«ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ ԵՒ ԱՆԱՀԻՏ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ ԶԱՐԹՕՆՔ ՄԱՄԼՈՅ ՄՐՑԱՆՔ»Ի ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ ՅՈՎԻԿ ԷՕՐՏԷՔԵԱՆԻ
Հինգշաբթի, 16 յունիսին Թէքէեան կեդրոնի «Գերսամ Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկազուն եւ Անահիտ Վարդիվառեան «Զարթօնք» մամլոյ մրցանք»ի տուչութեան հանդիսութիւն` մրցանակակիր Յովիկ Էօրտէքեանին:
Ձեռնարկին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Զարթօնք»ի գլխաւոր խմբագիր Պայծիկ Գալայճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները, յետադարձ ակնարկով մը անդրադարձաւ 16 տարիներ առաջ հաստատուած «Հայկազուն եւ Անահիտ Վարդիվառեան «Զարթօնք» մամլոյ մրցանք»ին:
2010 տարեշրջանին այս մրցանքին տիրացած Յովիկ Էօրտէքեանի գրական կենսագրական գիծերուն անդրադարձաւ դոկտ. Անդրանիկ Տաքէսեան, որ նշեց, թէ Յ. Էօրտէքեան երիտասարդ լրագրող է, բանասէր, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ, որ 1980-ական թուականներէն ի վեր կը գործէ մամլոյ կեանքին մէջ:
Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակի տուչութիւնը, ապա մրցանակակիր Յովիկ Էօրտէքեան ըսաւ, որ «Զարթօնք»ը իւրայատուկ դպրոց մը եղած է իրեն համար: Այսօր ուրախ եմ, որ տարիներ ետք իբրեւ «Զարթօնք»ի աշակերտ կ՛արժանանամ Հայկազուն եւ Անահիտ Վարդիվառեան «Զարթօնք» մամլոյ մրցանք»ին: Ան իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով մրցանքի մեկենասին, յանձնախումբին, «Զարթօնք»ի խմբագրութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կազմակերպած էին ձեռնարկը:
Շնորհաւորութեան եւ գնահատանքի խօսք փոխանցեց նաեւ Յակոբ Վարդիվառեան, որ անդրադարձաւ «Զարթօնք»ի առաքելութեան եւ դերակատարութեան:
Ձեռնարկին իր խօսքը փոխանցեց նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան Ա. քարտուղար Վարդան Ադամեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հայ մամուլին դերը` ազգային պահանջատիրութեան մէջ:
Եզրափակիչ բաժինով, իր խօսքը փոխանցեց Նարեկ արք. Ալեմէզեան` յայտնելով, որ իրեն հետ սոյն հանդիսութենէն պիտի տանէր երեք յատկանշական բնութագրումներ` «մարդը, գործը, եւ յիշատակը»: Ապա ան գնահատեց նման մրցանքի մը նախաձեռնութիւնը եւ մամլոյ առաքելութեան լծուած անձերը: Ապա «Պահպանիչ»ով եզրափակեց ձեռնարկը: