Այնճարի Մէջ. Ապրիլեան Եղեռնի 99-Ամեակի Ոգեկոչման Հսկում-Քայլարշաւ

2404hsgoum1Չորեքշաբթի, 23 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Հետուիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ապրիլեան Եղեռնի 99-ամեակի ոգեկոչման հսկումը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը բացումը կատարեց հսկումին, որմէ ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի խօսքը արտասանեց Վարագ Տիւքենճեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգել յիշատակը Հայոց ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն:

Վարագ Տիւքենճեան կոչ ուղղեց հայ երիտասարդներուն վեր կանգնելու եւ ըլլալու պաշտպան հայութեան, թուրքէն վերագրաւելու հայոց  հողերը եւ վերջապէս աւետելու նոր յաղթանակի մը սկիզբը:

Բացման խօսքին յաջորդեց Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Նայիրի» երգչախումբի ելոյթը` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի: Ապա բեմ բարձրացան Այնճարի Հայ կաթողիկէ քոյրերու վարժարանի աշակերտները, որոնք արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Եռաձայն պատարագ»-էն հատուած մը:

Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպենկեան երկրորդական վարժարանի աշակերտները երգով եւ պարով ներկայացուցին Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող կենդանի պատկերներ:

2404hsgoum9Օրուան բանախօս, Ազգային Յառաջ – Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի տնօրէն, Արմէն Թաշճեան ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին հայաշխարհի գծապատկերը 8 կէտերու ընդմէջէն.

Ա) Թշնամիին կողմէ շրջափակուած եւ ընկերային-տնտեսական ու քաղաքական դժուարութիւններու մէջ խրած անկախ հանրապետութիւն:

Բ) Ազատագրուած, սակայն իրողական ամրագրելու եւ իրաւաքաղաքականի վերածելու կոչուած Արցախ:

Գ) Խտրականութիւն դիմագրաւող Ջաւախք ու ջաւախահայութիւն, որոնք պարտադրուած կը մնան Հայաստանի արտաքին աշխարհի դարպասը հանդիսացող պետութեան` Վրաստանի. մինչ հարաւային պատուհանը` Իրանի հետ սահմանը, ամբողջովին բաց գործելու համար վարանոտ կը սպասէ միջազգային քամիներու մեղմացումին:

Դ) Հայաթափ Նախիջեւանը կը հիւրընկալէ թուրանական Թուրքիա – Ազրպէյճան – Խրխըզիստան – Մոնկոլիա զօրամիաւորին անդրանիկ ռազմափորձը, որ իր վայրի ընտրութեամբ եւ ցուցադրական ուժգնութեամբ սպառնական պատգամներ կը փոխանցէ:

Ե) Պոլսահայութիւնը կը փորձէ տասնամեակներու իր կաշկանդումներէն դուրս գալ, մինչ գաւառներուն մէջ, բուն Արեւմտահայաստանի մէջ, արեւմտահայ ծպտեալ եւ թաքուն, սակայն թանկագին բեկորներ ինքնութեան խուլ զարթօնք մը կ՛ապրին:

Զ) Հայաստանամերձ հայաբնակ գօտիներ ու գաղութներ, ի տես ապահովական վտանգի եւ քաղաքական քաոսի, կը հայաթափին, իսկ մասով մըն ալ` գոյապայքարի դժնդակ ու օրհասական պահեր կը դիմագրաւեն:

Է) Յատկապէս վերջին քսանամեակին, յաջորդական ալիքներով հայրենի օճախը արիւնաքամ ըրած արտագաղթով յառաջացած անդիմագիծ սփիւռք, որ կազմակերպական մատակարարումի կը կարօտի:

Ը) Աւանդական սփիւռք, որ հայապահպանման ծանր աշխատանքին զուգահեռ, ճիգ չի խնայեր քաղաքական հասու գործօնի մը վերածուելու` ի սպաս Հայաստանի հզօրացման եւ Հայ դատի աշխատանքներուն:

Ապա բանախօսը անդրադարձաւ համաշխարհային համաձայնութիւններու միջոցով հայերու ձեռք բերած իրաւունքներու հատուցման թղթածրարներու ամբողջացումներուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան գործադրած քաղաքականութեան` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նկատմամբ:

Թաշճեան յիշելով քեսապահայութեան տեղահանումը ըսաւ. «Քեսապահայութեան զաւթուած իրաւունքները իր իրաւատիրոջ վերադարձնելու մարտահրաւէրը բոլորիս կը վերաբերի` քաջ գիտնալով, որ այդ իրաւունքներու վերադարձէն կախեալ է համագաղութային ու համահայկական մեր ամրութիւնը, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական մեր երթին մէկ կարեւոր զսպանակը, որ հայը իր հայրենի բնօրրանին շուրջ կը պահէ»:

Հսկումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի նուագախումբին ելոյթով:

Հսկումը շարունակուեցաւ քայլարշաւով, որ ընթացք առաւ «Հետուիկ» սրահէն, ուր տեղի ունեցաւ ջահավառութիւն եւ ասմունք` կատարողութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամներուն:

ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, հոծ բազմութիւնը ուղղուեցաւ դէպի Մուսա լերան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան քաղաքապետութեան, ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին կողմէ:

Հսկումը աւարտեցաւ աղօթքով` գիւղի հոգեւոր հայրերուն կողմէ:

Share this Article
CATEGORIES