Ռայի Պատրիարքը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Հարիրիի Հետ

254824_mainimgՄարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Քննարկուեցան նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախագահին հետ Ռայի պատրիարքին ունեցած հանդիպումին արդիւնքները:

Ռայի պատրիարքը եւ Հարիրի ընդգծեցին նախագահական ընտրութիւնները սահմանադրութեան ճշդած Ժամկէտին ընթացքին կատարելու անհրաժեշտութիւնը` յանձնառու մնալու համար Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ժողովրդավարութեան եւ լիբանանցի ժողովուրդին բարօրութեան:

Անոնք հաստատեցին նաեւ, որ լիբանանցիները իրաւունք ունին ունենալու հանրապետութեան նախագահ մը, որ կ՛իրականացնէ անոնց ձգտումները, ինչպէս նաեւ կը ստանձնէ միջազգային եւ շրջանային առումով Լիբանանէն պահանջուած դերակատարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES