ՔԱԿ-ի Զինեալներ Երկու Թուրք Զինուոր Առեւանգած Են

2604PKK«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալներ շաբաթ գիշեր Թուրքիոյ Հանրապետութեան հարաւ-արեւելքը գտնուող Լիս քաղաքին մօտ երկու թուրք զինուոր առեւանգած են` իբրեւ բողոք զինուորական կեդրոնի մը կառուցման:

«Անատոլու» կը նշէ, որ քիւրտ ցուցարարներ 5 օրէ ի վեր փակած են այլ ճամբայ մը` իբրեւ բողոք նշեալ կեդրոնի կառուցման: Թրքական բանակը կրակ բացած է ցուցարարներուն վրաններուն վրայ, որուն պատճառով զոհեր արձանագրուած են:

«Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ քիւրտ զինեալները առեւանգման գործողութենէն ետք յայտարարած են, որ երկու զինուորները ազատ պիտի արձակեն այն ժամանակ միայն, երբ զինուորական կեդրոնի կառուցման դադրեցումը պաշտօնապէս յայտարարուի:

Share this Article
CATEGORIES