ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» Մասնաճիւղ. Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Եւ Քայլարշաւ` Ֆանարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղին, ուրբաթ, 25 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկ:
Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Ֆանարի շրջանին մէջ քայլարշաւով մը, որուն աւարտին ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Ֆանարի շրջանին մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան յուշարձանին շուրջ:
Ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք ձեռնարկին ներկաները հաւաքուեցան Ֆանարի մատրան կից, ուր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անունով խօսք առաւ Արազ Գազանճեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ հայ երիտասարդութիւնը պարտականութիւն ունի պահանջելու հայ ժողովուրդին իրաւունքները եւ շարունակելու իր պապերուն երթը` արթուն պահակը ըլլալով իր դատին:
Ձեռնարկին ընթացքին իր խօսքը արտասանեց Ֆանարի մատրան հոգեւոր հովիւ Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան, որ օրհնեց ներկաներն ու բարձր գնահատեց շրջանին մէջ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզ մը:

Արին Գալուստեան
Ներկայացուեցաւ նաեւ կենդանի պատկեր մը` մասնակցութեամբ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան. գեղարուեստական յայտագիրին ընթացքին Նազօ Փոլատեան հանդէս եկաւ ասմունքով մը, Յարութ Լափաճեան` յեղափոխական երգերով:
Ձեռնարկին պատգամը ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան անունով փոխանցեց Արին Գալուստեան, որ յայտնեց, թէ հաւաքուած ենք այստեղ եւ ամէն տեղ մեր ձայնը լսելի դարձնելու ոչ միայն մեր թշնամիին, այլեւ ամբողջ աշխարհին ըսելու եւ կրկնելու, որ կը պահանջենք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ վնասուց հատուցումը:
Խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան Արին Գալուստեան յայտնեց, որ որքան ալ փշոտ ըլլայ մեր ճամբան, պէտք չէ յուսահատիլ, այլեւ աւելի ուժգնօրէն պէտք է շարունակել մեր ուխտը:
Օրուան ձեռնարկը վերջ գտաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

