Պըրրի. «Լիբանանի Եւ Լիպիոյ Միջեւ Գոյացած Փոխըմբռնումը Պատմական Է»

Խալիլ, Պու Սաապ եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Սատրէտտին Սատըրը` ընկերակցութեամբ Ռաէտ Շարաֆէտտինի եւ անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարին գծով լիպիական իշխանութիւններուն հետ գործակցող դատախազ Հասան Շամիի:
Հանդիպումին ընթացքին նշուեցաւ, որ երկու տարուան անխոնջ աշխատանքներու իբրեւ արդիւնք կարելի եղած է գոյացնել իմամ Մուսա Սատըրի թղթածրարը հետապնդելու իմաստով Լիբանանի եւ Լիպիոյ միջեւ գոյացած փոխըմբռնումի համաձայնագիր մը:
«Անյայտ կորսուած իմամ Մուսա Սատըրի եւ անոր ընկերակիցներուն թղթածրարը հետապնդելու իմաստով լիբանանեան-լիպիական փոխըմբռնումը պատմական է», շեշտեց Պըրրի:
Միւս կողմէ, Պըրրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Պու Սաապ եւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ Ղովմի կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ասաատ Հարտան, նախկին նախարարներ Ֆարես Պուէյզ եւ Ալպեր Մանսուր, ինչպէս նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի:

