Արուեստի Աշխարհէն. Ոչ Եւս Է Կախարդական Իրապաշտութեան Վարպետ Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզ
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

«Ամբողջ գրականութեանս մէջ չկայ տող մը, որ հիմնուած չէ իրականութեան վրայ»:
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԱՅՍ ՀՍԿԱՆ ԿԸ ՆԿԱՏՈՒԷՐ ՍՊԱՆԵՐԷՆՈՎ ԳՐՈՂ ԲՈԼՈՐ ԺԱՄԱՆԱԿՆԵՐՈՒ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ԳՐԱԳԷՏՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ: ԱՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 60 ՏԱՐՈՒԱՆ ՎՐԱՅ ԵՐԿԱՐՈՂ ԻՐ ԱՍՊԱՐԷԶԻՆ ԸՆԹԱՑՔԻՆ ԱՐՁԱՆԱԳՐԱԾ Է ՍՊԱՆԵՐԷՆՈՎ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԱԾ ՈՐԵՒԷ ԳԻՐՔԷ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ՎԱՃԱՌՔ: ՑԱՅՏՈՒՆ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ՏԷՐ ՆՈՊԷԼԵԱՆ ԱՅՍ ՄՐՑԱՆԱԿԱԿԻՐԸ ՄԱՀԱՑԱՒ 18 ԱՊՐԻԼԻՆ, 87 ՏԱՐԵԿԱՆԻՆ, ՊԱՅՔԱՐԵԼԷ ԵՏՔ ՔԱՂՑԿԵՂԻ, ԱԼԶԱՅՄԸՐԻ ԵՒ ԹՈՔԵՐՈՒ ԲՈՐԲՈՔՈՒՄԻ ԴԷՄ: ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ ՅՈՐԴԵՑԱՒ ՄԱՀԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ: ՍՏՈՐԵՒ` «ՊԻ.ՊԻ.ՍԻ.»-ԷՆ ԵՒ «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ»-ԷՆ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ ՄԸ, ՈՐ Կ’ՈՒՐՈՒԱԳԾԷ ՆՈՅՆՔԱՆ ԻՐԱԿԱՆ, ՈՐՔԱՆ` ԵՐԱԶԱՅԻՆ ԳՐԱԳԷՏԻՆ ԱՒԱՆԴԸ:

«Այն վայրկեանին, երբ «Լիֆ սթորմ»-ը գրեցի, անդրադարձայ, թէ կ’ուզէի գրագէտ դառնալ, եւ ոչ ոք կրնար կասեցնել զիս»:
Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզ 1982-ին Նոպէլեան գրականութեան մրցանակին արժանացած է «իր վէպերուն եւ կարճ պատմուածքներուն համար, որոնց մէջ երազայինն ու իրականը միաձուլուած են հարուստ երեւակայութեամբ ստեղծուած աշխարհի մը մէջ` արտացոլելով ցամաքամասի մը կեանքն ու բախումները», ինչպէս կ’ըսէր մրցանակին յայտարարութիւնը:
Հարաւամերիկեան Դիմակահանդէս Մը
Անոր ցայտուն արձակը կը նկարագրէր նոյնքան տարաշխարհիկ աշխարհ մը, որքան` հարաւամերիկեան դիմակահանդէս մը:
Անոր գրականութեան խորապատկերը չքաւոր եւ յաճախ բիրտ աշխարհն էր Քոլոմպիոյ իր հայրենիքին, ուր ժողովրդավարութիւնը երբեք չէ յաջողած արմատներ արձակել:
Անոր պատմութիւնները կախարդական տարրեր կը միահիւսեն իրական կեանքին հետ եւ յաճախ տեղադրուած են Մաքոնտօ անունով երեւակայական գիւղի մը մէջ:
Քաղաքական ձախ թեւի պատկանելով հանդերձ, Մարքեզ չէ վարանած քննադատելու Քոլոմպիոյ պետութիւնը եւ իր կեանքին մեծ մասը անցուցած է աքսորի մէջ:
Բարեկամները զայն կը ճանչնային իբրեւ «Կապօ», քաղաքական դէմք մը, որ կը պայքարէր Հարաւային Ամերիկայի միութեան համար, ինչպէս նաեւ` վերջ դնելու շրջանին մէջ միջամուխ դառնալու Միացեալ Նահանգներու ոտնձգութիւններուն:
Նախապաշարումներ Եւ Ժողովրդապատումներ

Մարքեզ բարեկամ էր Ֆիտել Քասթրոյի:
Կապրիէլ Կարսիա Մարքեզ ծնած է Քոլոմպիոյ Արաքաթաքա փոքր գիւղաքաղաքին մէջ, 6 մարտ 1927-ին: Անոր ծնունդէն անմիջապէս ետք հայրը դարձած է դեղագործ, եւ ծնողները հեռացած են գիւղաքաղաքէն` զինք յանձնելով իր մօրենական մեծ հօր եւ մեծ մօր խնամքին:
Մեծ հայրը` Քոլոմպիոյ Հազար օրուան պատերազմի վեթերան եւ ազատական դատի պաշտպան մը, Մարքեզի մէջ զարգացուցած է քաղաքականութեան գիտակցութիւնը:
Մարքեզ մեծ մօրմէն լսած է նախապաշարումներ եւ ժողովրդապատումներ: Մեծ մայրը իրեն պատմած է մեռած նախնիներու, ուրուականներու եւ ոգիներու մասին, որոնք կը պարէին իրենց տան շուրջ, եւ այս բոլորը` անանձնական ոճով մը, զոր գրագէտը պիտի որդեգրէր հետագային իր մեծագոյն վէպին մէջ:
Իրօք, Նոպէլեան մրցանակի յայտարարութիւնը նաեւ կը նշէր Մարքեզի «թրթռուն արձակը եւ հարուստ լեզուն, զոր օգտագործած էր ան իր յորդուն երեւակայութիւնը փոխանցելու համար ընթերցողին»:
Մարքեզ յաճախած է յիսուսեան վարժարան մը եւ սկսած է հետեւիլ իրաւաբանութեան, սակայն շուտով հրաժարած է ուսումէն` աշխատելու համար իբրեւ լրագրող:
Իբրեւ օրաթերթի լրագրող` Հռոմ ուղարկուած է 1954-ին: Այնուհետեւ մեծ մասամբ ապրած է Քոլոմպիայէն դուրս, Փարիզի, Վենեզուելայի եւ ի վերջոյ` Մեքսիքօ քաղաքին մէջ:
Ան շարունակած է աշխատիլ իբրեւ լրագրող, նոյնիսկ երբ իր գրած երեւակայական պատմութիւններուն ժողովրդականութիւնը կը տարածուէր:
Մեծապէս ազդուած Ուիլիըմ Ֆոքնըրի գրականութենէն` Կարսիա Մարքեզ իր առաջին վէպը գրած է 23 տարեկանին, թէեւ եօթը տարի սպասած է, որպէսզի մէկը հրատարակէ զայն:
«Լիֆ սթորմ» հրատարակուած էր 1955-ին: Անոր յաջորդած էին երեք վէպեր, որոնք բոլորն ալ արժանացած էին գրական շրջանակներու քննադատական դրական արտայայտութիւններուն, թէեւ ժողովրդային աւելի լայն ընդունելութիւն պիտի գտնէին անոր աւելի ուշ շրջանի գործերը:
«Զայն Պէտք Է Կարդայ Մարդկային Ամբողջ Ցեղը»
Մարքեզ «Ուան հանտրըտ եիրզ աֆ սոլիթուտ» վէպին առաջին գլուխին գաղափարը յղացած է 1965-ին, դէպի Աքափուլքօ քշելու ժամանակ, երբ ճամբէն ետ դարձած է, վերադարձած է տուն, ինքզինք բանտարկած է իր սենեակին մէջ` օրական վեց ծրար ծխախոտ ծխելով, մինչեւ որ դուրս եկած է 18 ամիս ետք, եւ տեսած է, թէ ընտանիքը կուտակած էր 12 հազար տոլարի պարտք:
Բարեբախտաբար Մարքեզ արդէն իր ձեռքերուն մէջ ունէր 1300 էջերէ բաղկացած կոթողային գործ մը, որ լաւագոյն վաճառք պիտի արձանագրէր:

