Անդրադարձ. Անբաւարար Քայլ Եւ Անտեղի Ակնկալութիւն
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 23 ապրիլին հրապարակեց յայտարարութիւն մը` Թուրքիոյ պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ առաջինը, որ ցաւակցութիւն կը յայտնէր «1915-ին մահացածներուն» թոռներուն: Էրտողանի յայտարարութիւնը խորքին մէջ շարունակութիւնն է 12 դեկտեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի Երեւանի մէջ թուրք լրագրողներու հետ հանդիպումին ընթացքին կատարած այն յայտարարութեան, թէ «տեղահանութիւնը, որ ես Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուած բացարձակ սխալ կը նկատեմ, անմարդկային էր»:
Էրտողանի յայտարարութիւնը պէտք է դիտել Թուրքիոյ` Հայոց ցեղասպանութեան հարցին նկատմամբ կեցուածքի եղափոխութեան հոլովոյթին ծիրին մէջ: «Այդպիսի բան չէ եղած», «ատոր արժանի էին» եւ «երկու կողմերէն ալ զոհեր եղան» հանգրուաններէն անցնելէ ետք, այդ կեցուածքը ներկայիս մուտք գործած է նոր հանգրուան մը, որուն ազդանշանը Տաւութօղլուն տուաւ Երեւանէն: Ներկայ հանգրուանին շեշտը կը դրուի զգացական արտայայտութիւններու վրայ, սակայն որովհետեւ արձանագրուածը եղափոխութիւն է եւ ոչ թէ արմատական յեղաշրջում, նախկին կեցուածքներուն արձագանգը տակաւին յստակօրէն կ՛երեւի Թուրքիոյ վարչապետի գրասենեակէն հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
Միւս կողմէ, հրապարակուած յայտարարութիւնը թրքական իշխանութիւններուն կողմէ շատ ուշացած քայլ մըն է, որովհետեւ հարցը հայութեան համար զգացական հարթակէն շատոնց փոխադրուած է քաղաքական հարթակ եւ այժմ արդէն իսկ կը գտնուի իրաւական դաշտ մուտք գործելու շեմին: Այս յայտարարութիւնը թերեւս կրնար «գործի ծառայել», եթէ հրապարակուած ըլլար 1965-էն առաջ, սակայն ոչ` 2014-ին:
Այն իրողութիւնը, որ յայտարարութեան կողքին հրապարակուած են անոր ութ լեզուներով ոչ պաշտօնական թարգմանութիւնները, ցոյց կու տայ, որ յայտարարութիւնը միայն հայ ժողովուրդին հասցէագրուած չէ, այլ նախ եւ առաջ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին 2015-ին Թուրքիոյ վրայ ճնշումները կարելի եղածին չափ մեղմացնելու համար, իսկ անմիջական նպատակը` Ապրիլ 24-ին միջազգային մամուլին մէջ Թուրքիոյ համար ժխտական անդրադարձները մեղմացնելն է: Միջազգային մամուլի արձագանգը չուշացաւ. յայտարարութիւնը նկատուեցաւ «անսպասելի», «առաջին բաց մեկնաբանութիւն» եւ մինչեւ իսկ «քաղաքական երկրաշարժ», որ չափազանցութիւն մըն է: Միւս կողմէ, մատնանշուեցաւ, որ «ցեղասպանութիւն» եզրը փոխարինուած էր «տեղահանութեամբ»:
Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնը ողջունելէ ետք յոյս յայտնեց, որ ապագային կրնայ տեղի ունենալ փաստերու ամբողջական ու արդարացի ճանաչման դէպք, ինչ որ կը նպաստէ հայերու եւ թուրքերու հաշտեցման: Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ դրացնութեան քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ իր կարգին ողջունեց յայտարարութիւնը` յոյս յայտնելով, որ նոյն ոգիով քայլեր կը յաջորդեն ատոր: Այլ խօսքով Թուրքիոյ քայլը իրաւամբ ոչ բաւարար նկատուեցաւ:
Տաւութօղլու յայտնեց, որ Էրտողանի յայտարարութիւնը նաեւ իր մէջ կոչ մը կը պարունակէ` յոյս յայտնելով, որ այդ կոչը անպատասխան պիտի չմնայ: Թրքական կողմը այն ակնկալութիւնը ունի, որ իր «զիջում»-ին դիմաց հայկական կողմն ալ փոխզիջում մը կատարէ, ինչ որ ոչ միայն հարցականի տակ կ՛առնէ այդ յայտարարութեան մէջ նշուած զգացական արտայայտութիւններուն անկեղծութիւնը, այլ նաեւ` անտեղի ակնկալութիւն մըն է: Թուրքիոյ վարչապետին պաշտօնական յայտարարութիւնը հայ ժողովուրդին ակնկալութեան չի համապատասխաներ, որովհետեւ հայ ժողովուրդը Թուրքիոյ պետութենէն ցաւակցութիւն չի պահանջեր, այլ ցեղասպանութեան ճանաչում, հատուցում եւ իրաւունքներու վերականգնում:

