Վատիկան Յովհաննէս Պօղոս Բ. Եւ Յովհաննէս ԻԳ. Պապերը Սրբադասեց
Ֆրանչիսկոս պապը Յովհաննէս Պօղոս Բ. եւ Յովհաննէս ԻԳ. պապերը հարիւր հազարաւոր ներկաներու դիմաց սուրբ հռչակեց: Ան Վատիկանի մէջ կատարուած սրբադասման արարողութեան ընթացքին իր երկու նախորդները գովաբանեց` զանոնք կոչելով «քաջարի մարդիկ»:
Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն է, որ միաժամանակ երկու պապեր կը սրբադասուին:
Արարողութեան կը մասնակցէին շուրջ 100 օտար պատուիրակութիւններ, ինչպէս նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ. հրաժարեալ պապը:
Ֆրանչիսկոս պապը յայտնեց, որ երկու պապերը 20-րդ դարու ողբերգական իրադարձութեանց ընթացքին ապրեցան, սակայն այդ դէպքերուն դիմաց չընկրկեցան, որովհետեւ «անոնց համար Աստուած աւելի հզօր էր»:
Ըստ Վատիկանի, 800 հազար ուխտաւորներ Հռոմ ժամանած են ներկայ գտնուելու համար երկու ժամ տեւողութեամբ արարողութեան:
Ըստ «Պի.Պի.Սի.»-ի, բարեկարգումի շարժումին նախաձեռնած Յովհաննէս ԻԳ.-ը եւ այդ բարեկարգումները կասեցուցած Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ը միատեղ սրբադասելով` Ֆրանչիսկոս պապը ճարպիկ կերպով խուսափած է կողմնակալութեան համար որեւէ հաւանական քննադատութենէ:

