Թրքական Մամուլը` Էրտողանի Յայտարարութեան Մասին
– «ՍԱՊԱՀ» օրաթերթը «Իւրայատուկ հաշտութիւն» խորագիրով իր տեղեկատուութեան մէջ կը նշէ, որ աշխարհահռչակ օրաթերթեր եւ պատկերասփիւռի կայաններ գովաբանած են Էրտողանի «պատմական ցաւակցութիւնը»: Օրաթերթը նաեւ կը նշէ, որ Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեան յայտնած է. «Կ՛ողջունենք ցաւակցութիւնը, որ մեր ցաւերը կ՛ամոքէ»: Արամ արքեպիսկոպոսին նշեալ խօսքը նաեւ կը մէջբերէ «Ռատիքալ»-ը:
– «ՍԹԱՐ» օրաթերթը «Ռութինը խախտող քաջարի քայլ» խորագիրը կրող տեղեկատուութեան մէջ կ՛ընդգծէ. «Էրտողանի` ցաւակցութիւն յայտնելը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նոր հանգրուանի մը սկիզբն է»:
– «ՄԻԼԼԻՅԷԹ» «Այժմ գնդակը իրենց դաշտին մէջ է» խորագիրը կրող իր յօդուածին մէջ կը նշէ, որ Էրտողան կը յայտնէ, թէ իրենք յաւելեալ մարդկայնական ժեսթեր պիտի կատարեն, եւ Հայաստանի ուղղած է այն պատգամը, թէ «այժմ գնդակը ձեր դաշտին մէջ է»:
– «ՀԻՒՐՐԻՅԷԹ» «9 լեզուներով պատմական պատգամ» խորագիրը կրող իր տեղեկատուութեան մէջ կը գրէ, որ Էրտողանի «պատմական պատգամը» հայերուն ձիթենիի ճիւղ կ՛երկարէ:
– ԱՅԼ օրաթերթեր կը կրեն հետեւեալ խորագիրները. «Վաթան»` «Պատմական ցաւակցութիւն», «Սթար»` «Ամէնէն քաջարի ցաւակցութիւնը» եւ «Հապեր Թիւրք»` «1915-ին համար առաջին ցաւակցութիւն»:

