Մեր Խօսքը

IMG_2710Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼԵՄ-ի կողմէ 24 ապրիլին Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ կատարուած ցոյցին ընթացքին ԶՈՄ-ի արտասանած խօսքը:

99 տարիներու հեռաւորութիւնը Հայոց ցեղասպանութիւնը չի դարձներ պարզապէս պատմական դէպք մը, որ պէտք է շրջանցել: Արդարեւ, այսօր Ցեղասպանութեան հետեւանքները կը կրեն միլիոնաւոր հայեր, որոնք կը ծնին ու կ՛ապրին սփիւռքի մէջ, իրենց հայրենի հողին կարօտով: Ցեղասպանութեան հետեւանքները կը կրէ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ դժբախտաբար այսօր ամբողջական չէ եւ չունի զարգացման ու բարգաւաճման յարմար պայմանները: Պէտք է աւելցնել, որ անցնող 99 տարիներուն Հայոց ցեղասպանութիւնը չէ ունեցած իր արժանի դատավարութիւնն ու արդար հատուցումը: Ճիշդ է, անհատական իմաստով «Նեմեսիս» շարժումը կատարած է արդարահատոյցը, սակայն պետական իմաստով ոչ մէկ դատավարութիւն տեղի ունեցած է: Այս առաւել եւս պատճառ մըն է, որ Ցեղասպանութիւնը պատմական դէպք մը չէ, այլ` այժմէական մեր հարցերուն մեծ մասին սկզբնապատճառը:

Արդէն յստակ է, որ Ցեղասպանութիւնը անժխտելի իրողութիւն է: Այս հարցին հետ առնչութիւն ունեցող բոլոր պետութիւնները լաւապէս կը գիտակցին ատոր, անոնց արխիւները լեցուն են Ցեղասպանութեան վերաբերող փաստաթուղթերով: Իրաւական գետնի վրայ  բոլորին համար  անհերքելի իրողութիւն է Ցեղասպանութիւնը, ՄԱԿ-ի ցեղասպանութեան բանաձեւը վկայ: Ուրեմն պարզ է,  որ Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը վերածուած է պարզապէս քաղաքական կռուի մը: Այսօր հատուցումն է այն հիմնական պատճառը, որ կը մղէ Թուրքիան` մերժողական քաղաքականութիւն վարելու եւ ուրանալու Հայոց ցեղասպանութիւնը:  Արդարեւ, անոնք տարիներէ ի վեր կը մղեն ուրացման քաղաքականութիւն եւ միլիոնաւոր տոլարներ կը մսխեն յառաջ տանելու համար այդ քաղաքականութիւնը: Այսօր մեր հիմնական պահանջը հատուցումն է: Մեզի համար առանց հատուցման պէտք չէ ճանաչում: Ճանաչման հանգրուանը անցած ենք շատոնց: Մենք կը պահանջենք հատուցում` զոհուած անհատներուն փոխարէն, գրաւուած կալուածներուն փոխարէն, ինչպէս նաեւ` աւերուած յուշակոթողներուն փոխարէն: Այսօր միայն հատուցումն է, որ կարելի կը դարձնէ մեր նպատակներու իրագործումը, միայն  հատուցումն է, որ կ՛երաշխաւորէ հայոց պետականութեան զարգացումն ու բարգաւաճումը`  ազատելով զայն շրջափակումէ ու ելք տալով դէպի Սեւ ծով:

Մենք կը գիտակցինք, որ մեր այսօրուան պայքարին կիզակէտը պէտք է դառնայ Թուրքիան: Թուրքիան, որ կը խեղաթիւրէ պատմութիւնը, Թուրքիան, որ միլիոնաւոր սփիւռքահայերը կը դիտէ պարզապէս Ա. Աշխարհամարտի դէպքերու իբրեւ հետեւանք ստեղծուած հանրութիւն, Թուրքիան որ իր քաղաքակիրթի դիմակը հագած` մեզի կը հրաւիրէ վերադառնալու մեր իսկ հողերը, բայց միւս կողմէ կը սպաննէ Հրանդ Տինքն ու իր սահմանները լայն կը բանայ զինեալներու դիմաց, որպէսզի անոնք հանգիստ աւերեն հայաբնակ Քեսապ աւանը:

Ո՛չ, պարզապէս պատերազմի տեղաշարժի պատճառով միլիոնաւորներ հաշուող սփիւռք չի ստեղծուիր, մէկուկէս միլիոն մարդ չի սպաննուիր եւ հարիւր հազարաւոր հայեր կրօնափոխ չեն ըլլար:

Այսօր մենք քաջ կը գիտակցինք, որ Թուրքիոյ հետ որոշ շփման աշխատանքի ժամանակ է: Շփում չի նշանակեր հաւասար երկխօսութիւն: Պայքարը պէտք է տանիլ Թուրքիոյ ներսէն, պէտք է փորձել օգտագործել թրքական օրէնքները ի նպաստ Հայ դատի աշխատանքներուն, պէտք է Թուրքիոյ պատմութեան չխեղաթիւրուած տարբերակը ներկայացնել թուրք ժողովուրդին: Վերջ ի վերջոյ Թուրքիան եթէ կը փորձէ դառնալ քաղաքակիրթ եւ  ժամանակակից պետութիւն, ապա անիկա պէտք է պարզապէս իր պատմութեան հետ ըլլայ հաշտ:

Եթէ հարիւրամեակը պիտի ըլլայ անկիւնադարձային, ապա ատիկա այդպէս պիտի ըլլայ մի միայն ի նպաստ Հայ դատին, որովհետեւ եթէ աշխարհը պահած է իր մարդկայնութենէն տոկոս մը, ապա անիկա պէտք է որոշ ակնկալիքներ ունենայ Թուրքիայէն` հարիւրամեակին: Վերջապէս կ՛ուզենք շեշտել, թէ մենք պիտի շարունակենք մեր պայքարը հարիւրամեակէն անդին` մինչեւ մեր նպատակներուն իրագործումը, մինչեւ Սեւրի դաշնագրի գործադրութիւնը եւ մինչեւ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծումն ու բարգաւաճումը:

IMG_2631

Լուսանկարները՝ Studio Alex-ի

Լուսանկարները՝ Studio Alex-ի

Share this Article
CATEGORIES