Բարձրաստիճան Ղեկավարութիւնը Եւ Հազարաւոր Հայորդիներ Այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Լուսանկարը՝ Գաբրիէլ Փանոսեանի

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, հինգշաբթի, 24 ապրիլին Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութիւնը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց 1915 թուականի Օսմանեան Թուրքիոյ իրականացուցած ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Անմար կրակին մօտ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարեց հոգեւոր դասը, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ գլուխ խոնարհեցին եւ վայրկեան մը լռութեամբ յարգեցին սպաննուած 1,5 միլիոն հայերու յիշատակը: Ծիծեռնակաբերդի բարձունք եկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան` Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանի հետ, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, զինեալ ուժերու բարձրագոյն սպայակազմը, քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներ, հայրենակցական միութիւններու, հասարակական կազմակերպութիւններու անդամներ: Առաւօտեան կանուխ ժամերէն բիւրաւոր հայորդիներ այդ օրը այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու անմեղ զոհերու յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES