Գաղութէ Գաղութ (Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակ)

Սուրիա

Պայքարի Միասնական Ոգիով`  Հալէպահայութիւնը
Կեդրոնական Հանդիսութեամբ Ոգեկոչեց
Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը

2404halebՀինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014-ի առաւօտեան Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ, նախագահութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանին, մասնակցութեամբ` Հայ աւետարանական եւ Հայ կաթողիկէ համայնքապետերուն, Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Գրիգորեանին, Ազգային իշխանութեան եւ հալէպահայ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը հնչեցուց ազգային երգեր, միւս կողմէ` պաստառներու վրայ ցուցադրուեցան Հայոց ցեղասպանութեան լուսանկարներ:

Յետ արարողութեան Կրթասիրաց մշակութային միութեան «Զ. Գաբրիէլեան» սրահին մէջ ընթացք առաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին առիթով միջհամայնքային եւ միջմիութենական ոգեկոչման կեդրոնական հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ` հայ երեք հոգեւոր պետերուն եւ կազմակերպութեամբ` հալէպահայ մշակութային միութիւններուն:

Արաբերէն բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարալ Գալայճեան-Սեմերճեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան մարդկային, մշակութային ու նիւթական վնասներուն եւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդը իր պապենական հողերէն տեղահան ընելու իրողութեան:

2404haleb3Հայերէն բացման խօսքը արտասանեց Վաչէ Տիշոյեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը սպաննուեցաւ բայց չմեռաւ, այլ հրաշափառ յարութեամբ շարունակեց իր գոյութիւնը:

Այնուհետեւ հայրենասիրական երգերով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ` Յարութ Ալապոզանեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ` Ռուզան Պարսումեանի: Ապա Զանի Նազարեան  ասմունքեց Սիամանթոյի «Յաղթանակ մը» քերթուածը:

Օրուան բանախօս Նշան Օղիկեան ըսաւ. «Այսօր, ապրող հայ սերունդները կանգ կ՛առնեն աշխարհին եւ մարդկութեան յիշեցնելու, թէ հայ ժողովուրդի դարաւոր հայրենիքի մեծ մասին բռնագրաւումը եւ թրքացման հետեւողական ճիգերը, բիւրաւոր մարդկային զոհերու ողբերգութեան կողքին, ստեղծած են նաեւ քաղաքական ողբերգութիւն մը` հայը զրկելով իր սեփական հայրենիքէն:

«Միլիոնաւորներ զոհ տուած եւ հող կորսնցուցած հայ ժողովուրդը այսօր անգամ մը եւս կը յիշեցնէ աշխարհին, որ չլուծուած դատ մը ունի թուրք պետութեան դէմ եւ այդ դատին պահանջատէրը պիտի մնայ ինք` մինչեւ արդար հատուցում»:

Հայ երեք հոգեւոր պետերուն անունով խօսք առաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նախ եւ առաջ ամբողջ հայութեան եւ յատկապէս սուրիահայութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց սուրիացի ժողովուրդին եւ շեշտեց, որ հայութիւնը վճռած է շարունակել իր գոյութիւնը եւ մարդկութեան ներկայանալ ոչ միայն զոհի կերպարով, այլեւ իբրեւ յարուցեալ եւ պայքարող ժողովուրդ:

Ցեղասպանութեան 99-Ամեակի Նշում
Լաթաքիոյ Մէջ

2404Latakia4Հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2014-ին Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակին նուիրուած Ս. պատարագ, ապա եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող Մեծ եղեռնի յուշակոթողին դիմաց  հոգեհանգստեան պաշտօն` հոծ բազմութեան ներկայութեան:

Այնուհետեւ ներկայ ժողովուրդը բարձրացաւ «Արարատ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ Լաթաքիոյ հայկական միութիւններու համատեղ աշխատանքով կազմակերպուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկը:

Հանդիսավար Հուրի Տէիրմենճեան-Գարամարտեան ներկայացուց բացման խօսքն ու յայտագիրը:

Արաբերէն լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Յովհաննէս Խաչատուրեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով Պերճ Երէցեան մեներգեց Գուսան Աշոտի «Ձախորդ օրերը» երգը, ապա ելոյթ ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի «Գարուն» երգչախումբը, խմբավարութեամբ` Պերճ Երէցեանի: Ռիթա Կաղեան-Տիքպիքեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ եղեռնական» քերթուածը, իսկ Դուին Նազարեան Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» քերթուածը:

Ժանօ Մանճիկեան դաշնակի վրայ մեկնաբանեց «Կիլիկիա» երգը, իսկ Վագօ Կարճիկեան մեներգեց «Զարթիր որդեակ»-ը: Այնուհետեւ Պատանեկան միութենէն խումբ մը պատանիներ ներկայացուցին «Ճակատագիր» խորագիրով թատերական ներկայացում մը` նուիրուած հայ վրիժառու բազուկներուն եւ նուիրեալ ու մարտունակ հայ երիտասարդներուն: ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի անդամները հանդէս եկան «Մուշ» հայկական պարով:

Օրուան բանախօսն էր այս առիթով Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն յատուկ ժամանած Արտակ աբեղայ Արապեան, որ Ցեղասպանութեան համառօտ նկարագրութիւնն ու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան հիմքերը ներկայացնելէ ետք շեշտեց, թէ Սուրիոյ տագնապի օրերուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսն ու Կիլիկիոյ թեմը միշտ նեցուկ կանգնեցան ու պիտի շարունակէ կանգնիլ սուրիահայութեան եւ այս օրերուն յատկապէս քեսապահայութեան:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան:

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ Գառնիկ քհնյ. Չափանեանի պահպանիչով:

2404latakia1Երեկոյեան, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ եւ «Շանթ» մասնաճիւղի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ոգեկոչական ձեռնարկ մը Լաթաքիոյ ՍՕԽ-ի ակումբին մէջ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մարիա Նազարեան, որ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան` տէր կանգնելու պատմական մեր իրաւունքներուն:

Ձեռնարկի ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան հետեւեալ անդամները` ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ Դանիէլ Դանիէլեան, կիթառի նուագակցութեամբ` Ռազմիկ Մելքոնեանի, ինչպէս նաեւ Նարեկ Առաքելեան: Ճէյմս Պետիրեան ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Ահաւոր բան մը» քերթուածը, ՍԵՄ-ի «Կայծակ» մասնաճիւղի անդամները ներկայացուցին «Մուշ» պարը:

Այնուհետեւ խումբ մը երիտասարդներ ներկայացուցին Ա. Ահարոնեանի «Վազրիկ» պատմուածքին բեմականացումը:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Գառնիկ քհնյ. Չափանեանի պահպանիչով:

 

Թուրքիա

Անգարայի Եւ Պոլսոյ Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան
99-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկներ

 

2404bolis124 ապրիլին, Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնական պողոտային վրայ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն մասնակցած են քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ասորի երեսփոխան Էրոլ Տորա, Անգարայի Մտքի ազատութեան նախաձեռնութեան ներկայացուցիչ Մահմութ Քոնուք, «Իսմայիլ Պեշիքչի» հիմնարկի պատուոյ նախագահ, ազգագրագէտ դոկտ. Իսմայիլ Պեշիքչի:

Հաւաքին մասնակիցները «Ճանաչում Հայոց ցեղասպանութեան» խորագրուած ցուցապաստառին առջեւ կարդացած են մամլոյ յայտարարութիւն մը: Հաւաքին մասնակիցները բարձրացուցած են Հրանդ Տինքի եւ 24 ապրիլ 2011-ին թրքական զօրամասի մը մէջ զինուորական պարտադիր ծառայութեան ընթացքին սպաննուած պոլսահայ Սեւակ Պալըքչըի լուսանկարները:

2404Dora(ankara)Հինգերորդ անգամն ըլլալով Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւն: Ոգեկոչման նախաձեռնութիւնները ընթացք առին Հայտար փաշա երկաթուղային կայարանէն, ուր 24 ապրիլ 1915-ին մահուան կ՛առաջնորդուէին 220 հայ մտաւորականներ: Նստացոյցին մասնակիցները կը կրէին հայ մտաւորականներու նկարները: Խօսք առին Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներու միութեան, «Ո՛չ ըսէ խտրականութեան ու ցեղապաշտութեան» միութեան, Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, Եւրոպական ժողովրդական հակացեղապաշտական շարժման ներկայացուցիչները:

Այնուհետեւ Շիշլիի հայկական գերեզմանատան մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Սեւակ Շահին Պալըքճին յիշատակին, որ երեք տարի առաջ 24 ապրիլին սպաննուեցաւ բանակին մէջ: Ձեռնարկներուն շարքը աւարտին հասաւ Թաքսիմի հրապարակին վրայ:  Թուրքիոյ մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան առջեւ` Իսթիքլալ պողոտային սկիզբը հաւաքուած էին Թուրքիոյ քաղաքացիներ, սփիւռքէն ժամանած հայեր: Կազմակերպիչները իրենց խօսքին մէջ մէկ առ մէկ նշեցին երկրի երեսէն բնաջնջուած հայկական շրջաններուն ու մահուան ուղիով քշուած հայ մտաւորականներուն անունները: Ձեռնարկը, որուն ամբողջ ընթացքին կը հնչէին հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդական երգեր, տեւեց գրեթէ մէկ ժամ եւ աւարտեցաւ կազմակերպիչներուն կոչով` յաջորդ տարի նոյն վայրին մէջ հանդիպելու եւ Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը նշելու:

Նախաձեռնութեան ընթացքին Ժողովուրդի փրկութեան կուսակցութեան շուրջ 2 տասնեակ անդամներ` դրօշներով, քիչ մը հեռուէն վանկարկումներով հանդէս եկան: Ոստիկանութիւնը թոյլ չտուաւ, որ երկու խումբերուն միջեւ բախում ըլլայ:

 

Միացեալ Նահանգներ

 Հայորդիներու Հոծ Բազմութիւն Մը Ցոյց Կատարեց
Լոս Անճելըսի Թրքական Հիւպատոսարանին Առջեւ

2404LA-(2)Հինգշաբթի, 24 ապրիլին, Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ այս տարի ցուցարարներու թիւը աննախընթաց էր: Յատկանշական էր երիտասարդներու մեծ թիւ մը: Նաեւ պէտք է նշել, որ նկատելի էր Հոլիվուտի քայլարշաւէն ետք թրքական հիւպատոսարանի ցոյցին մասնակցելու եկած երիտասարդներու թիւը:

Մայթէն դուրս ողողած ցուցարարները ամբողջ երկու ժամ բարձրաձայն վանկարկեցին պահանջատիրական կարգախօսներ:

Ցոյցը աւարտեցաւ քաղաքական հաւաքով, որուն ընթացքին խօսք առին Լոս Անճելըսի Քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փոլ Գրիգորեան, Մոնթեպելլօ քաղաքի քաղաքապետի պաշտօնակատար Ճաք Հաճինեան, ՀԵԴ-ականներ Սերոբ Աբրահամեան եւ Սանան Շիրինեան: Բոլոր ելոյթներուն մէջ ընդգծուեցաւ պահանջատիրական պայքարը վճռականօրէն շարունակելու ոգին:

«Թուրքիան թող իմանայ, որ հայերը ոչնչացնելու իր ծրագիրը ձախողած է», պատգամեցին խօսք առնողները:

Նշենք, որ Դաշնակցական երիտասարդները այս տարի այս ցոյցին կողքին, ձեռնարկած են նաեւ 24 ժամուան ցուցական արարքի մը` մնալով հիւպատոսարանի հարեւանութեամբ, որպէսզի ապրիլ 24-ին ընդհանրապէս գրասենեակէն փախուստ տուող հիւպատոսը պարտադրուած ըլլայ դիմագրաւելու ցուցարարները:

 

Ռուսիա

Բազմամարդ Հանրահաւաք` Մոսկուայի Մէջ

2404MOSCOWՄոսկուայի «Քրասնոփրեսնենսքայա զասթաւա» հրապարակին վրայ 24 ապրիլին տեղի ունեցաւ բազմահազարանոց հանրահաւաք` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին:

Ռուս-հայկական համագործակցութեան կազմակերպած հանրահաւաքը, բաղդատմամբ տարբեր տարիներու, աւելի բազմազգի բնոյթ ունէր եւ համախմբած էր աւելի շատ անձեր ու կազմակերպութիւններ: Ռուսահայութեան պահանջներուն իրենց աջակցութիւնը յայտնելու եկած էին յունական, լեզկիական, քրտական եւ ասորական համայնքները: Հանրահաւաքին կը մասնակցէին Ռուսիոյ խորհրդարանի անդամներ, ռուսական հասարակական մեծ կազմաւորումներու ներկայացուցիչներ, քաղաքագէտներ:

Հանրահաւաքին բացումը կատարելով` Մոսկուայի Ռուս-հայկական համագործակցութիւն կազմակերպութեան նախագահ Եուրի Նաւոյեան ընդգծեց Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնը իբրեւ անհրաժեշտ պայման` այդ ոճիրը մարդկութեան կեանքէն արմատախիլ ընելու, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդի անվտանգութիւնը ապահովելու համար:

Ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան փաստին ճանաչումը կը բխի ոչ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլեւ ամբողջ շրջանի եւ աշխարհի շահերէն: Ան ընդգծեց, որ Թուրքիոյ պատասխանատուութեան հարցը ոչ այնքան պատմական է, որքան արդիական եւ ապագային ուղղուած: Հայկական բանակի ստեղծողներէն մէկը` զօրավար Տէր Գրիգորեանց իր խօսքին մէջ զուգահեռներ գծեց 20-րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ պահուածքին եւ Սուրիոյ Քեսապ քաղաքի իրադարձութիւններուն միջեւ, երբ գրոհայինները յարձակեցան Թուրքիոյ տարածքէն: Այդ պետութիւնը, ինչպէս հարիւր տարի առաջ, զինուորական գործողութիւններու պատրուակի տակ նպատակ ունի ոչնչացնելու Սուրիոյ հայ բնակչութիւնը:

Միւս կողմէ, Տիգրան Մանսուրեանի` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին գրուած «Ռեքիուեմ»-ը այս տարի առաջին անգամ ըլլալով հնչեց Ս. Փեթերսպուրկի մէջ: Սմոլնի տաճարին մէջ տեղի ունեցած համերգով սկսաւ Մեծ եղեռնի 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը Ռուսիոյ հիւսիսային մայրաքաղաքին մէջ:

Քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման վերաբերեալ ձեռնարկուեցաւ այլ կարեւոր քայլ մը եւս: Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոս Հրայր Կարապետեան ընդգծեց, որ Ս. Փեթերսպուրկի օրէնսդիր մարմինի օրէնսդրական կոմիտէին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ որոշում մը, որ կը վերաբերի Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տօներու եւ յիշատակի օրերու օրէնքին մէջ փոփոխութեան, որպէսզի Ապրիլ 24-ը այսուհետեւ նկատուի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր: Ըստ հիւպատոսին, խնդիրը պէտք է քննարկուի օրէնսդիր մարմինի լիագումար նիստին: Ան շեշտեց, որ ուշի ուշով կը հետեւի հարցին եւ յոյս ունի, որ որոշումը կ՛ընդունուի:

 

Ֆրանսա

Մարսէյի Հայութիւնը Տարբեր Նախաձեռնութիւններով
Կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութեան 99-Ամեակը

2404Marseilles102404Marseilles23 ապրիլի երեկոյեան Մարսէյի երիտասարդական կառոյցներուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ջահերով քայլարշաւ դէպի Մարսէյի կեդրոնական պողոտայ, ապա` ծովեզերք: Երթին մասնակիցները ծովեզերքը իրենց մոմերով գծեցին խաչքար մը եւ 1915 թուանշանը: Պատանիները երգեցին յեղափոխական երկու երգեր, ֆրանսական թատերական խումբ մը Ցեղասպանութեան վերաբերող կենդանի պատկեր մը ներկայացուց: Երիտասարդական միութիւններուն կողմէ այս առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ, որ հակառակ տասնամեակներուն, պայքարը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ Թուրքիա ընդունի իր գործած ոճիրը եւ հատուցում կատարէ:

24 ապրիլին Մարսէյի հայաշատ թաղամասին մէջ կատարուեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, որմէ ետք ժողովուրդը ուղղուեցաւ դէպի հայկական յուշարձան, որ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտն է, սակայն կրակին փոխարէն ջուր կը հոսի: Մինչ այդ, ճամբուն ընթացքին երիտասարդները կը բացագանչէին տարբեր կարգախօսներ` արդարութիւն պահանջող, թուրքին ոճիրը լուսարձակի տակ առնող: Յուշարձանին շուրջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն հոգիներուն համար: Անկէ ետք ներկայացուեցան երկու բանաստեղծութիւններ` հայերէնով եւ ֆրանսերէնով: Ապա ծաղիկներ զետեղուեցան հոսող ջուրին շուրջ:

2404Marseilles11Աւելի քան հազարի հասնող հայորդիներուն կողքին ձեռնարկին մասնակցեցան նաեւ Միութիւն յանուն ժողովրդական շարժման կուսակցութեան երեսփոխան Վալերի Պուայէ եւ ֆրանսացի այլ անձնաւորութիւններ:

Աւելի ուշ շուրջ 2500-ի հասնող հայորդիներ, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ երիտասարդներ, ինքնաշարժներով տողանցեցին դէպի թրքական դեսպանատուն տանող պողոտային վրայ: Ճչակներով եւ կարգախօսներով, նաեւ պայթուցիկներ արձակելով ինքնաշարժները հասան դեսպանատուն, սակայն ոստիկանները արգիլեցին անոնց յառաջխացքը` շուրջ 50 մեթր առաջ ճամբան գոցելով: Այս ինքնաշարժներով երթը գրաւեց հանրութեան եւ լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը:

Անկէ ետք երթին մասնակիցները լսեցին ֆրանսահայ միութիւններու համադրող մարմինի նախագահին խօսքը, որուն մէջ ան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան փաստին` ներկայացնելով նաեւ սպանդներու ենթարկուած այլ ժողովուրդներուն ճակատագիրը: Ան անդրադարձաւ Էրտողանի կեղծ պատգամին, Քեսապի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մէջ թրքական մեղսակցութեան:

 

Քուէյթ

Ապրիլեան Ոգեկոչում Եւ Հսկում`
Քուէյթի Մէջ

2404Kuweit2Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քուէյթի «Քրիստափոր» երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններուն, չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան եղեռնի զոհերու յիշատակի ոգեկոչման հսկումը, որուն ներկայ էին Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան, Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, դեսպանատան առաջին քարտուղար Արմէն Սարգսեան, ինչպէս նաեւ ազգային մարմիններու եւ Քուէյթի գաղութի տարբեր միութիւններու ներկայացուցիչներ ու մեծ թիւով քուէյթահայեր:

Յատկանշական եւ խորհրդաւոր ձեռնարկի մը ընթացքին ելոյթ ունեցաւ պատանեկան միութեան երգչախումբը, ընկերակցութեամբ` երաժշտական եռեակին` Շանթ Դանիէլեանի (Ա. ջութակ), Թամար Թեմամեանի (բ. ջութակ) եւ Հայկուհի Բազեանի (դաշնակ):

2404Kuweit5Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման պատգամը փոխանցեց Մեսրոպ Թասլաքեան, որուն խօսքէն ետք խումբ մը պատանիներ ասմունքեցին «Թուղթ առ Երեւան»-էն հատուած մը եւ հնչեց «Հայաստան երկիր դրախտավայր» երգը:

Աւարտին հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպույեան:

Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղակայուած խաչին մօտ կաթողիկոսական փոխանորդ հայր սուրբն ու Հայաստանի դեսպանը ծաղկեպսակ զետեղեցին, ապա տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Իսկ հինգշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտեան Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ի յիշատակ ապրիլեան զոհերուն, տեղի ունեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ եւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

 

Եգիպտոս

 Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ
Տարելիցի Ոգեկոչում` Եգիպտոսի Մէջ

2404yekibdosՀայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները Եգիպտոսի մէջ սկսան 23 ապրիլի երեկոյեան «Յուսաբեր» ակումբին մէջ տեղի ունեցած աւանդական մոմավառութեան արարողութեամբ եւ «Ցեղասպանութեան որբերը» ժապաւէնին ցուցադրութեամբ: Այնուհետեւ` իբրեւ հայ ժողովուրդի վերածնունդի խորհրդանիշ` եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Մելքոնեան ծառ տնկեցին ակումբի բակին մէջ:

Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին Ս. պատարագ  մատուցուեցաւ եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ Գահիրէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ալեքսանդրիոյ Ս. Պօղոս-Պետրոս եւ Հելիոպոլիսի Հայ կաթողիկէ Ս. Թերեզ եկեղեցիներուն մէջ: Աշոտ եպս. Մնացականեան եւ դեսպան Մելքոնեան համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն եւ եգիպտահայ համայնքի բազմաթիւ անդամներուն ընկերակցութեամբ ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ գտնուող խաչքարին առջեւ:

2404yekibdos1Նոյն օրը եգիպտական Ազատ եգիպտացիներ ազդեցիկ քաղաքական կուսակցութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ սեմինար` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման` «Մենք կը յիշենք 1915 թուականը» խորագիրով: Սեմինարին հիմնական բանախօսներն էին կուսակցութեան գլխաւոր քարտուղար Մահմուտ Ալալին, ցեղասպանագէտ Մոհամետ Ռեֆաթ Իմամը, միջազգային իրաւունքի փրոֆեսէօր Այման Սալաման եւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեանը, որոնք հանգամանալից կերպով խօսեցան Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան, անոր միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութեան եւ Թուրքիոյ մերժողական քաղաքականութեան անընդունելիութեան մասին: Սեմինարի մասնակիցներուն կարդացուեցաւ Հայաստանի դեսպանին ողջոյնի խօսքը, որուն մէջ շնորհակալութիւն կը յայտնուէր Ազատ եգիպտացիներ կուսակցութեան ղեկավարութեան` 23 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեամբ հանդէս գալու համար: Դեսպանը նաեւ արտայայտեց Հայաստանի դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հարցին գծով: Սեմինարին ընթացքին, որուն ներկայ էին Ազատ եգիպտացիներ կուսակցութեան բազմաթիւ անդամներ, քաղաքական¬հասարակական գործիչներ, լրագրողներ եւ եգիպտահայ համայնքի ներկայացուցիչներ,  ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած կարճատեւ ժապաւէն մը:

Share this Article
CATEGORIES