«Հայ Ժողովուրդը Ցաւակցութիւն Ու Բարոյախօսութիւն Չէ, Որ Կը Սպասէ Թուրքիոյ Պետութենէն, Այլ` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումն Ու Հատուցումը Կը Պահանջէ» Հաստատեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

2404AramՀինգշաբթի, 24 ապրիլի առաւօտուն, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ  ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Յաւարտ Ս. պատարագին, ներկայ ժողովուրդը համախմբուեցաւ մայրավանքի Նահատակաց մատրան շուրջ, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Ապա, վեհափառ հայրապետը իր պատգամը ուղղեց ներկայ հոծ բազմութեան, որուն մէջ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանը, երեսփոխաններ Նեպիլ Նիքոլա եւ Ղասսան Մուխայպեր, ներկայ եւ նախկին հայ երեսփոխաններ ու նախարարներ, քաղաքական երեք կուսակցութիւններու, ինչպէս նաեւ հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները:

Արամ Ա. կաթողիկոս իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առաւ 99 տարիներ առաջ օսմանեան թուրք պետութեան որոշումով, ծրագրումով ու գործադրութեամբ հայ ժողովուրդին դէմ սկսած ցեղասպանութեան շարունակութեան իրողութիւնը` հաստատելով, որ օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը նկատուող ներկայ Թուրքիան որքան ալ ուրանայ իր գործած ոճիրը, պատմական փաստացի տուեալներ յստակօրէն կը վկայեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմական անհերքելի իրողութիւնը:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ տակաւին անպատիժ կը մնայ ցեղասպանը իր գործած ոճիրին նկատմամբ, երբ անպատժելիութիւնը մերժող ու դատապարտող, արդարութիւնը շեշտող միջազգային օրէնքը ընդունած որոշ երկիրներ աշխարհաքաղաքական նկատումներով չեն ուզեր գլխացաւ պատճառել Թուրքիոյ, երբ տակաւին իբրեւ հետեւանք ցեղասպանութեան` սփիւռքացած կը մնայ հայ ժողովուրդին մէկ կարեւոր մասը: Ան շեշտեց, որ Ցեղասպանութեան ուխտին երկրորդ յօդուածը յստակօրէն կը նշէ, թէ ցեղասպանութիւն է, երբ ժողովուրդ մը արմատախիլ կ’ըլլայ իր հողերէն` դառնալով հայրենազուրկ ու ենթակայ ֆիզիքական կորստեան` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ լուռ կը մնան Ցեղասպանութեան ուխտը ստորագրած եւ այլ պարագաներուն անոր գործադրութեան առնչութեամբ այնքան խստապահանջ 145 պետութիւններէն շատեր:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նեկայացուցիչները

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի նեկայացուցիչները

Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտեց, որ  Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ հայ ժողովուրդի հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ պատմական հողերուն վրայ ծրագրուած եւ հետեւողական կերպով կը քանդուի ցեղասպանին կողմէ, մինչ մշակութային արժէքներու պահպանութեան գծով այնքան բծախնդիր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն անտարբեր կը մնայ, երբ մեր եկեղեցիներն ու վանքերը մզկիթի, ճաշարանի, գործատեղիի կամ զբօսավայրի կը վերածէ նոյն ցեղասպանը. իսկ միւս կողմէ, արեւմտեան աշխարհին ժողովրդավարութեան ու խղճի ազատութեան կեղծ դիմակով ներկայանալու ճիգով,  քանի մը եկեղեցիներ թանգարանի կը վերածէ:

Վեհափառ հայրապետին համաձայն, Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ թուրք պետութիւնը անցեալէն ժառանգուած «լքեալ կալուածներ»-ու թղթածրարը յաջորդական նոր որոշումներով ամրագրած, տակաւին բռնագրաւեալ կը պահէ մեր հազարաւոր եկեղեցիները, վանքերը, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներն  ու մեր ժողովուրդի սեփական տուները, կալուածներն ու ինչքերը: Միթէ միջազգային օրէնքի պաշտպան երկիրներ չե՞ն գիտեր, թէ կալուածներու բռնագրաւումը դէմ է միջազգային օրէնքին, հարցուց Արամ Ա. կաթողիկոս: Արամ Ա. վեհափառը Ցեղասպանութեան շարունակութիւն նկատեց այն, որ Թուրքիան` իր գործակից ու ցեղասպանակից եղբօր` Ազրպէյճանի հետ տնտեսական շրջափակման կ’ենթարկէ Հայաստանը, այս ձեւով իր քաղաքական կամքը պարտադրելու համար Հայաստանի Հանրապետութեան ու ամբողջ հայութեան, նաեւ այն երեւոյթը, որ  զօրաշարժի ենթարկելով իր քաղաքական, դիւանագիտական ու տնտեսական լայն միջոցները, Թուրքիան վերանորոգ թափով կը շարունակէ իր հակահայ քարոզչական արշաւը:

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ

ՀՅԴ Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ

«Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ Թուրքիան նոր Օսմանեան կայսրութիւն մը հաստատելու իր ակնյայտ ծրագիրը հետապնդելով, վարձկաններու ձեռքով կը փորձէ բնաջնջել հայկական ներկայութիւնը Տէր Զօրի, Եագուպիէի, Թել Ապիատի, Ռաս Ուլ Այնի եւ վերջերս Քեսապի մէջ. եւ հաւատարիմ իր ցեղային նկարագիրին, մեր ժողովուրդի տուները ու կալուածները կը բռնագրաւէ եւ մեր զաւակներուն սեփականութիւնը եղող ընտանեկան ու անձնական իրեր բեռնակառքերով կը փոխադրէ Թուրքիա` յիշեցնելով 1915-ի ջարդերը, տեղահանութիւնը, գաղթականութիւնն ու թալանը… եւ սա` 21-րդ դարուն աշխարհի աչքերուն դիմաց…

«Վերջապէս, Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի, երբ Թուրքիան ո՛չ միայն կը մերժէ ճանչնալ իր ծրագրած ու գործադրած ցեղասպանութիւնը, այլ նաեւ պատմութիւնը եղծելով «դաւաճան» ու «անհաւատարիմ» որակումներով կը փորձէ ներկայացնել հայ ժողովուրդը, որ այնքա՜ն կարեւոր դեր ունեցած էր Օսմանեան կայսրութեան բարեծաղկման մէջ, յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ: Ո՞վ հաշիւ պիտի պահանջէ Թուրքիայէն միջազգային դատարանին առջեւ: Ինչո՞ւ արաբական աշխարհը անտարբեր կը մնայ Միջին Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան ու ծաւալապաշտ քաղաքականութեան նկատմամբ: Ինչո՞ւ միջազգային ընտանիքը կը շարունակէ անպատժելիութեան վկայագիր շնորհել Թուրքիոյ` անտեսելով մարդկային, բարոյական եւ իրաւական արժէքներն ու սկզբունքները», հարց տուաւ Արամ Ա. կաթողիկոս:

Պատասխանելով Թուրքիոյ վարչապետին «պատգամ»-ին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Ասիկա պատգամ չէ, այլ արհամարհանք է մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն կտակին նկատմամբ, ասիկա արհամարհանք է իր արդար դատին պաշտպան կանգնած մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ: Պատմական դէպքերու չարափոխութիւնը չի կրնար յաղթահարել պատմութեան անհերքելի ճշմարտութիւնը: Ինչ որ տեղի ունեցաւ 1915 թուականին Թուրքիոյ մէջ, այսպէս կոչուած պատերազմի իբրեւ հետեւանք պատահած դէպքեր չէին, պարոն վարչապետ, այլ ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին դէմ` բառին իրաւական ու քաղաքական հասկացողութեամբ. Ցեղասպանութիւն` կազմակերպուած ու գործադրուած քու նախահայրերուդ` Թալէաթ փաշաներուն ու Էնվերներուն կողմէ իմ նախահայրերուս դէմ: Հետեւաբար, մեր պատասխանը Թուրքիոյ վարչապետին հետեւեալն է. հայ ժողովուրդը իր կեղծ ցաւակցութեան ու կեղծ բարոյախօսութեան կարիք չունի, մենք կը պահանջենք Թուրքիայէն եւ ամբողջ աշխարհէն հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը»:

Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոսը կոչ ուղղեց հայութեան` ըլլալու զգաստ եւ արթուն, որովհետեւ ցեղասպան նո՛յն Թուրքիան է, որ զանազան դիմակներով կը ներկայանայ աշխարհին եւ երբեմն քաղցր ու երբեմն կարծր լեզուով, երբեմն դիւանագիտական մօտեցումով ու երբեմն սպառնալիքով կը փորձէ մոլորեցնել հանրային կարծիքը հայ ժողովուրդի արդար դատին նկատմամբ:

Անդրադառնալով 23 ապրիլի երեկոյեան տեղի ունեցած քայլարշաւին` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Մեծ ուրախութեամբ լսեցի, որ մեր երիտասարդները հաւաքուած են Լիբանանի Նահատակաց հրապարակին վրայ եւ արդարութիւն կը պահանջեն, մեր երիտասարդութիւնը մեր ժողովուրդին հաւատքին, կամքին ու վճռակամութեան բարբառողը կը հանդիսանայ: Ո՞վ պիտի պահանջէ արդարութիւն միջազգային դատարանին առջեւ` ցեղասպան Թուրքիայէն: Թող արաբական աշխարհը արթննայ, երբ ցեղասպան թուրքը զանազան միջոցներով կը թափանցէ Միջին Արեւելքի մէջ, եւ տակաւին կը գտնուին անձեր` Լիբանանէն սկսեալ, որոնք զանազան նկատառումներով չեն ուզեր վշտացնել Թուրքիան: Մենք այս կեցուածքներուն նկատմամբ հաւաքական մէկ կեցուածք ունինք` Հայաստանէն մինչեւ Ղարաբաղ, մինչեւ Լիբանան եւ ի սփիւռս աշխարհի, եւ այդ կեցուածքը 99 տարիներ մենք արտայայտեցինք եւ պիտի շարունակենք վերանորոգ հաւատքով, վառ տեսիլքով, միասնական ոգիով, պահանջատիրական մեր պայքարը կը շարունակուի արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ: Ա՛յս է մեր նահատակներուն նուիրական կտակը, եւ այսօր մենք հաւաքաբար մեր ուխտը կը վերանորոգենք` հաւատարիմ մնալու մեր նահատակներու սրբազան կտակին եւ մեր ժողովուրդի արդար պահանջատիրութեան», եզրափակեց Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը:

Աւարտին ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ` ՀՄԸՄ-ի սկաուտները տողանցեցին մայրավանքի շրջափակին մէջ: Այս առիթով սկաուտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը ՀՄԸՄ¬ը նկատեց դպրոց մը, ուր մենք կը ստանանք մեր բարոյական, ազգային արժէքները, աւանդութիւնները, անոնցմով կ’աճինք, ուր կը լեցուինք այնպիսի ոգիով, որ հայկական է եւ մեր մէջ հայութիւնը աւելիով կ՛ամրապնդէ:

Վեհափառ հայրապետը շեշտեց, որ մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին մէջ մեծ տեղ ունեցած է ՀՄԸՄ-ը ամէնուրեք, ուստի, ան կոչ ուղղեց ՀՄԸՄ-ականներուն` հայկական ոգիով, գիտակցօրէն, յանձնառու կերպով շարունակելու իրենց մասնակցութիւնը հայ ժողովուրդի պայքարին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES