Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում` «Էն. Տի. Եու.» Համալսարանին Մէջ

2504NDUԿազմակերպութեամբ «Էն. Տի. Եու.» համալսարանի (Լուէյզէ) հայ ուսանողութեան եւ հսկողութեամբ ու հետեւութեամբ համալսարանի դասախօսներէն դոկտ. Մարալ Պոյաճեանի, ուրբաթ, 25 ապրիլ 2014-ի կէսօրին, Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած յատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջափակին մէջ:  Համալսարանի կարգ մը դասախօսներու, պատասխանատուներու, ուսանողութեան, հիւրերու եւ բարեկամներու ներկայութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց դոկտ. Մարալ Պոյաճեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները պարզեց ձեռնարկին շարժառիթն ու նպատակը: Անգլերէնով արտասանած իր բացման խօսքին մէջ դոկտ. Պոյաճեան յիշեցուց, թէ այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 99 տարիներ ետք, տակաւին ցեղասպան թուրքը կը հերքէ եւ  կ՛ուրանայ իր ոճիրը:

Ապա ան խօսքը փոխանցեց համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Ռամի Ժապպուրի, որ իր կարգին ողջունեց ներկաները եւ արաբերէնով իր ողջոյնն ու գնահատականը յայտնեց բոլոր հայ ուսանողներուն, որոնք հակառակ ցեղասպանութեան արհաւիրքին, նախանձախնդիր են պահպանելու իրենց ազգային ինքնութիւնը, մշակոյթն ու լեզուն:

«Մենք` իբրեւ համալսարանական ուսանողներ, չենք ընդունիր, որ մեզի սերնդակից ուսանողներ, Հայոց ցեղասպանութենէն 99 տարիներ ետք  անտեղեակ մնան հայերուն, ինչպէս նաեւ ասորիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան օրհասական պայմաններէն», ընդգծեց Ժապպուր: Ժապպուր իր հիացմունքը արտայայտեց բոլոր հայ երիտասարդութեան եւ ուսանողներուն նկատմամբ, որոնք հակառակ զանազան լեզուներու տիրապետելնուն, տակաւին նախանձախնդիր են իրենց մայրենի հայոց լեզուն գործածելու: Այս առիթով հրաւիրուած էր` արաբական աշխարհին մէջ հանրածանօթ կատակերգակ, լիբանանահայ արուեստագէտ Փիեռ Շամմասեան, որ արաբերէնով ներկաներուն փոխանցեց իր հարազատ ծնողքին ապրած օրհասական պայմանները` ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն: «Հայրս Ատանայի մէջ իբրեւ աղա ճանչցուած էր, ջարդերէն ետք դարձաւ «ժամկոչ». «մըն Աղա իլա Շամմաս», աւելցուց ան:

Ապա իրեն յատուկ «հիւմըր»-ի ոճով Շամմասեան  ըսաւ .«Եթէ տասը հազար տարի ալ անցնի, օսմանցին օսմանցի կը մնայ, ու եթէ անոնց առիթ տրուի եւ ձեռքերնէն գայ` լուսնին մէջ ալ ցեղասպանութիւն կը գործեն: Փոխադարձաբար, թուրքեր, որ 80 միլիոն կը հաշուեն, թերեւս հազիւ ութ հարիւր արուեստագէտ ունին, մինչ  հայերս 12 միլիոն ենք եւ ունինք 12 միլիոն արուեստագէտ: Մեր մօտ, Հայոց ցեղասպանութեան փորձառութեան հակազդեցութիւնը այսօր դո՛ւք էք, հոս հաւաքուած ներկայ երիտասարդութիւնը: Մեզմէ իւրաքանչիւր հայ, որ յաջող իրագործում կ՛արձանագրէ կեանքի որեւէ ասպարէզի մէջ, օսմանցիին աչքին փուշ մըն է»: Ապա ան իր խօսքը փակեց մէջբերելով  հատուած մը Պարոյր Սեւակէն` դարձեալ արաբերէնով.

«Մենք քիչ ենք սակայն մեզ հայ են ասում,  
Մենք մեզ ոչ մէկից չենք գերադասում…
Կանգ պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»:

Այս առիթով ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, ուր Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ երէց թէ կրտսեր  դպրաց դասը ելոյթ ունեցաւ «Կոտորածն անգութ» եւ Հայոց ցեղասպանութեան յատուկ այլ երգերով: Նանօր  Տոներեան-Քելեշեան եւ Սարին Մարկոսեան հայկական տարազով ու նազանի մենապարով տպաւորեցին ներկաները: Նարեկ Թերզեան երգեհոնի վրայ նուագեց «Զարթի՛ր որդեակ» եւ այլ երգեր: Ուշագրաւ էր համալսարանի հայ ուսանողութեան կրած սեւ շապիկը, որուն վրայ Հայոց ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող պատկեր եւ գրութիւն կար, մտայղացք ու պատրաստութիւն` Կարօ Կարէն Սարգիսի եւ Պետիկ Քէօհիւլեանի: Իսկ ձեռնարկի տեւողութեան արուեստագէտ Մարալ Մանիս (Մանիսալեան) տեղւոյն վրայ գծեց ցեղասպանութեան նահատակ ու ճողոպրած սերունդները խորհրդանշող պատկեր մը: Նմանապէս հալէպահայ քանդակագործ Գէորգ Գունտաքճեան ներկաներուն պարզեց յատուկ այս առիթով 24 ժամուան ընթացքին իր պատրաստած խաչքարը: Նախքան ձեռնարկի բացումը ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Նշենք, որ այս առիթով համալսարանի միութիւնը յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր` դատապարտելով 1915-ի ցեղասպանութիւնը:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES