Անմնացորդ Ծառայասէրը` Ժան Ապաճեան*
Հիմա, երբ գաղափարին եւ անմնացորդ ծառայութեան կրակով պողպատացած հողածին մարմինը արդէն յանձնեցինք հողին, վստահ եմ, որ ձեր բոլորին մտապաստառին վրայ աւելի պայծառացաւ եւ ամբողջական ներկայութիւն դարձաւ ազնիւ կերպարը այն խոնարհ ծառային, որուն կեանքին պատմութիւնը օր մը օրանց չանջատուեցաւ իր սերունդին կենսագրութենէն եւ արդարօրէն եղաւ մէկ հարազատ թարգմանը վաւերականօրէն համեստ դաշնակցականներու համընդհանուր վարքին:
4 ապրիլ 1943-ին աչքերը լոյսին բացած Ժան Ապաճեան անուն այս ազնիւ հայորդին նաեւ փոքր տարիքէն ինքզինք պիտի գտնէր ՀՄԸՄ-ի դպրոցին մէջ: «Միշտ պատրաստ» կոչին ընդառաջելով` պիտի բարձրանար լուռ եւ անշշուկ, պիտի բարձրացնէր հաւատարմութիւնն ու արժանապատուութիւնը իր սերունդին` 1976-ին ինքզինք նուիրելու համար իր ժողովուրդին ծառայելու դաժան հրաւէրին` այս անգամ իբրեւ ուխտեալ դաշնակցական: Եւ ճիշդ այդ օրէն սկսեալ ու մինչեւ շունչ վերջին, միս ու ոսկորի անբաժանելի զօրութեամբ` ան պիտի մնար մէկ ու անբաժան: Համեստ ու ծառայասէր ՀՄԸՄ-ականը Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ եւ խստապահանջ ու ուխտեալ գաղափարապաշտը` ՀՄԸՄ-ի ընտանիքէն ներս:
Հաւանաբար այդ իսկ պատճառով, բախտաւոր աստղի տակ ծնած մեր եղբայր ընկերն ու ընկեր եղբայրը պիտի ունենար հարուստ կենսափորձ մը, նախանձելի ըլլալու աստիճան պերճ ու շքեղ կենսագրավէպ մը, որուն զոյգ գիծերը պիտի ընթանային միասին, երկաթուղագիծի զուգահեռականութեամբ, այն բացառութեամբ սակայն, որ անոնք միշտ իրարու պիտի հանդիպէին եւ զիրար ամբողջացնէին:
Լիբանանի դժնդակ օրերուն իր դաշնակցականի ծառայական ուխտը կատարած ընկեր Ժան Ապաճեան նաեւ, յար եւ նման իր սերնդակից երիտասարդներուն, ոգի եւ նկարագիր պիտի կազմէր դաշնակցական գործի վառ քուրային մէջ: Յարաբերական աշխատանքներու պատասխանատուութիւնը մեծ խանդավառութեամբ ստանձնած երիտասարդ ուխտեալին կերպարը պիտի բարձրանար տարօրինակ արագութեամբ եւ կարճ ժամանակ անց իրեն պիտի վստահուէր Քեսրուանի շրջանին մէջ նախ «Աղբալեան» կոմիտէի եւ ապա Կեդրոնական կոմիտէի եւ հուսկ` «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէի լիազօր ներկայացուցիչի պատասխանատու պարտականութիւնը, զոր պիտի վարէր ամենայն ձեռնհասութեամբ, խոր գիտակցութեամբ եւ անանձնական նուիրումով` արժանանալով տեղացի կուսակցական շրջանակներուն ու պետական պատասխանատու դէմքերուն ամբողջական յարգանքին ու բարձր գնահատանքին: Ճիշդ է, որ լիբանանեան հասկացողութեամբ կուսակցապետ, այսինքն` «ռայէս» չէր ընկ. Ժան Ապաճեան, սակայն նոյնքան ճիշդ է, որ իր քաղաքական ճկունութեամբ, սկզբունքային անշեղութեամբ, յարգալիր պահուածքով, բայց մանաւանդ ուխտեալ դաշնակցականի աներեր վճռականութեամբ ան ո՛չ միայն ՀՅ Դաշնակցութեան, այլեւ շրջանի հայութեան անունով խօսող եւ խօսքը կենդանի գործով ապացուցող պատասխանատու դէմքն էր: Դաշնակցութեա՛ն ներկայացուցիչը, որուն խոստումը պարզ խօսք չէր, իսկ խօսքը` անսակարկ յանձնառութիւն էր եւ արժանապատիւ գործի կենդանի վկայութիւն: Չէ՞ որ շրջանի կոմիտէին լիազօր ներկայացուցիչն էր եւ արժանաւոր մէկ անդամը ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Յարաբերական մարմինին:
Ա՛յս որակի դաշնակցական էր ընկ. Ժան Ապաճեան եւ այս զոյգ հանգամանքներով գործեց ու ծառայեց տասնամեակներ շարունակ: Անշահախնդրօրէն, ամենայն համեստութեամբ, ամբողջական յանձնառութեամբ եւ պողպատեայ վճռակամութեամբ, մէկ խօսքով` դաշնակցակա՛նաբար:
Ահա թէ ինչու, անկարելի է ընկ. Ժան Ապաճեանի կենսագրութիւնը անջատել Ժունիէի միութենական, կուսակցական եւ ազգային հաւաքական պատմութենէն, իսկ շրջանի վերջին չորս տասնամեակներու համընդհանուր կեանքին գումարը` մեր սիրելի ընկերոջ ազնիւ ու արի, վեհ ու բարի կենսագրավէպէն:
Թուել ո՞ր մէկ իրագործումը հարազատին եւ օտարին սէրն ու յարգանքը արժանաբար նուաճած մեր այս եղերաբախտ ընկերոջ եւ անտես ընել իր անուան կապուած ո՛ր գործը: Յիշատակել, որ Ժունիէի ակումբի ծրագրումին ու շինարարական աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում եւ դերակատարութիւն ունեցած է ան եւ անցնի՞լ: Հապա՞ ռումբերէն վիրաւոր ակումբը վերաշինելու ճիգին ու աշխատանքին մէջ իր ունեցած գլխաւոր դերակատարի, դուք հասկցէք` առաջին ու վերջին պատասխանատուի իր փառքն ու պատիւը: Այսքա՞ն միայն:
Անկասկա՛ծ ոչ: Եկեղեցի եւ ակումբ սովորական կառոյցներ չէին ընկ. Ժանին համար, չէին կրնար ըլլալ եւ երբե՛ք չեղան, որովհետեւ իր հոգեմտաւոր սնունդին եւ գաղափարական լիցքաւորման մնայուն աղբիւրներն էին, իր առաջին եւ վերջին տունը` նոյնիսկ իր սեփական օճախէն առաջ եւ վերջ: Ահա թէ ինչու ան ո՛չ միայն գործնապէս իր մասնակցութիւնը բերաւ այս զոյգ կառոյցներուն վերանորոգման աշխատանքներուն, այլեւ հոգեկան անհուն ուրախութեամբ իր ուսերուն վերցուց ա՛յս սրահին, «Ժան Ապաճեան» սրահին բարեզարդման ու վերածաղկման բարերարի հոգեկան անհուն ուրախութիւնն ու պատիւը:
Չէ՞ որ Ժունիէի քաղաքապետութեան խորհուրդի անդամներուն հետ ունեցած իր բացառիկ կապերուն շնորհիւ յաջողած էր պահել ու պահպանել ակումբին հողային տարածքին ամբողջականութիւնը:
Բայց միայն այսքա՞ն: Ո՛չ եւ հազա՛ր ոչ: Լիբանանահայ մեր հաւաքական կեանքի վաղուան պատմագիրը, օրինակ, ոսկի տառերով անպայման պիտի արձանագրէ, որ շնորհիւ Ժունիէի քաղաքապետութեան հետ ունեցած իր բարեկամական բացառիկ կապերուն` Ժան Ապաճեան քաղաքապետարանի սնտուկէն ապահովեց 400,000,000 լիբանանեան ոսկիի մեծագումար վարկ մը` Ժունիէի Ազգային գերեզմանատունը փրկելու համար անոր հողատարածքին վրայ կառուցուած ապօրինի շինութիւններէ:
Կարելի է երկար խօսիլ ընկ. Ժան Ապաճեանի հարուստ գործունէութեան եւ ուսանելի վաստակին մասին: Բայց ինչ ալ ըլլայ այդ խօսքին ծաւալն ու կշիռը, անպայման պիտի միայն թերի, որովհետեւ մեր անմոռանալի ընկերը միայն գործ ու վաստակ չէր, այլեւ` մէկ պերճախօս վկան սերունդէ սերունդ փոխանցուող դաշնակցակա՛ն ուխտին: Մինչեւ շունչ վերջին ծառայելու, զոհաբերելու եւ զոհաբերութիւնը գերագոյն աւանդի բարձր պատուանդանին բարձրացնելու սրբազան կտակին:
Յարգանք իր յիշատակին եւ բիւր յարգանք իր վաստակին:
Ս. ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ
* Դամբանական` ՀՅԴ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին անունով արտասանուած:

