Պնաշյիի Մէջ . «Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնը Բարդ Է» Կ՛ըսէ Հանրի Կապրիել

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ լիբանանեան-ֆրանսական բարեկամութեան խորհրդարանական խմբաւորումը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն նախագահեց ֆրանսացի (ծագումով լիբանանցի) երեսփոխան Հանրի Կապրիելը:

frenjie_french_delegation

Ֆրենժիէ – ֆրանսական պատուիրակութիւն հանդիպումէն պահ մը

Ներկայ էին նաեւ մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, Թոնի Ֆրենժիէ, Մարատա հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Ալպեր Ճուխատար եւ Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան Ա. քարտուղար եւ տեղեկատուական կցորդ Ֆրանսուա Ապի Սաապ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Կապրիել յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը բարդ է` նկատել տալով, որ ինք լիբանանեան քաղաքական ղեկավարութիւններուն մօտ շօշափած է Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն միասնականութեան նկատմամբ կառչածութիւն մը:

Կապրիել բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն մարդկային վարուելակերպը` անդրադառնալով հարիւր հազարաւոր սուրիացի գաղթականներուն  Լիբանան ժամանումին:

Ան նշեց, որ Լիբանանի համայնքային վարչակարգը սառած վիճակի մէջ կը գտնուի եւ լաւ կ՛ըլլայ, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները դիմեն այնպիսի քայլերու, որոնք կ՛օժանդակեն շրջանցելու դժուարութիւնները:

 

Share this Article
CATEGORIES