Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Առիթով. «Այգ» Համերգ Պիտի Տայ Կիպրոսի Մէջ

AYK-in-GibrosԵրէկ երեկոյեան թռիչքով Համազգայինի «Այգ» երիտասարդական երգչախումբն ու նուագախումբը մեկնեցան Կիպրոս, ուր կիրակի, 27 ապրիլին, Լարնաքայի քաղաքապետարանի սրահին մէջ  պիտի մատուցեն համերգ մը` ղեկավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի եւ դաշնակի նուագակցութեամբ Կամիլա Քէշիշեանի:

Երգչախումբին կ՛ընկերանան վարչական պատասխանատուներ եւ ժողովրդական նուագարաններէ կազմուած նուագախումբը:

Համերգը կազմակերպուած է Լարնաքայի Հայ կեդրոնին կողմէ` հովանաւորութեամբ Լարնաքայի քաղաքապետ Անտրէաս Լուրուցիաթիսի:

Հայ թէ օտարալեզու խմբերգներէ կազմուած համերգը պիտի նուիրուի Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին:

«Այգ» երգչախումբը Լիբանան պիտի վերադառնայ կիրակի գիշեր:

Share this Article
CATEGORIES