Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Լիբանանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Առջեւ Ուխտեց Մնալ Պահանջատէր Եւ Անզիջող

2404tsouyts24 ապրիլ 2014-ի կէսօրին ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական եւ Զաւարեան ուսանողական միութիւններուն կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց, ուր նկատելի էին ապահովական խիստ քայլեր, որոնց դիմուած էր դեսպանատան պահանջով: Հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ եւ ուսանողներ կոչերով, ազգային-հայրենասիրական երգերով, Եռագոյն եւ Դաշնակցութեան դրօշներ, ինչպէս նաեւ Թուրքիան դատապարտող պաստառներ պարզած` իրենց բողոքը արտայայտեցին թրքական պետութեան դէմ, որուն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը ամբողջութեամբ պարպած էր դեսպանատունը,  իսկ դատարկ դեսպանատան կը հսկէին աւելի քան 450 ոստիկաններ, իսկ դէպի դեսպանատուն տանող բոլոր ճամբաները փակուած էին լիբանանեան բանակին կողմէ:

Դեսպանատան դիմաց ԶՈՄ-ի անունով արաբերէնով խօսք առաւ Ցոլեր Թալաթինեան, որ դիտել տուաւ, թէ 99 տարիները ոչինչ կը փոխեն պատմական ճշմարտութենէն եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ գործադրուած ահաւոր ոճիրէն, որոնց հետեւանքները մինչեւ օրս կը կրէ հայութիւնը` Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի: Ան շեշտեց, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը զայն կը պահէ այժմէական եւ ոչ պատմական` աւելցնելով, որ ներկայիս հայութիւնը ճանաչումէն անդին անցնելով` արդէն հատուցում կը պահանջէ, բան մը, զոր բացարձակապէս կը մերժէ Թուրքիան:

IMG_0576Ց. Թալաթինեան դիտել տուաւ, որ թէեւ Թուրքիա կը փորձէ քաղաքակիրթ եւ զարգացած երկրի դիմակով ներկայանալ աշխարհին, սակայն անոր պատմութիւնը լի է ոճիրներով: Իր խօսքը եզրափակելով` ան հաստատեց, որ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւէն երիտասարդութիւնը անգամ մը եւս կ’ուխտէ մնալ անզիջող ու պահանջատէր:

ԼԵՄ-ի խօսքը արտասանեց Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Հայ դատին անժամանցելիութիւնը եւ անոր պատճառած հսկայական ու անդարմանելի կորուստները` դիտել տալով, որ հայութիւնը կը մնայ պահանջատէր, մանաւանդ որ Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ արժանացած դատավարութեան եւ արդար հատուցումի: Ան յայտարարեց, որ Ցեղասպանութիւնը անժխտելի իրողութիւն է, բան մը, որուն կը գիտակցին այս հարցին հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր պետութիւնները, ինչ որ աւելի յստակ կը դարձնէ այն, թէ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պարզապէս քաղաքական կռիւ է:

Խաչիկ Հրակ Տեմիրճեան շեշտեց, որ այսօր միայն հատուցումն է, որ կարելի կը դարձնէ մեր նպատակներու իրագործումը, անիկա կ’երաշխաւորէ հայոց պետականութեան զարգացումն ու բարգաւաճումը: Անոր համաձայն, այսօր պայքար պէտք է տանիլ Թուրքիոյ ներսէն, պէտք է փորձել թրքական օրէնքները օգտագործել` ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքներուն: Աւարտին, ան հաստատեց, որ պայքարը պիտի շարունակուի հարիւրամեակէն անդին ալ, մինչեւ մեր նպատակներու իրագործում եւ Սեւրի դաշնագիրի գործադրութիւն:

IMG_0810Ապա երիտասարդները այրեցին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը խորհրդանշող խրտուիլակ մը:  Հաւաքի ընթացքին օտար լրատուամիջոցներուն դիմաց արաբերէն լեզուով խօսք մը արտասանեց ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան, որ նշեց, թէ հայ ժողովուրդը չ՛ընդունիր Թուրքիոյ վարչապետին` 23 ապրիլին կատարած յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան ցաւակցութիւն կը յայտնէր 1915-ի դէպքերու կապակցաբար: Հաւաքին ներկայ էին նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամները, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին ու դաշնակցական երիտասարդներուն կոչին ընդառաջած հայորդիներ: Շուրջ ժամ մը տեւած հաւաքը աւարտեցաւ «Մենք անկեղծ զինուոր ենք»¬ի եւ «Մշակ բանուոր»-ի երգեցողութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES