Ասատ Ընդունեց Զօր. Սէյիտը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն զօր. Ժամիլ Սէյիտը:

Հանդիպումէն ետք զօր. Սէյիտ յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ արձանագրուող իրադարձութիւնները կ՛ընթանան զուգահեռ ուղղութիւններով, որոնցմէ առաջինն է զինեալ եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ  պայքարը, իսկ երկրորդը` ազգային համաձայնութիւններուն եւ սուրիական տարբեր քաղաքներուն մէջ հաշտութեան գործադրութիւնը:

Սէյիտ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահական ընտրութիւնները զուտ սուրիական են, եւ ոչ ոք պէտք է անոնց միջամուխ դառնայ:

Ան նշեց նաեւ, որ նախագահ Ասատի հետ քննարկած է շրջանային ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանան-Սուրիա սահմանամերձ շրջաններուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

 

 

Share this Article
CATEGORIES