Հոլլանտ Քննադատած Է Էրտողանի Յայտարարութիւնը Եւ Խոստացած Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Երեւան Ըլլալ

2404HollandeԹրքական «Սոնտաքիքա» կայքը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քննադատած է Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` հայերուն ուղղուած ցաւակցական ուղերձը եւ զայն անբաւարար  նկատած է:

Հոլլանտ Փարիզի մէջ մասնակցած է հայ համայնքին կազմակերպած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման: Կոմիտասի 2003-ին կանգնեցուած արձանին մօտ խօսք արտասանած Հոլլանտ ցաւակցած է ցեղասպանութեան զոհերու հարազատներուն: Ան նշած է, որ ցեղասպանութեան 100-ամեակին ոգեկոչման մասնակցելու համար 24 ապրիլ 2015-ին պիտի մեկնի Երեւան:

2404paris1

Share this Article
CATEGORIES