Քաղաքական միջնորդը «Վիպագիր մը կրնայ գրել այն, ինչ որ կ’ուզէ, այնքան ատեն որ ընթերցողը կը հաւատայ անոր գրածին»:
Վէպին առաջին սպաներէն հրատարակութիւնը սպառած էր մէկ շաբթուան մէջ: Յաջորդ 30 տարիներուն աւելի քան 20 միլիոն օրինակ պիտի վաճառուէր «Ուան հանտրըտ եիրզ աֆ սոլիթուտ» վէպէն, որ թարգմանուած է աւելի քան 30 լեզուներու:
«Տը Նիւ Եորք Թայմզ» զայն նկարագրած էր իբրեւ գրական առաջին գործը` Գիրք Ծննդոցէն ետք, «զոր պէտք է կարդայ մարդկային ամբողջ ցեղը»:
Մարքեզի կիսապաշտօնական կենսագիր Ճերըլտ Մարթին «Ուան հանտրըտ եիրզ աֆ սոլիթուտ»-ը նկարագրած է իբրեւ «առաջին վէպը, որուն մէջ հարաւամերիկացիք ճանչցած են իրենք զիրենք, որ բնորոշած է իրենց ինքնութիւնը, փառաբանած է իրենց կիրքը, իրենց սաստկութիւնը, ոգեկանութիւնն ու նախապաշարումները, իրենց հզօր հակումը` ձախողութեան»:
Վէպին հրատարակութենէն ետք Կարսիա Մարքեզի յանձնարարուած է միջնորդի դեր կատարել Քոլոմպիոյ պետութեան եւ հայդուկային շարք մը կազմակերպութիւններու միջեւ, ներառեալ` Ֆարք եւ ԷԼՆ:
Մարքեզ նաեւ բարեկամացած է քուպացի ղեկավար Ֆիտել Քասթրոյի հետ: Ան միշտ ալ իրենց յարաբերութիւնը նկարագրած է իբրեւ գիրքերու վրայ հիմնուած կապ մը:
«Ֆիտել շատ մշակուած մարդ մըն է,- ըսած է ան հարցազրոյցի մը առիթով:- Երբ միասին ենք, կը խօսինք գրականութեան մասին»:
«Ամբողջ Ցամաքամասի Մը Պատմութիւնը»

Մարքեզ իր կնոջ` Մերսետեսի հետ, որուն հետ ամուսնացած է 1958-ին:
Ոմանք Մարքեզի գործերը նկատած են դիտումնաւոր չափազանցութեան վրայ հիմնուած, գերբնական եւ առասպելական ստեղծագործութիւններ, որոնք ծառայած են իբրեւ միջոց` դուրս գալու Քոլոմպիոյ խառնակ վիճակէն:
Մարքեզ ի՛նք ըսած է, թէ «գերիրապաշտութիւնը ծնած է Հարաւային Ամերիկայի իրականութենէն»: Իբրեւ այսպիսին` «Տը ճենըրըլ ին հիզ լապըրինթ» եւ «Տի օթըմ աֆ տը փաթրիարք» գործերը կ’արտացոլեն անոր հետզհետէ շեշտուող քաղաքական ընդդիմութիւնը` Քոլոմպիոյ մէջ ծաւալող բրտութեան նկատմամբ:
Գրականութեան վարպետներու շարքին Մարքեզի տեղը աւելի եւս հաստատուած է լաւագոյն վաճառք արձանագրած «Լաւ ին տը թայմ աֆ Քոլերա» վէպով, որ լոյս տեսած է 1986-ին:
Այս վէպը կը պատմէ երկու ամոլներու մասին, որոնցմէ մէկուն պատմութիւնը հիմնուած է նոյնինքն Մարքեզի ծնողներուն սիրոյ պատմութեան վրայ:
Մեքսիքացի վիպագիր Քարլոս Մայեաս առիթով մը Կարսիա Մարքեզը նկարագրած է իբրեւ սպաներէնով գրող լաւագոյն գրագէտը` 17-րդ դարուն ապրած Սերվանդէսէն ետք:
«Ան այն հազուագիւտ արուեստագէտներէն է, որ յաջողած է պատմել ոչ միայն ժողովուրդի մը կեանքին, մշակոյթին եւ անցեալին պատմութիւնը, այլ նաեւ` ամբողջ ցամաքամասի մը», ըսած է ան:

