Օպամա 6-րդ Անգամ Ըլլալով Խուսափեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրէն
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա նախագահական պաշտօնը ստանձնելէն ի վեր արդէն 6-րդ անգամ ըլլալով ամերիկահայութեան յղած ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ խուսափեցաւ «ցեղասպանութիւն» եզրը օգտագործելէն եւ դարձեալ գործածեց միայն «Մեծ եղեռն» արտայայտութիւնը:
Դարձեալ կիսելով 1.5 միլիոն կոտորուած կամ մահուան երթի քշուած հայերու տառապանքը եւ ընդգծելով, որ ատիկա տեղի ունեցած է Օսմանեան կայսրութեան վերջին տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը նշէ. «Ես յստակ կերպով յայտնած եմ կարծիքս, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915-ին, եւ կարծիքս չեմ փոխած: Մեր բոլորին շահերէն կը բխի փաստերու ամբողջական, անկեղծ ու արդար ճանաչումը»:
Նախագահ Օպամա կ՛ողջունէ, իր խօսքով, այն խիզախ հայերն ու թուրքերը, որոնք իրենց կառավարութիւններուն, ներառեալ` իր աջակցութեամբ, կը փորձեն հաշտուիլ պատմական անցեալի մութ էջերուն հետ:

