Տաւութօղլու. «1915-ի Դէպքերուն Վերաբերեալ Յայտարարութիւնը Պէտք Չէ Իբրեւ Թուրքիոյ Թուլութիւնը Ընկալել»

2404DavutogluԹուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է. «Թուրքիոյ ցաւակցութիւնները հայերու հասցէին, որոնք զոհուած են 1915-ի իրադարձութիւններուն պատճառով, թուլութեան նշան չեն, այլ բարձր մշակոյթի ցուցանիշ»:

Ըստ անոր, իւրաքանչիւր ժողովուրդ յիշողութիւն ունի, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ 1915-ի իրադարձութիւնները պէտք է օգտագործուին քաղաքական նպատակներով:

Ան նշած է, որ իրենք Հայաստանէն ցաւակցութիւն չեն ակնկալեր սպաննուած թուրք դիւանագէտներուն համար:

Միւս կողմէ, «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը 24 ապրիլին որոշած է թրքական անձնագիրներ յանձնել ժառանգորդներուն այն հայերուն, «որոնք երկիրը լքած են 1915-ի իրադարձութիւններուն ժամանակ»: Այժմ նախարարաց խորհուրդն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛աշխատին այդ հարցին վրայ: Նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին այդ առաջարկը ներկայացուցած է Տաւութօղլուն:

Share this Article
CATEGORIES