«Առանց Հատուցումին, Յատկապէս Հողային Հատուցումին, Մեր Ներկայ Հայաստանը Երբե՛ք Ապահով Պիտի Չըլլայ», Կ՛ըսէ Տիգրան Խալիկեան
Ցեղասպանութիւնը 1915-ին եզրափակուած չէ, անիկա տակաւին ընթացքի մէջ է: Հակառակ պահանջատիրութեան ճամբուն վրայ տեղի ունեցող բոլոր դրական արդիւնքներուն եւ աշխատանքներուն յարատեւութեան, պարտուողական մտածում չ՛ըլլար ենթադրելը, որ հայութիւնը, իր պարփակած բոլոր սահմանումներով, ընդհանրապէս հետզհետէ կը հիւծի: Հարկ է լաւ ճանչնանք մենք մեզ, ընկալենք մեր ներկան, իրավիճակը, ինչպէս որ է, որպէսզի կարենանք մեր ծրագիրը հիմնել այդ ժխտական ներկան շրջելու վրայ: Միայն սթափելէ ետք մեր ցնորային աշխարհէն մեր աշխատանքները պիտի կարենանք տանիլ դէպի այն ուղղութիւնը, որ հայութեան գոյատեւումը պիտի ապահովէ:
Փաստ է, որ մենք չբնաջնջուեցանք: Սակայն նաեւ փաստ է, թէ մենք տակաւին ունինք գոյութեան հարց, եւ թերեւս` հետզհետէ աւելի խորացող: Մեծ եղեռնը անկիւնադարձային էր մեզի համար, ոչ որովհետեւ միլիոնաւոր հայեր սպաննուեցան, այլ որովհետեւ Թուրքիան մեզ զրկեց գոյատեւելու մեր կարեւոր երաշխիքներէն, ամէնէն հիմնականը` մեր հողերէն:
Ուրեմն, 1915-ը նախ հայրենազրկման հարց է եւ ապա` ողջակիզման: Մեծ եղեռնին յաջորդող սփիւռքահայ սերունդները հայրենազրկման հետեւանքները կրեցին ու ապրեցան ու տակաւին կ՛ապրին ինքնութեան հարցերու, օտարացումի, մշակութային պայքարի թոհուբոհին մէջ: Չմոռնանք նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան կրած տառապանքները, առաջին հերթին` աշխարհաքաղաքական շրջափակումը, որ հիմնական պատճառն է անոր տնտեսական տկարութեան, քաղաքական կախեալութեան, եւ` ասոնցմէ բխող շատ ուրիշ խնդիրներ: Երեւակայեցէ՛ք` ի՛նչ ընկերատնտեսական եւ քաղաքական վիճակ պիտի պարզէր Հայաստանը, եթէ բռնագրաւուած չըլլային իր կարեւոր եւ բերրի տարածքները. եթէ, օրինակ, Շիրակի բերրի դաշտերը, Տրապիզոնի նաւահանգիստը եւ Սեւ ծովու ելքերը այսօր պատկանէին մեր պետութեան:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում հոլովելու օրակարգին բնականաբար կը միանայ եւ կը յաջորդէ այսօր Մեծ եղեռնի վնասուց հատուցման ամբողջ օրակարգը: Արդարեւ, ճանաչում պահանջելու մեր աշխատանքներուն թիրախը պէտք է դառնայ Թուրքիան, պետութեամբ եւ յատկապէս` ժողովուրդով, իսկ մենք ազգովին պէտք է նախ գիտակցինք, թէ մեր պահանջատիրութեան աշխատանքներուն հիմնական առանցքը կը կազմէ մեր ամբողջական հայրենիքի վերատիրացումը: Ահաւասիկ այս խնդիրներուն ուզեցինք անդրադառնալ մեր այս էջով, որուն համար հարցազրոյց կատարեցինք «Արմինիըն Ռիվիու»-ի գործադիր խմբագիր եւ Ամերիկայի Հայ դատի մարմինի նախկին ատենապետ Տիգրան Խալիկեանի հետ:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ են Ամերիկայի մէջ թրքական ճնշումները Ցեղասպանութեան ուրացման գծով: Ինչպէ՞ս կը պատասխանէ Ամերիկայի Հայ դատի մարմինը այս ճնշումներուն:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ամերիկայի մէջ թրքական ճնշումներ կը բանեցուին պետական մակարդակի վրայ, ինչպէս նաեւ` թուրք-ամերիկացիներուն կողմէ: Վերջիններուն ճնշումները կ՛ընթանան անոնց նիւթական մեծ ներդրումներ կատարելով: Վերջերս անոնք ստեղծած են երեսուն միլիոն տոլար հիմնադրամով նոր կազմակերպութիւն մը, որ հակահայ աշխատանք կը տանի տնտեսական, կրթական եւ այլ ոլորտներուն մէջ. այս ծիրին մէջ, օրինակ, կ՛իյնայ ոեւէ անհատի (հայ թէ ոչ) դէմ դատ բանալ, երբ հակաթուրք որեւէ կեցուածք որդեգրէ: Հոս կարելի է նշել Դաւիթ Գրիգորեանին պարագան, որ հրապարակաւ յայտարարութիւն կատարած էր` ըսելով, որ իր հակառակորդը կը կաշառուի թուրքերու կողմէ: Վերոնշեալ կազմակերպութիւնը անոր դէմ դատ բացաւ եւ պատճառ դարձաւ, որ ան հազարաւոր տոլարներ ծախսէ այս դատին համար: Այս մէկը ձեւ մըն է ճնշում բանեցնելու եւ սպառելու ժողովուրդին պայքարելու կամքը: Ճնշումի այլ միջոցներ են տարիներու ընթացքին թրքական ամպիոններ ստեղծել «Հարվըրտ», «Ճորճթաուն», «Ինտիանա», «Փրենսթըն» համալսարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` թրքական ուսումնասիրութեան եւ հակահայ զանազան ուսումնասիրութիւններ կատարող հաստատութեան մը ստեղծումը, որ տարեկան երկու գիրք կը հրատարակէ. այսպէս, վեց տարուան ընթացքին հրատարակած են տասներկու գիրքեր: Այս աշխատանքները անշուշտ թրքական կառավարութեան կողմէ նիւթական օժանդակութիւններով կը կատարուին:
Իսկ եթէ հարց տանք, թէ ինչպէ՞ս կը պատասխանեն հայերը այս ճնշումներուն, նախ ըսենք, որ հայերս անշուշտ պետութեան կողմէ ոչ մէկ օգնութիւն կը ստանանք: Թուրքերուն նիւթական հասոյթին չափ դրամ չունինք: Մենք ունինք Հայ դատի յանձնախումբերը եւ մեր ժողովուրդը, որոնք լաւ յարաբերութեան մէջ են Ամերիկայի ծերակոյտին հետ: Ասիկա մեզի օգնած է ազդեցութիւն ունենալու ծերակոյտին եւ մամուլին վրայ: Անշուշտ հարկ եղած պարագային ժողովուրդը կը կատարէ իր բողոքի ցոյցը, մանաւանդ որ Ամերիկան իր քաղաքականութեամբ կը թեքի դէպի Թուրքիա եւ ոչ` Հայաստան:
Հ.- Շատեր չեն համոզուած, որ լոպիինկը արդիւնաւէտ է: Ի՞նչ է ձեր կարծիքը այս նիւթին շուրջ:
Պ.- Լոպիինկը շատ կարեւոր է: Անիկա կարեւոր եղած է մանաւանդ այն քսանվեց երկիրներուն մէջ, որոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս ճանաչումը մեծ ազդեցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ վրայ եւ պատճառ կը դառնայ տակաւին, որ Թուրքիա միլիոնաւոր տոլարներ ծախսէ կանխելու համար ապագայ ճանաչումները: Ամերիկայի մէջ ալ լոպիինկը շատ կարեւոր է, բայց բաւարար չէ: Ամերիկան հսկայական պետութիւն մըն է, որ իր շահերը կը հետապնդէ, եւ ասիկա կը կարօտի մեր չդադրող աշխատանքին, որ արգելք դառնանք դէպի Թուրքիա Ամերիկայի թեքումին: Մեր աշխատանքին ամէնէն կարեւոր իրադարձութիւնը երկու տարի առաջ պատահած ծերակոյտին կողմէ Ցեղասպանութեան հատուցումին բանաձեւին ընդունումն էր: Ատիկա կ՛ընդգրկէ Օսմանեան կայսրութեան կողմէն գրաւուած եկեղեցիներուն եւ կալուածներուն վերադարձը քրիստոնեաներուն: Այս տարի նորէն ներկայացուցած ենք այդ բանաձեւը, որպէսզի մնայուն կերպով ճնշում բանեցնենք Թուրքիոյ վրայ: Այս ձեւով, Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու պարագային, Թուրքիան կը ստիպուի նաեւ կատարելու վնասուց հատուցումները, որովհետեւ մեր աշխատանքները չեն նպատակադրեր միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումը, այլ նաեւ` վնասուց հատուցումը, որ միշտ պիտի պահենք օրակարգի վրայ:
Հ.- Ցեղասպանութեան ճանաչո՞ւմը, թէ՞ վնասուց հատուցումը աւելի առաջնահերթ է եւ ինչո՞ւ: Որքա՞ն իրարմէ կախեալ են:
Պ.- Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը ամբողջովին կախեալ չեն իրարմէ: Նոյնիսկ եթէ Ցեղասպանութիւն չըլլար, մենք պիտի ունենայինք հողերու խնդիրը: Մենք իրաւունք ունինք վերատիրանալու մեր հողերուն: Երկուքն ալ կարեւոր են, բայց որովհետեւ այսքան տարիէ ի վեր ճանաչման համար պայքար կը մղենք, նախընտրելի է ներկայիս աշխատիլ հատուցման համար: Պէտք է կեդրոնանանք հատուցումի պահանջին վրայ, յատկապէս որովհետեւ Թուրքիան կը փորձէ բաժնել զանոնք իրարմէ: Թուրքիան Ցեղասպանութիւնը հերքելով` մեզ բանտարկած է ճանաչում պահանջելու աշխատանքին մէջ, եւ հիմա որոշ չափով ստիպուած ենք անցնիլ դէպի հատուցման հանգրուան:
Նշենք նաեւ, որ այս գործը ոչ միայն Ամերիկայի, այլ նաեւ բոլոր հայկական գաղութներուն մէջ պէտք է տարուի: Անհրաժեշտ է այս խնդիրը դնել ժողովուրդին առջեւ եւ յստակացնել, թէ ի՛նչ են մեր պահանջները եւ յիշեցնել մեր նպատակը` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի կերտումը: Նոյնիսկ եթէ անկախ Հայաստան մը ունինք, մեր ժողովուրդին մէկ մասը մոռցած է, որ միացեալ չէ մեր հայրենիքը:
Հ.- Երբ կ՛ըսէք «հատուցում», ինչի՞ կ՛ակնարկէք:
Պ.- Երբ կը խօսինք հատուցման մասին, նախ կ՛ուզենք անդրադառնալ մեր հողերուն, եկեղեցիներուն, տուներուն եւ այն ամէն ինչին, որ ունեցեր ենք ժամանակին: Երկրորդ, նահատակներուն արեան գինը պէտք է վճարէ Թուրքիան: Երկրորդը ուղղակի կապուած է Ցեղասպանութեան, իսկ առաջինին մասին կարելի է խօսիլ առանց անդրադառնալու Ցեղասպանութեան: Նաեւ նկատի առնենք, որ հատուցման համար միջազգային շարժում մը կայ. արդարեւ, մենք առաջինը չենք, որ այս տեսակի քայլի կը դիմենք: Կարելի է նշել Հարաւային Ափրիկէի օրինակը. սեւամորթները, որոնք անցեալին ստրուկ էին Ամերիկայի մէջ, ներկայիս կը խօսին իրենց իրաւունքներու հատուցման մասին:
Հ.- Ի՞նչ կարեւորութիւն ունի հատուցումը հայ պետականութեան հզօրացման մէջ:
Պ.- Առանց հատուցումին, յատկապէս` հողային հատուցումին, մեր ներկայ Հայաստանը երբե՛ք ապահով պիտի չըլլայ: Հայաստանի շրջափակումը եւ թշնամիներով շրջապատուած ըլլալը պատճառ կը դառնան, որ ան ինքնաբաւ չըլլայ: Այս հարցերը կը լուծուին, երբ բռնագրաւուած հողերը վերադարձուին մեզի. փաստօրէն Արցախի անկախութենէն ետք Հայաստան կրցաւ դառնալ աւելի ինքնաբաւ. ներկայիս ոչ միայն Արցախը գրեթէ ինքնաբաւ է, այլ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրապետութեան կ՛օժանդակէ, օրինակ` ցորենի արտածումով: Հայաստան ներկայիս աւելի սննդամթերք ունի, որովհետեւ իր կողքին ունի ուրիշ հայկական պետութիւն մը` Արցախը, որ իրեն սննդամթերք կը հայթայթէ: Աւելի՛ն. Արցախը ջրելեկտրական ուժ կը ծախէ Հայաստանին: Ուրեմն, Արցախի օրինակէն մեկնելով, եթէ Կարսը, Արտահանը, Իգդիրը եւ Արեւմտեան Հայաստանի միւս շրջանները միանան Հայաստանին, այս վերջինը կրնայ ինքնաբաւ դառնալ եւ ունենալ աւելի ապահով սահմաններ ու բարելաւ տնտեսութիւն. իսկ եթէ Ուիլսընեան սահմաններուն համաձայն, դէպի Սեւ ծով ելք ունենանք, ա՛լ աւելի դիւրին կ՛ըլլայ յարաբերիլ արտաքին աշխարհին հետ, եւ շատ աւելի կը զարգանան Հայաստանի առեւտուրը եւ տնտեսութիւնը:
Հ.- Ի՞նչ են հատուցման հասնելու միջոցները: Ի՞նչ պէտք է ընեն Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ սփիւռքը:
Պ.- Իւրաքանչիւր երկրի մէջ տարբեր աշխատանքներ կը տարուին: Գլխաւորը մեր ժողովուրդը դաստիարակելն է` անոր ներկայացնելով մեր նպատակները, որպէսզի ինքն ալ իր կարգին պահանջատէր ըլլայ: Ատկէ բացի, պէտք է հարցը բոլոր երկիրներուն քաղաքական օրակարգի վրայ դրուի: Ճիշդ է, որ ներկայիս Հայաստան չի կրնար այդ մէկը ընել, բայց ապագային հատուցումը պէտք է դնել նոյնիսկ պետական քաղաքական օրակարգին վրայ: Այս երկու կէտերու իրագործումէն ետք արդէն յայտնի կ՛ըլլայ, թէ ինչպէ՛ս պիտի շարունակենք հատուցման մեր աշխատանքները:
Հ.- Կարելի՞ է Հայկական հարցին լուծումը ակնկալել Թուրքիոյ ներսէն: Պէ՞տք է մեր աշխատանքները կեդրոնացնել Թուրքիոյ վրայ:
Պ.- Այո՛, մեր աշխատանքներուն մէկ մասը պէտք է կեդրոնանայ Թուրքիոյ վրայ: Եթէ Թուրքիոյ մէջ մտածելակերպի փոփոխութիւն ըլլայ եւ Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յոյսեր, արդէն մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրած կ՛ըլլանք: Ուրեմն մեր աշխատանքը պէտք է շարունակենք թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ գաղութներուն: Իսկ այն բանաձեւերը, որոնք ընդունուած են Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտին կամ Ֆրանսայի խորհրդարանին կողմէ, չեն դժուարացներ Թուրքիոյ մէջ մեր գործերը, ինչպէս կը մտածեն կարգ մը մարդիկ: Ընդհակառա՛կը, անոնք աւելի՛ առիթ կը ստեղծեն եւ աւելի՛ ազատութիւն կու տան մեզի Թուրքիոյ մէջ արծարծելու Ցեղասպանութեան հարցը` ճնշումներ բանեցնելով Թուրքիոյ վրայ:
ԶԱՒԱՐԵԱՆԱԿԱՆ ԷՋԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

