Արուեստի Աշխարհէն. «Երբեւիցէ Ապրած Մեծագոյն Քոլոմպիացին»
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿԱՊՐԻԷԼ ԿԱՐՍԻԱ ՄԱՐՔԵԶ ԾԱՆՕԹ ԷՐ ԻՐ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԻՐԱՊԱՇՏՈՒԹԵԱՄԲ, ՍԱԿԱՅՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ «ԿԱՊՕ», ԻՆՉՊԷՍ ՃԱՆՉՑՈՒԱԾ ԷՐ ԱՆ, ԱՅՆ ՀԱՆՃԱՐՆ ԷՐ, ՈՐՈՒՆ ԳՈՐԾԵՐԸ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ Կ’ՈՒՂՂԷԻՆ ԳՐԱԿԱՆ ԲՈԼՈՐ ՍԵՌԵՐՈՒՆ: «ՏԻ ՕՊԶԸՐՎԸՐ» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՈ՛Ւ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՀԱՐԱՒԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՏԻՏԱՆԸ ՏԵՂԱԴՐԵԼ ԳՐԱԿԱՆ ՈՐԵՒԷ ՍԵՌԻ ՄԷՋ:

«Կեանքի մէջ կարեւորը այն չէ, թէ ի՛նչ կը պատահի քեզի, այլ այն, ինչ որ կը յիշես եւ ինչպէ՛ս կը յիշես»:
Գրականութեան տիտաններէն քիչեր, որոնք ամբողջ անցեալ դարը կրած են իրենց ուսերուն, նոյնքան երկար ապրած են մինչեւ 21-րդ դար: Շեմըս Հէյնի, Քարլոս Ֆուենթեզ եւ Կարսիա Մարքեզ իրենց տեսակին մէջ այն սակաւաթիւ գրագէտներէն էին, որոնք մեզի հետ կ’ապրէին մինչեւ վերջերս: Իսկ այսօր մեզմէ ընդմիշտ հեռացաւ այս երրորդութեան վերջինը, ոմանց կարծիքով` իր սերունդի վերջին դիւցազներգակ վիպագիրը, 1960-ական տարիներու հարաւամերիկեան գրականութեան զարթօնքին ներշնչման աղբիւրը եւ «երբեւիցէ ապրած մեծագոյն քոլոմպիացին», ինչպէս զայն նկարագրեց երկրին նախագահը` Խուան Մանուէլ Սանթոս` յետ մահու յարգանքի իր խօսքին մէջ:
Գրաքննադատներ եւ մահագրութեան հեղինակներ պիտի փնտռեն գրական ճիշդ սեռը` բնորոշելու համար անոր գրականութիւնը եւ հաւանաբար պիտի համաձայնին «կախարդական իրապաշտութիւն» սեռին շուրջ: Ասիկա գրական այն սեռն է, որուն մէջ սովորականը եւ խօսակցականը կ’աղերսուին եւ կ’ընդարձակուին գիտակցական քողի մը ետին, կը դառնան արտասովոր, իսկ հարցադրումները շարժման մէջ կը դնեն կամ կ’արգելակեն մարդկային գոյութիւնը:
Սակայն «Կապօ»-ի մեծութիւնը, բազմաթիւ այլ երեւոյթներու կողքին, կը կայանար նաեւ այն իրողութեան մէջ, թէ ան մարտահրաւէր կ’ուղղէր գրական բոլոր սեռերուն: 1960-ական տարիներու կէսերուն գրուած անոր «Ուան հանտրըտ եիրզ աֆ սոլիթուտ» վէպը կը դրսեւորէր Զոլայի գրականութեան յատուկ տարողութիւնը եւ ծինաբանական ձգտումը: «Քրոնիքըլ աֆ է տեթ ֆորթոլտ» կը պատմէր իր հրատարակութենէն 30 տարի առաջ, 1981-ին պատահած ոճիրի մը մասին եւ կաշկանդուած վիճակի մը սաստկութեամբ կը կեդրոնանար ժամանակին մէջ դէպի ետ գացող դիազննութեան մը վրայ:

Մարքեզ` իր Նոպէլեան մրցանակին հետ, 1982-ին:
«Մեմըրիզ աֆ մայ մելանքոլի հորզ» այնքա՛ն տարօրինակ մէկ պատմութիւնն էր մանկամարդ աղջկան մը նկատմամբ տարեց մարդու մը վիպերգական սիրոյն, որ աշխարհի տարածքին կրօնական շրջանակներ դատապարտած էին զայն: Միւս կողմէ` «Նիուզ աֆ է քիտնեփինկ» հարաւամերիկեան ոչ երեւակայական գործերու շարքին կը մնայ իւրայատուկ վաւերագրական գործ մը, որ կը ցանկագրէ Փապլօ Էսքոպարի (բոլոր ժամանակներու երկրորդ ամէնէն հռչակաւոր քոլոմպիացին) Մետըլին թմրեցուցիչի առեւտուրի ցանցը եւ զայն կը նկարագրէ ֆիզիքական եւ հոգեբանական այնպիսի մանրամասնութեամբ, որ պատումը կը վերածէ այն մղձաւանջին, ինչ որ էր իրականութեան մէջ:
Քոլոմպիոյ մէջ 1950-ական եւ 1960-ական տարիներուն տիրող բրտութիւնը եւ անոր յաջորդած թմրեցուցիչի, զինեալ խմբաւորումներու եւ հայդուկային պատերազմները խթանած են Մարքեզի գրեթէ բոլոր գործերը: Ի վերջոյ Մարքեզի հռչակը պատճառ դարձած է, որ ան իբրեւ միջնորդ ծառայէ իրերայաջորդ կառավարութիւններու եւ անոնց թշնամիներուն միջեւ: Անոր ստեղծագործական տարիները կ’ընդգրկէին երկրի մը եւ ամբողջ ցամաքամասի մը քաղաքական ահաւոր թոհուբոհը:
Ֆիտել Քասթրօ եւ Մարքեզ բարեկամներ էին: Ոմանք կ’ըսեն, թէ ան Քուպայի ղեկավարին ամէնէն սերտ եւ վստահելի անձն էր, անոր խոստովանութիւնները լսողը. կապ մը, որուն համար ան բռունցքով հարուած մը ստացած էր քաղաքական իր վրիժառուէն` փերուցի գրագէտ Մարիօ Վարկաս Լոսայէն, որ միշտ աշխատած էր անոր շուքին:
Սակայն կեանքի նման ոլորապտոյտէ մը ետք եւ անոր վերջաւորութեան յիշողութեան կորուստէ ետք բառերն են, որոնք կը խօսին եւ կը գոյատեւեն այս արտասովոր մարդէն անդին: Ինչպէս ի՛նք գրած է` «Կեանքի մէջ կարեւորը այն չէ, թէ ի՛նչ կը պատահի քեզի, այլ այն, ինչ որ կը յիշես եւ ինչպէ՛ս կը յիշես»:

