ԴԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ` ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԱՆԻԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹԸ ԻՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՕՐԸ ԱՆՑՈՒՑ «ԹՌՉՆՈՑ ԲՈՅՆ»ԻՆ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ ու կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատան, Լիբանանի դանիական գաղութի աւելի քան 100 զաւակները, իրենց ազգային աւանդական օրը ունեցան «Թռչնոց բոյն»ին մէջ, Ժիպէյլ:

Ուրբաթ, 24 յունիս 2011-ի երեկոյէն սկսեալ մինչեւ կէս գիշերուան ժամերը, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանին, հիւպատոսին, դեսպանատան անձնակազմին ու հրաւիրեալ դանիացիներու զուարթ ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ Դանիոյ ազգային խրախճանքը եւ աւանդական խարուկահանդէսը:

Դանիացիներու եւ հայ Ժողովուրդի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ յարաբերութեան շօշափելի միակ իրականութիւնը «Թռչնոց բոյն»ը ըլլալով, Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպանատունը այս վայրը ընտրած էր իր ազգային աւանդական օրը ունենալու համար, նաեւ անոր խորհրդանշական պատգամը փոխանցելու համար իր գաղութի զաւակներուն:

Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան «Թռչնոց բոյն»ի հոգեւոր տեսուչ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, տնօրէն` Սամուէլ Պոյաճեան, Գայիանեանց Միաբանութեան հոգեւոր քոյրերը եւ հաստատութեան պատասխանատու պաշտօնեաները: Սամուէլ Պոյաճեան բարի գալստեան խօսք ուղղեց ներկաներուն` ըսելով, որ իր իրենք իրենց տան մէջ կը գտնուին, որովհետեւ նախքան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան յանձնուիլը` 1970 թուականին, հաստատութիւնը կը ղեկավարուէր դանիացիներու կողմէ: Այս առթիւ, Պոյաճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց դանիացի ժողովուրդին` հայութեան հանդէպ իր ցուցաբերած հոգածու վերաբերումին համար:

Գրիգոր Ծ. վարդապետ, իր կարգին, նախ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն: Ապա, անդրադարձաւ անցնող դարասկիզբին պատահած մարդկային մեծ ողբերգութեան` Հայոց ցեղասպանութեան, «որուն ցարդ բաց մնացած վէրքին վրայ առաջին անգամ բալասան լեցնողներէն մէկը եղաւ ձեր մեծանուն ազգակիցը` ու մեր այս հաստատութեան անզուգական ՄԱՄԱն` Մարիա Ճէյքպսընը, որ անոր շուքին ներքեւ նաեւ կը հանգչի այսօր», ըսաւ ան:

Այնուհետեւ երգերով, աւանդական նուագներով ու ծովափնեայ բակին մէջ` պատմական «Դանիական սրահ»ին դիմաց տեղի ունեցած խարուկահանդէսով շարունակուեցաւ խրախճանքը` հայ եւ դանիացի ժողովուրդներու բարեկամութեան, Դանիոյ դեսպանատան եւ «Թռչնոց բոյն»ին միջեւ կապը առաւել եւս ամրապնդելով:

Share this Article
CATEGORIES