«Լիբանանի Նախագահը Պէտք Է Ըլլայ Դիմադրութեան Բարեկամը» Շեշտեց Ալի Ֆայեատ

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահը պէտք է ըլլայ Դիմադրութեան բարեկամը եւ յանձնառու մնայ լիբանանցիներուն միջեւ համախոհութեան:

Ան նշեց, որ լիբանանցիները անհամբեր են հանրապետութեան նախագահ մը ընտրելու առումով` շեշտելով անոր անհրաժեշտութիւնը` Լիբանանի շահերը ապահովելու իմաստով:

Ֆայեատ ընդգծեց, որ պետական պաշտօնեաներն ու ուսուցիչները պէտք է ստանան աշխատավարձի յաւելումները, որոնք անոնց արդար իրաւունքը կը նկատուին:

 

Share this Article
CATEGORIES