Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերական Միաւոր. «Տը Չիլտրըն Աֆ Էյփրիլ» Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերական միաւորի վարչութեան եւ գործակցութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին առիթով երէկ` կիրակի, 27 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Տը Չիլտրըն աֆ Էյփրիլ» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, բեմադրութեամբ` Ծովիկ Թորիկեանի, որ կը ներկայացնէ վերապրողներու վկայութիւնները:
Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան, որ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ապա ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք մնացին շատ քիչ թիւով վերապրողներ, որոնք ենթարկուեցան չարչարանքի, հալածանքի, տառապանքի, սակայն այդ բոլորը յաղթահարելով մոխիրէն վերստին յառնող փիւնիկի նման կեանք առին, բազմացան, տարածուեցան աշխարհի չորս կողմերը` յուսախաբութեան մատնելով թուրքը, որ կ՛երազէր բնաջնջել հայ ազգը եւ միայն 1 հայ ձգել թանգարանին մէջ:
Մարալ Մխսեան նաեւ ամփոփ տեղեկութիւններ ներկայացուց Ծովիկ Թորիկեանի կենսագրականին եւ անոր գործունէութեան մասին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Տը Չիլտրըն աֆ Էյփրիլ» 22 վայրկեան տեւողութեամբ վաւերագրական ժապաւէնը, որուն աւարտին ներկաները առիթ ունեցան հարցումներ յղելու Ծովիկ Թորիկեանին:

