Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի Մէջ. Սուրբ Պատարագ՝ Ապրիլեան Նահատակաց Յիշատակին

2404badriark124 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան,  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանի (Ժամհուր) ընդարձակ շրջափակը վերածուած էր բացօթեայ եկեղեցւոյ`  ընդունելու համար 1915-ին օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած հայասպանութեան մէկուկէս միլիոն զոհերուն յիշատակին առջեւ խոնարհելու եկած  խուռներամ ժողովուրդը: Համախմբուած էին լիբանանահայութեան բոլոր խաւերուն ու շրջանակներուն ներկայացուցիչները, Լիբանանի մէջ Հայաստանի  դեսպան Աշոտ Քոչարեանը, լիբանանեան խորհրդարանի հայ եւ տարբեր համայնքներու անդամներ, հայկական կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ղեկավար դէմքեր, պետական պաշտօնատարներ, մտաւորականներ,  հասարակական գործիչներ, կրթական մշակներ, մամուլի աշխատակիցներ, հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներ,  հաւատացեալ հայորդիներ:

Ս. պատարագին մասնակցող ժողովուրդը` Հայ կաթողիկէ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ զինք շրջապատող հոգեւորականներու դասուն հետ աղօթեց նահատակներուն հոգիներուն եւ իր դատի արդար հատուցման համար: Օրուան խորհուրդին հետ համահունչ էր «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբին երգեցողութիւնը` դոկտոր Եդուարդ Թորիկեանի ղեկավարութեամբ:

Յաւարտ Ս. պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ Ղազար վրդ. Պետրոսեան նկարագրեց հայ ժողովուրդին խաչի ճանապարհը, որ իրեն պարտադրուեցաւ գազանաբարոյ օսմանցի թուրքերուն կողմէ, որոնք կոտորեցին, ջարդեցին, թալանեցին, որովհետեւ խաչապաշտ էին հայերը, եւ որովհետեւ բոլոր մարզերուն մէջ  հնարաւոր չէր գերազանցել զիրենք ու անոնց քրիստոնէական եւ ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած անոնց բնատուր ունակութիւնները: Ան  թրքական հայահալած սանձազերծումին նորագոյն դրուագը նկատեց  Թուրքիոյ բացայայտ մեղսակցութեամբ կատարուած յարձակումը Քեսապի վրայ: Հայր Ղազար անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի վերածնունդին` նշելով, որ գազանաբարոյ թուրքը չկրցաւ իրագործել հայ ազգը բնաջնջելու եւ միայն մէկ հայ իբրեւ թանգարանի նմուշ ողջ ձգելու իր ծրագիրը:

2404BadriarkԵկեղեցական արարողութեանց աւարտին, ներկաները հանդիսաւոր թափօրով ուղղուեցան Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին եւ Հայ կաթողիկէ միութիւններու պատուիրակութիւններուն կողմէ` Կարտինալ Աղաճանեանին նախաձեռնութեամբ 1939-ին կանգնեցուած Ապրիլեան Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ, ապա` հոգեհանգստեան արարողութիւն: Ներկայ ժողովուրդը միաբերան աղօթեց` ըսելով. «Ո՛վ Տէր Աստուած, ապրիլ 24 է այսօր: Սկիզբը` 1915-ի հայոց աքսորին, ջարդին ու բռնամահին, հայաջինջ Ցեղասպանութեան, քրիստոնէատեաց հայասպանութեան: Ամբողջ էութիւնս համակուած է թէ՛ վիշտով, եւ թէ յոյսով: Վշտիս մէջ պարփակուած կը մնայ տեղահան ու կոտորեալ ազգս:  Վիշտս յա՛ր այժմէական է ի տես կեղծիքին ու անարդարութեան:  Իսկ յոյսիս մէջ կը կերտուի յարութեան փառքը իմ տոհմիս:  Իսկ յոյսիս մէջ կը գոյանայ յաղթանակը հատուցումին:  Իսկ յոյսիս մէջ կը ստեղծագործէ լոյսը սուտին ու  փուտին դէմ»:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին խօսք առնելով` Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարք   յորդորեց ապրիլեան նահատակներու ժառանգորդներուն` նահատակներու սրբազան կտակին իրենց հաւատարմութիւնը արտայայտել ո՛չ միայն ծաղկեպսակներ զետեղելով` անոնց յիշատակին նուիրուած կոթողներուն, այլ կառչելով իրենց ինքնութեան եւ այդ ինքնութիւնը բնորոշող հոգեւոր, ազգային ու մշակութային արժէքներուն:

 

Share this Article
CATEGORIES