Միջազգային Մամուլը` Էրտողանի Յայտարարութեան Մասին

2404revue-de-presse– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «շուրջ մէկ դար առաջ կատարուած հայերու սպանդին ոգեկոչման օրուան նախօրեակին Հայաստանին աննախադէպ, հաշտուողական պատգամ մը յղեց»: Օրաթերթը կը նշէ, որ բազմաթիւ պատմաբաններ դէպքը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը կը նկատեն եւ անոնց գնահատումով շուրջ 1.5 միլիոն հայեր մահացած են: Օրաթերթը կը գրէ, որ Էրտողան իր պատգամին մէջ ընդունեց, որ տեղահանութիւնը ծանր հետեւանքներ ունեցած է, սակայն չօգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրը:

– ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը գրեց. «Էրտողանի խօսքերը կրնան Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հաշտութեան կարեւոր քայլ մը ըլլալ, պատմութեան մէջ ողբերգական պահու մը շուրջ երկխօսութեան սկիզբը»:

– ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետը ցաւակցութիւն յայտնած է Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին ջարդուած աւելի քան 1 միլիոն հայերուն համար: Օրաթերթը յայտարարութիւնը նկատեց «մեծապէս վիճելի հանգրուանին շուրջ Թուրքիոյ ամէնէն հաշտուողական խօսքը»: «Տը Կարտիըն» կը նշէ, որ Հրանդ Տինքի եղբայրը` Օրհան Տինք, ողջունած է յայտարարութիւնը եւ զայն «շատ կարեւոր քայլ մը» նկատած է: «Եթէ Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն պիտի հաստատուի, ասիկա այդ մէկը կատարելու ամէնէն կարեւոր աղբիւրներէն մէկն է(…): Ոմանք թերեւս ըսեն, որ շատ ուշ կատարուեցաւ, սակայն կարեւորը այն է, որ այս քայլը առնուեցաւ: Այս քայլը պէտք է երկու հասարակութիւնները դէպի բնականոնացում տանի»:

– ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ «Լը Փարիզիեն» օրաթերթը յայտարարութիւնը «Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած քաղաքական երկրաշարժ» որակած է եւ երկրին պատմութեան մէջ աննախադէպ քայլ` ընդգծելով, որ Էրտողան առաջին անգամ ըլլալով 1915-1917-ին տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն նկատմամբ բացայայտ մօտեցում ցուցաբերած է:

– ԱՖՓ գրեց. «1915-ի դէպքերու 100-ամեակէն մէկ տարի առաջ հրապարակուած ցաւակցական ուղերձը պատմութեան մէջ թուրք ղեկավարի մը` տեղի ունեցած դէպքերուն վերաբերեալ առաջին բաց մեկնաբանութիւնն է»:

– «ԷՍՈՇԻԷՅԹԸՏ ՓՐԵՍ» նշեց. «Թուրքիոյ վարչապետը, Թուրքիոյ` ուժգնութեամբ հերքած «ցեղասպանութիւն» եզրը չօգտագործեց: Ատոր փոխարէն «տեղահանութիւն» ըսաւ եւ նշեց, որ ատիկա անմարդկային հետեւանքներ ունեցած է»:

– «ՌՈՅԹԸՐԶ» ցաւակցական հաղորդագրութիւնը «անսպասելի» որակեց:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը լուրը վերնագրեց հետեւեալ ձեւով. «Էրտողան ցեղասպանութիւնը չի ճանչնար, սակայն ընտանիքներուն ցաւակցութիւն կը յայտնէ»:

– ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ «Հաարեց» օրաթերթը նշեց, որ Էրտողան 1915-ի դէպքերը «անմարդկային» նկատած է եւ Թուրքիոյ ոեւէ այլ վարչապետէ աւելի հաշտուողական ոճ օգտագործած է: Թուրք պաշտօնատար մը օրաթերթին յայտնած է, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ թուրք վարչապետ մը այսպիսի բացայայտ ցաւակցութիւն յայտնած է: Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, սակայն, որ յստակ չէ, եթէ ատիկա բաւարար պիտի ըլլայ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու համար:

 

 

Share this Article
CATEGORIES