Մըքտատ Եւ Նասրէտտին Ընտանիքներուն Միջեւ Զինեալ Բախումներէն Ետք` Հաշտութիւն

Հարաւային արուարձաններու Ժամուս շրջանին մէջ Մըքտատ եւ Նասրէտտին ընտանիքներուն միջեւ շաբաթավերջին արձանագրուեցան զինեալ բախումներ, որոնք պատճառեցին վիրաւորներ եւ որոնց պատճառով հրկիզուեցաւ բնակարան մը:

Բանակը եւ ապահովութեան ուժերը իսկոյն ուղղուեցան շրջան եւ միջամտեցին` կասեցնելու համար զինեալ բախումները եւ հակակշիռի տակ առնելու համար կացութիւնը:

Նշենք սակայն, որ վստահելի աղբիւրներ երէկ հաստատեցին, որ Մըքտատ եւ Նասրէտտին ընտանիքներուն միջեւ հաշտութիւն մը գոյացած է` Ռաշիտ Ժաաֆարի Պէյրութի բնակարանին մէջ, երկու ընտանիքներուն հետ հաստատուած հեռաձայնային բարձր մակարդակի հաղորդակցութիւններուն իբրեւ արդիւնք:

Share this Article
CATEGORIES