ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ` ԼՕԽ-ԻՆ

Օգտուելով Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի կազմակերպած դասախօսական շարքերէն` մասնակիցներ իրենց շնորհակալական խօսքերը յղած են կազմակերպիչ մարմիններուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք նամակներէն օրինակներ:

 

Ձեր կողմէ կազմակերպուած դասախօսական շարքը իրապէս դաստիարակիչ եւ օգտաշատ նախաձեռնութիւն մըն էր: Գնահատելի էին դասախօսներուն սպառիչ կերպով ներկայացուցած նիւթերը: Կը գնահատեմ մանաւանդ կազմակերպիչ յանձնախումբին ու ԼՕԽ-ի տնօրէնին մնայուն ներկայութիւնը եւ ցուցաբերած մտահոգութիւնը ներկաներուն առողջական վիճակին նկատմամբ: Ներկաներուն մեծ մասը ենթարկուեցաւ արեան քննութիւններու եւ անհրաժեշտութեան պարագային բժշկական քննութեան:

Շնորհակալութիւն ԼՕԽ-ին եւ կազմակերպիչ յանձնախումբին մանաւանդ բոլոր հովանաւորներուն:

Վարձքերնիդ կատար:
ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ

 

Իմ սրտագին շնորհաւորութիւններս կը յայտնեմ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ ատենապետին` այս դասախօսական շարքը կազմակերպելու համար: Կարեւոր գիտելիքներ ձեռք ձգեցինք առողջապահական եւ մաքրութեան ծիրին մէջ եւ վարձատրուեցանք անվճար արեան քննութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ: Կ՛աղօթեմ «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի բարգաւաճման ի խնդիր:

Շնորհակալութեամբ`
ՎԵՐԺԻՆ ԽԸՏԸՐԵԱՆ

 

Առողջապահական յանձնախումբի նախազգուշական բաժանմունքի կազմակերպած այս տարուան դասախօսական շարքի աւարտին կու գամ յայտնելու ձեր աշխատանքին նկատմամբ գնահատանքս ու շնորհակալական խօսքս:

Մենք` 100-է աւելի հետեւողներ, օգտուեցանք թէ՛ առողջապահական, եւ թէ ընկերային մարզին մէջ: Օգտուեցանք նաեւ տարրալուծարանի բժշկական եւ ատամնաբուժական անվճար ծառայութենէն: Շնորհակալութիւն նաեւ հիւրասիրութիւններու համար: Ձեզի կը մաղթեմ յարատեւ կորով եւ յառաջդիմութիւն:

Ձեր բոլորին վարձքը կատար:
ՄԱՐՕ ՊԱԳԱԼԵԱՆ-ՌԱՍԼԱՆ

Share this Article
CATEGORIES