Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՎԱՐՉԱՊԵՏ Թամմամ Սալամ հրապարակեց շրջաբերական մը, որուն հիման վրայ 1 մայիսին պետական բոլոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի մնան:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրի շաբաթավերջին Ռիատի մէջ ընդունեց նախկին նախարար, նախագահական ընտրութեան թեկնածու Ժան Օպէյտը: Օպէյտ հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ սէուտցի բազմաթիւ պաշտօնատարներու հետ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Ժետտա: Նշենք, որ Ապու Ֆաուր տակաւին չորս օր առաջ կը գտնուէր Սէուտական Արաբիոյ մէջ: Ան յայտնեց, որ Ազգային պայքարի ճակատ երեսփոխանական պլոքը խորհրդարանին գումարելիք նախագահական ընտրութեան բոլոր նիստերուն ընթացքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի միջեւ համաձայնութիւն գոյացնելու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները անճիշդ են եւ աննախատեսելի:
«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութեան վերջին նիստին ընթացքին վարչապետ Թամմամ Սալամ նախարարներէն պահանջեց պետական հաստատութիւններու ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնի համար ատակ թեկնածուներու անուանացանկ մը ներկայացնել:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ ապահովական միջոցառումներու յատուկ օրուան առիթով, ապահովութեան ուժերը կրցած են ձերբակալել 20 յանցագործներ, որոնք պահանջուած են դատական իշխանութիւններուն կողմէ:
ԲԱՆԱԿԻ հրամանատարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Թրիփոլիի մէջ երկու քաղաքացիներ եւ եօթը զինուորականներ, որոնցմէ երկուքը` սպաներ, վիրաւորուած են, երբ անծանօթ մը ձեռնառումբ նետած է բանակի շրջուն ջոկատի մը վրայ: Աւելի ուշ բանակը յաջողած է ձերբակալել յանցագործը:

