ԼՕԽ-Ի ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ
«ՋԱՒՕ ՇԱՆԹ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Երեքշաբթի, 31 մայիս, 2011-ին Զմմառու մայրավանք այցելեցին ԼՕԽ-ի «Ջաւօ Շանթ» մասնաճիւղի անդամները: Տարեկան շրջապտոյտ-ուխտագնացութեան նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ Զմմառու վանքի պատմութեան, տեսնել անոր հոգեւոր եւ ազգային հարստութիւնները:
Արդարեւ առաւօտեան ժամը 10:30-ին խումբը հասաւ Զմմառ, ուր վանքին դպրապետ եւ մատենադարանապետ հայր Նարեկ Լուսինեան բարի գալուստ մաղթեց եւ հերթաբար բացատրութիւններ տուաւ վանքին հիմնադրութեան մասին: Ուխտագնացութեան մասնակիցները այցելեցին թանգարան, մատենադարան, ձեռնագրատուն, դիւան եւ գինեմարան: Կէսօրուան ժամը 1:00-ին Քլէյաթի ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն եւ հաճելի ժամեր անցուցին բոլորը: Այցելեցին Այնթուրայի Սէն Ժոզէֆ քոլեճ եւ յարգանքի տուրք մատուցանեցին 300 անմեղ որբերուն մոմեր վառելով անոնց գերեզմանին վրայ:
«Հ. ՍԱՍՈՒՆԻ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Հ. Սասունի» մասնաճիւղի վարչութեան 24 մայիս, 2011-ին «Սաժ քաֆէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ մայրերու օրուան ձեռնարկը, որուն ներկայ էին Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիլիան Օրտողլեան եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ներկայացուցիչ Ազատ Խանզէթեան:
Մուտքին` ներկաներուն բաժնուեցան վարչականներուն կողմէն պատրաստուած ծաղիկներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Ալին Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ հայ մօր տիպարին եւ առաքելութեան:
Համբարձման նախօրեակին ըլլալով, ներկաներուն բաժնուեցան համբարձման վիճակներ: Տեղի ունեցաւ նաեւ տարեկան վիճակահանութեան վիճակաձգութիւնը:
Ձեռնարկի աւարտին վարչութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք կը սատարեն իրենց գործունէութեան յաջողութեան: Մթնոլորտէն խանդավառուած տեղի ունեցաւ նուիրատուութիւններ:
«ՀԱՅԱՇԷՆ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ
ԼՕԽ-ի «Հայաշէն» մասնաճիւղի վարչութեան կազմակերպութեամբ 18 մայիս 2011-ին Հայաշնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճեմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մայրերու օր»ուան աւանդական հաւաքոյթը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետ Զարուհի Գալեմքերեան: Շնորհաւորելէ ետք բոլոր մայրերը եւ մասնաւորաբար հայ մայրերը` ան նշեց, որ հայ մայրերը Տէր Զօրի անապատին մէջ նահատակ մայրերէն մնացած կտակ ունին` հայ լեզուին ուսուցումն ու հայ ինքնութեան պահպանումը: Ան առողջութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր մայրերուն, որպէսզի անոնք կարենան լաւագոյնս կատարել իրենց առաքելութիւնը:
Ձեռնարկին ընթացքին գարնանային ծաղիկներու ծաղկեկողովի յարդարումը ներկայացուց Մարլէն Տանակէօզեան, որ մանրամասն անդրադարձաւ բնութեան իւրաքանչիւր ծաղիկի նշանակութիւնն ու անոնց նուիրելու առիթներուն. ան բացատրութիւն տուաւ նաեւ անոնց խնամելու ձեւերուն մասին: Մ. Տանակէօզեան շինիչ կերպով լուսարձակի տակ առաւ ծաղիկներուն կեանքը երկարելու ձեւերը:
Տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր Նելլա Պէրպէրեանի, Շաքէ Պաղտասարեանի եւ Նժդեհ Շահինեանի մասնակցութեամբ: Շահինեան ընթերցեց ներկաներուն բաժնուած թղթիկը, որ կ՛անդրադառնայ մարդկային վեհ գործերու:
Նշենք, որ հրամցուած ճաշեր պատրաստուած էին ԼՕԽ-ի խոհանոցի անդամներուն կողմէ:
Ներկաները մեկնեցան Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կողմէ տրամադրուած ծաղիկի թաղարներով: