Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցին Նուիրուած Գեղարուեստական Ձեռնարկ «Տէ՛րն Ենք Մեր Մշակոյթին»

2404hamazkayinԿազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տէ՛րն ենք մեր մշակոյթին» խորագիրով Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչումի ձեռնարկ մը:

Գեղարուեստական բնոյթ ունեցող ձեռնարկը սկսաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի աշակերտներուն ստեղծաբանութեամբ: Արուեստագէտ Ռազմիկ Պերթիզլեանի հսկողութեամբ աշակերտները 99-ամեակ խորհրդանշող պատկեր մը ներկեցին:

Համազգայինի անունով խօսք առաւ Նորա Թաշճեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ «Ցեղասպանութենէն 99 տարիներ ետք կը շարունակենք մնալ նոյն իրաւատէրն ու պահանջատէրը, աւելի զօրաւոր ենք այսօր մեր պետութեամբ, Հայաստան – սփիւռք մշակութային գործակցութեան շնորհիւ կը վայելենք մասնագէտ արուեստագէտներու ներկայութիւնը եւ անոնց պահանջկոտ, հոգատար եւ գնահատող վերաբերմունքը:

«Բոլորս կը կրենք նոյն արեան կանչը` հայ մնալու: Իբրեւ մշակութային եւ կրթական միութիւն անգամ մը եւս կը շեշտենք մեր յանձնառութիւնն ու նախանձախնդրութիւնը` հաւատարիմ մնալու այս առաքելութեան եւ պահպանելու ազգային նկարագիրը համազգային ճիգերու լարումով եւ ներդրումով», նշեց Թաշճեան:

2404Hamazkayin1Ապա, «Այգ» երիտասարդական երգչախումբը եւ հայկական ժողովրդային գործիքներու նուագախումբը Զաքար Քէշիշեանի խմբավարութեամբ ներկայացուցին «Կենաց երգ», «Օսմանական գոռ վաշտերը» եւ «Տալւորիկի կորիւն» երգերը, որոնց յաջորդեց «Արեգ» թատերական դպրոցի աշակերտներէն Անժելինա Սարգիսեանի Համաստեղի «Զրոյց շունի մը հետ» մենաներկայացումը:

«Քնար» պարի միաւորը ներկայացուց պար մը` «Մախմուր աղջիկ» երգին ընկերակցութեամբ, ապա Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանի աշակերտներէն խումբ մը ներկայացուցին շուքերու թատրոն մը` բեմադրութեամբ Յասմիկ Պերթիզլեանի:

Դարձեալ «Արեգ» թատերական դպրոցէն Սէրուժ Յովսէփեան ներկայացուց Լեւոն Շանթի «Նաղաշի ճառը» կտորը, ապա Համազգայինի սենեկային համոյթը` գլխաւորութեամբ Աշոտ Ճենտերեճեանի, նուագեց Կոմիտասէն «Քելէ քելէ» եւ «Հապըրպան», Տիվալտիէն` «Ատաճիօ» կտորները: Նուագէն ետք ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Գայեանէ» դպրոցի աշակերտները` գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Պետրոս Կարապետեանի հսկողութեամբ. անոնք ներկայացուցին «Կռունկներ»-ը որմէ ետք դարձեալ «Արեգ» թատերական դպրոցէն Արամ Ադամեան հսկողութեամբ բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի, ներկայացուց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Հայ մուկը» մենաներկայացումը: «Գայեանէ» պարի դպրոցի «Արցախ» պարի ներկայացումէն ետք ձեռնարկը եզրափակուեցաւ տհոլահարներու համոյթին ելոյթով` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գէորգ Քէօշքերեաին: Փոքրիկ տհոլահարներու ելոյթը գագաթնակէտին հասցուց ներկաներուն տպաւորութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES