ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» Կորիզ. Հայոց Ցեղասպանութեան 99-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Արարատ» կորիզին, շաբաթ, 26 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 99-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ Ժիպէյլի Հայ կեդրոնէն քայլարշաւով մը` դէպի Ժիպէյլի «Արմենիա» փողոցին վրայ կանգնեցուած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին նուիրուած յուշակոթող, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք մասնակիցները վերադարձան Ժիպէյլի Հայ կեդրոն:
Մասնաճիւղին անունով բացման խօսքը կարդաց Մերի Կարապետեան, որ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան հանգրուանները եւ անոր յաջորդած դէպքերը` հաստատելով, որ թէեւ այսօր Հայաստանը անկախացած է, բայց տակաւին Հայ դատը իր վերջնական լուծումին չէ հասած եւ տակաւին ճամբան շատ երկար է հասնելու մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդար հատուցումին: Բացման խօսքէն ետք ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի քարոզչական յանձնախումբին պատրաստած տեսերիզը:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Աւետիս Կիտանեան: Ան իր խօսքի առաջին բաժինով յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկները տարին անգամ մը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յարգանքի տուրք մատուցելու առիթներ են, սակայն Եղեռնը պէտք է մեր առօրեային մէջ մնայուն կերպով ներկայ ըլլայ:

Աւետիս Կիտանեան
Կիտանեան նշեց, որ 1915-էն մինչեւ այսօր հայութեան համար պահանջատիրութիւնը անցաւ տարբեր հանգրուաններէ` պահելով իր վախճանական նպատակը: Անիկա ունեցաւ արտայայտութեան եւ դրսեւորումի զանազան ձեւեր:
Կիտանեան կոչ ուղղեց երիտասարդութեան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին վերցնելու ջահը եւ շարունակելու երթը` անցնելու համար ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչումէն դէպի հատուցում: Ան նաեւ անդրադարձաւ 2013-ին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի միացեալ դիմումին` եկեղեցական կալուածներու վերադարձին առնչութեամբ: Ան շեշտը դրաւ նաեւ Հայ դատի հետապնդման մէջ երիտասարդութեան ունեցած հիմնական եւ կարեւորագոյն դերին վրայ, մանաւանդ ներկայիս արհեստագիտութեան ընձեռած լայն կարելիութիւններուն լոյսին տակ:
Իր խօսքի աւարտին Կիտանեան անդրադարձաւ նաեւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցեղասպան թուրքին շարունակուող հալածանքին, յատկապէս վերջերս Քեսապի մէջ վերջինիս ունեցած մեղսակցութեան` հայաբնակ գիւղի բնակիչներուն տեղահանման աշխատանքին մէջ:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով, որմէ ետք ներկաները ծաղիկներ զետեղեցին Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտին շուրջ:

