Ուաշինկթըն Ողջունած Է Էրտողանի «Պատմական» Յայտարարութիւնը

2304PsakiՈւաշինկթըն ողջունած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 23 ապրիլին հրապարակած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ցաւակցութիւն կը յայտնէր 1915-ի ընթացքին զոհուած հայերու ժառանգորդներուն:

«Մենք կ՛ողջունենք վարչապետ Էրտողանի կողմէ 1915-ի ընթացքին հայերու կրած տառապանքներու պատմական փաստի հրապարակաւ ընդունումը», ըսած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ ապագային տեղի կրնայ ունենալ փաստերու ամբողջական ու արդարացի ճանաչման դէպք, ինչ որ կը նպաստէ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման:

Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ ողջունած է հայերուն վերաբերեալ Էրտողանի յայտարարութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ ատոր նոյն ոգիով քայլեր պիտի յաջորդեն:

Ան «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Կ՛ողջունեմ վարչապետ Էրտողանի յայտարարութիւնը հայերուն վերաբերեալ, հաշտեցումը Եւրոպական Միութեան կարեւոր արժէքներէն մէկն է: Յոյսով եմ` այս ոգիով քայլեր պիտի յաջորդեն»:

Միւս կողմէ, թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ. Հապեր» կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու մեկնաբանելով Էրտողանի յայտարարութիւնը նշած է. «Պատմութիւնը միայն սեւ ու սպիտակ գիծերէ չէ բաղկացած: Մոխրագոյն տարածքին մէջ իւրաքանչիւրը պէտք է առաքինութիւն ունենայ անցեալի տառապանքներու ցաւը կիսելու: Այսօրուան յայտարարութիւնը միաժամանակ նաեւ կոչ է: Յոյսով ենք, որ այդ կոչը անպատասխան չմնայ»:

Նշենք, որ ըստ թրքական «Էն Սոն Հապեր» կայքին, յայտարարութեան հեղինակը Տաւութօղլուն է:

 

Share this Article
CATEGORIES