Ռուսամէտ Զինեալներ ԵԱՀԿ-ի Դէտեր Ձերբակալեցին
Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ռուսամէտ զինեալներ ձերբակալած են Եւրոպական զինուորական դէտեր: Սլովիանսքի մէջ ձերբակալուած դէտերէն մէկը յայտնեց, որ խմբակի անդամներէն ոչ մէկուն վնաս հասած է: ԵԱՀԿ-էն խումբ մը կը յուսայ բանակցութիւններու սկսիլ:
Ռուսամէտ զինեալներ կը շարունակեն գրաւուած պահել երկրին արեւելքը գտնուող պետական շէնքերը` այդպիսով մարտահրաւէր ուղղելով Քիեւի կառավարութեան: Տոնեցքի մէջ անոնք գրաւեցին շրջանային պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կեդրոնները` պահանջելով, որ Ռուսիոյ պետական կայաններուն սփռումները վերականգնուին եւ փոխարինեն ուքրաներէն սփռումները:
Զինեալները երէկ յայտնեցին, որ գիշերանց ձերբակալած են ուքրանական ապահովական մարմիններու անդամներ: Քիեւ հաստատեց լուրը:
Նշենք, որ Եօթներու խմբակը շաբաթ օր գովաբանեց Ուքրանիան` «զինեալ աւազակախումբերու» նկատմամբ ինքնազսպումով վարուելուն համար եւ նշեց, որ յանձնառու կը մնայ յառաջիկայ ամիս Ուքրանիոյ մէջ նախագահական ընտրութեան նախօրեակին Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու որդեգրումին: Կը նախատեսուի, որ Եւրոպական Միութեան դիւանագէտները այսօր ժողով մը գումարեն` քննարկելու համար Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ հաստատելու կարելիութիւնը:

