Համբարեան. «Օպամա Կեանքի Կը Կոչէ Օտար Պետութեան Կառավարութեան «Փակ Բերանի Քաղաքականութիւնը»

2404Aram HamparianԱմերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան արձագանգած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի ապրիլքսանչորսեան ուղերձին, որուն մէջ Օպամա անգամ մը եւս խուսափած էր 1915 թուականի հայ ժողովուրդի զանգուածային կոտորածները «ցեղասպանութիւն» որակելէ եւ անգամ մը եւս օգտագործած էր «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը:

Արամ Համբարեանի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի. «Նախագահ Օպաման Հայոց ցեղասպանութեան հարցով կը շարունակէ իր քաղաքականութիւնը կարելիութիւն ընձեռելով Թուրքիոյ արգելակելու Ամերիկայի պատասխանը մարդկութեան դէմ իրագործուած այս յանցագործութեան նկատմամբ: Ցաւալի է տեսնել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խոստումով իշխանութեան հասած մեր նախագահը կեանքի կը կոչէ օտար պետութեան կառավարութեան «փակ բերանի քաղաքականութիւնը»` ըսելով, որ մեր երկիրը ի՛նչ կրնայ ըսել ցեղասպանութեան մասին, երբ փաստաթուղթերով հանգամանօրէն փաստուած են մեր երկրի արխիւներուն մէջ:

«Փաստը այն է, որ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւումը կը պահանջէ, որ Անգարան վերջ դնէ իր ժխտումներուն, ընդունի իր բարոյական եւ նիւթական պատասխանատուութիւնը, որուն հիման վրայ ենթարկուի մարդկութեան դէմ իրագործուած եւ տակաւին անպատիժ մնացած յանցագործութեան միջազգային արդար կարգաւորումին:

«Թէեւ կը նշենք, որ նախագահը մասնակցեցաւ այսօրուան ազգային յիշատակումին, սակայն տակաւին հիասթափուած ենք, որ ան անգամ մը եւս դրժեց իր խոստումը եւ չարդարացուց նախորդ նախագահներուն որդեգրած սկզբունքային դիրքորոշումին: Մենք կը շարունակենք թիկունք կանգնիլ Հայոց ցեղասպանութեան եւ բոլոր ցեղասպանութիւններուն Ամերիկայի քաղաքականութիւնը Ամերիկայի ժողովուրդի հիմնարար արժէքներուն համապատասխանեցնելուն»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES