Քայլարշաւ Հայաշէնէն Ժեհթաուի` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան
Ընդառաջելով ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներու կոչին` ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին պէյրութաբնակ հայերը համախմբուած էին Հայաշէնի ժողովրդային տան առջեւ, ուրկէ ընթացք առաւ քայլարշաւ մը դէպի Ժեհթաուի` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձան:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ կայացած քայլարշաւին կը մասնակցէին Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Պէյրութի քաղաքական գործիչներէն Մասուտ Աշգար, շրջաններու կուսակցական, միութենական եւ եկեղեցական կառոյցներու անդամներ, թաղապետներ, ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը, ինչպէս նաեւ` հարիւրաւոր հայորդիներ, որոնք եկան անգամ մը եւս վերանորոգելու իրենց ուխտը` կառչած մնալու Հայ դատին եւ պահանջելով ճանաչում, հատուցում եւ արդարութիւն:
Յատկանշական էր, որ քայլարշաւը նաեւ գրաւեց շրջաններու լիբանանցի բնակչութեան եւ վաճառատուներու տէրերուն ու աշխատաւորներուն ուշադրութիւնը. արդարեւ, անոնցմէ շատեր այս առիթով փակեցին իրենց խանութները եւ հետեւեցան կազմակերպուած քայլարշաւին:
Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ՀՄԸՄ¬ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք յուշարձանին շուրջ ծաղկեպսակներ զետեղուեցան ՀՄԸՄ¬ի Լիբանանի Շրջանային Սկաուտական խորհուրդի, «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» կոմիտէներու, շրջանին մէջ գործող ԼՕԽ¬ի «Հայաշէն», «Կարս», «Աստղիկ», «Զուարթնոց» եւ «Մեղրի» մասնաճիւղերուն, ԼԵՄ¬ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին, ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի սկաուտներուն:
ԼԵՄ-ի «Հրայր Դժոխք» մասնաճիւղին անունով հայերէնով եւ արաբերէնով խօսք առաւ Մեղրի Պապիկեան, որ յայտնեց, թէ հակառակ անոր որ 99 տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ ոճրագործը ամբողջովին փոխեց հայ ժողովուրդին պատմութիւնը, սակայն հայը կը շարունակէ գոյատեւել, կը շարունակէ մնալ պահանջատէր: Անոր համաձայն, հայութիւնը կրցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն յարութիւն առնել, սուգը վերածեց բռունցքի, արցունքը վերածեց վճռակամութեան` յաղթանակի հասնելու գերագոյն նպատակով զինուած:
Իր խօսքը եզրափակելով` Մեղրի Պապիկեան հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս, երիտասարդութիւնը յատկապէս պատրաստ են բարձր պահելու հայկական դրօշակը, պահպանելու արժէքները, ինքնութիւնն ու շարունակելու պայքարը մինչեւ արդար իրաւունքի ձեռքբերում եւ հատուցում:
Ապա պատրիարքարանին կողմէ խօսք առաւ Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեակը նաեւ կը զուգադիպի 75-ամեակին պատրիարքարանին մէջ կանգնեցուած յուշակոթողին, որուն շուրջ համախմբուած են տարբեր սերունդներու ներկայացուցիչներ: Ան նշեց, որ յուշարձանին քովէն անցնող իւրաքանչիւր հայ պէտք է երդնու հաւատարիմ մնալ նահատակներու կտակին եւ ըլլալ հայկական ինքնութիւնը պահպանող հայորդի մը: Վարդան վրդ. Գազանճեան դիտել տուաւ, որ թէեւ յուշարձանը անխօս է, սակայն շատ բաներ կ՛ըսէ բոլորին, կը յուշէ, որ մենք եւս պէտք է կոթողանանք եւ հարուածենք թշնամիին, որպէսզի ան խօսի, ընդունի իր կատարած ոճիրը: Իր խօսքի աւարտին ան շեշտեց, որ մեր պայքարին մէջ մեծ դեր ունի ազգապահպանումը, որ հիմնաքարն է մեր յաղթական երթին:
Աւարտին, բազմութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Յակոբ եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ հոգեհանգիստ` Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին:

