէքին:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնած է նաեւ Միացեալ Նահանգներուն` տարիներ շարունակ Հայաստանի տնտեսական զարգացման, բարեփոխումներուն, ժողովրդավարութեան կայացման եւ ամրապնդման աջակցելուն, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ կայունութեան պահպանման նպաստելու, Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ունեցող հարցերուն մէջ աշխուժ ներգրաւուածութեան համար: Սարգսեան վստահեցուցած է, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակելու խորացնել եւ զարգացնել հայ-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Իր կարգին, պատուիրակութեան ղեկավար Էտ Ռոյսն ու անոր ընկերակիցները շնորհակալութիւն յայտնած են Հայաստանի նախագահին` գնահատանքին ու ջերմ խօսքերուն համար եւ նշած, որ պատուիրակութեան կազմին մէջ գտնուող թէ՛ դեմոկրատական, եւ թէ՛ հանրապետական  ներկայացուցիչներուն համար եւս չափազանց կարեւոր է 24 ապրիլին Հայաստան գտնուիլը` լաւ հասկնալով օրուան խորհուրդը: Էտ Ռոյսի համաձայն, եթէ պատմութիւնը ճիշդ ընթացք չունենայ, եթէ պատմութեան դասագիրքերուն մէջ անիկա ճիշդ չներկայացուի, ուրեմն հաստատօրէն կը վտանգուին ապագայի զարգացումները: Յանձնախումբի նախագահին համաձայն, նաեւ այդ նկատառումով, Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը ներառուած է պատմութեան դասագիրքերուն մէջ եւ կը դասաւանդուի դպրոցներուն մէջ:

Քոնկրեսականները պատրաստակամութիւն յայտնած են շարունակելու իրենց ջանքերը` ի նպաստ Հայաստանի զարգացման եւ հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգի առաջնահերթութիւններուն, շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն:

Ամերիկացի Քոնկրեսականները`
Ծիծեռնակաբերդի Մէջ

2404congressmenԱմերիկացի չորս քոնկրեսականներ, որոնք տարիներ շարունակ Թուրքիոյ դատապարտող եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութեան մասին յայտարարութիւններ կատարած են, ինչպէս նաեւ տարբեր բանաձեւեր հեղինակած են, այս տարի 24 ապրիլին իրենց դիրքորոշումը յայտնեցին այլ ձեւով. անոնք եկան Հայաստան` Ծիծեռնակաբերդի մէջ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար:

Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս յիշեցուց Հիթլերի այն խօսքը, թէ «ո՞վ կը յիշէ հայերու բնաջնջման մասին», եւ շեշտեց հետեւեալը. «Մենք կը յիշենք եւ այստեղ ենք` ըսելու համար, որ կանգնած ենք հայ ժողովուրդի կողքին»:

«Եթէ մենք անցեալին ճիշդ գնահատական չտանք, ապագային վերաբերեալ ճիշդ քայլեր չենք կրնար ակնկալել: Այնպէս որ, կարեւոր է, որ մենք անկեղծօրէն խօսինք 1,5 միլիոն հայերու ցեղասպանութեան մասին», լրագրողներուն յայտնեց Ռոյս:

Նոյն յանձնախումբի անդամներէն Տէյվիտ Սիսիլի յայտնեց, որ Ծիծեռնակաբերդէն  կոչ կ՛ուղղէ Թուրքիոյ, որ ճանչնայ պատմական փաստը, որպէսզի հատուցման համար իսկական բանակցութիւնները սկսին:

Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ հայերէն ներում հայցելու կոչին միացան նաեւ քոնկրեսականներ Լոյս Ֆրենքըլ եւ Էլիոթ Էնկըլ: Միացեալ Նահանգներէն ժամանած պատուիրակութիւնը անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ` 23 ապրիլին տարածած յայտարարութեան:

«Կարդացած եմ այդ յայտարարութիւնը, բայց ինծի համար կարեւորը այն է, որ մենք կ՛ընդունինք Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն հայերուն դէմ կատարուածին ամբողջ կարեւորութիւնը», նշեց Ռոյս:

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Քեն Խաչիկեան ընդգծեց, որ իր կարծիքով, ասիկա շատ կեղծաւոր յայտարարութիւն էր եւ Ցեղասպանութեան ժխտումը այլ տեսքով ներկայացնելու այլ փորձ մը: Խաչիկեան աւելցուց, որ ասիկա Ցեղասպանութիւն իրագործելու համար պատասխանատուութենէն խուսափելու այլ միջոց մըն է եւ յառաջընթացի նշան չի նկատուիր:

 

Share this Article
CATEGORIES