«Էրտողանի Արտաբերած «Ընդհանուր Ցաւի» Թեզը Անմտութիւն Է» Կ՛ըսէ Քեն Խաչիկեան

171981Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի 23 ապրիլին կատարած յայտարարութիւնը երեսպաշտութիւն էր: Ատիկա թրքական կառավարութեան ժխտողական քաղաքականութեան շարունակութիւնն է, անոր վերադասաւորուած տարբերակը: Այս մասին 24 ապրիլին «Արմէնփրես»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի նախագահ Քեն Խաչիկեան:

«Էրտողանի մեկնաբանութիւնը «ընդհանուր ցաւի» մասին պարզապէս անմտութիւն է: Անոր նախահայրերը սպաննած են մեր նախահայրերը, եւ հոս «ընդհանուր ցաւի» մասին խօսք չի կրնար ըլլալ. ասիկա հայերուն ցաւն է: Ժամանակն է, որ Թուրքիան ճանչնայ եւ պատասխանատուութիւն վերցնէ Հայոց ցեղասպանութեան համար», նշեց Խաչիկեան:

Share this Article
CATEGORIES