ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ ՅԱՂԹՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ…
Սիրելի՛ Ընթերցող, մեր Եկեղեցին երէկ նշեց «Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին ելն ի վիրապէն» հայակե՛րտ տօնը:
Այս տօնը խաւարին հալածումն է լոյսէն, ճշմարտութեան պայքարն է սուտին դէմ, հոգեկանութեան յաղթութիւնն է տեսլականին ի խնդիր եւ գոյատեւումին ճանապարհն է դէպի յաւերժութիւնը:
Լոյսին, ճշմարտութեան, հոգեկանութեան ու գոյատեւումին ռահվիրայ դափնեկիրն է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ իր բանտարկութեամբ, չարչարանքով ու գործունէութեամբ հանդիսացաւ խաւարը հալածողն եւ սուտին դէմ պայքարողը, ինչպէս նաեւ տեսլապաշտ յաղթականն ու յաւերժացոյց ճանապարհորդը:
Այս գրութիւնը ունի անձնապատկան շեշտաւորում մը, քանի կ՛ուզէ ըլլալ դոյզն անձնական վկայութիւն մը «նուիրուածութեան մարմնացումը» եւ «անցեալը ներկային կամրջող սուրբը» հանդիսացող Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին մասին:
Ծնունդով` հայազգի՛ եմ, բայց արաբախօս էի: 1960-ին` տասը տարեկանիս, Հազմիէ, Վիեննական Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին մէջ առաջին անգամ ըլլալով ծանօթացայ հայատառ աթութաներուն: Վիեննա, Մխիթարեան մայրավանքին մէջ, սորվեցայ հայերէնը. նախ` աշխարհաբարը, ապա` գրաբարը:
Հայ մարդուս երկրորդ մեծագոյն գիւտն եղաւ Հայաստան` սէ՛րս, որուն հետ առաջին հանդիպումս կայացաւ 1991-ին: Սակայն, անկէ երեսուն տարիներ առաջ` 1961-ին, հայ հոգեմտաւորիս առաջին մեծագոյն գիւտը եղաւ մեծասքանչը, որուն այբուբենին անմահական եւ անմահացուցիչ հեղինակին` Մաշտոցին կը պարտիմ իմ ծանօթացումս Ս. Գրիգոր Պարթեւին հետ:
Առանց Ս. Մեսրոպին, հայերս պիտի չունենայինք Ագաթանգեղոսը` պատմիչը մեր հաւատքին Հօր ու կենսագիրը մեր առաքեալին: Նոյնպէս, առանց Ս. Լուսաւորչին, հայերս 2001-ին պիտի չունենայինք 1700-ամեայ յոբելեանը մեր ամբողջական քրիստոնէացումին ու Հայաստանի մէջ քրիստոնէութեան պետական կրօնի հռչակման:
Վիեննական Մխիթարեան վարդապետներուն` Հ. Մ. Գարագաշեանի 1893-ին հրատարակած դասագիրքը, առնելէս յետոյ եւ Հ. Վ. Չալըխեանի-Հ. Ա. Այտընեանի 1885-ին տպուած քննականը ըմբոշխնելէ ետք, մասնագիտանալուս ընթացքին կարդացի Եղիշէն ու Ագաթանգեղոսը, ինչպէս նաեւ` մնացեալ ոսկեդարեան ու դասական մատենագիրները:
Առաջինը` «Աւարայրի պլպուլը», հրահրեց զիս հաւատաբորբ հայրենասիրութեամբ` էութեանս մէջ կոփելով անհուն սէր եւ հիացում Վարդան Մամիկոնեանին ու զինակիցներուն հանդէպ: Երկրորդը` «Բարի հրեշտակը» ջամբեց ինծի խոր երկիւղածութիւն մը` նկատմամբ մեր Ս. Լուսաւորչին:
Ագաթանգեղոս հասաւ իր նպատակին, երբ նախ` ներգործեց իմ մէջս այն առարկայական համոզումը, թէ «Հայրը մեր հաւատքին» առաքելատիպ հետեւորդն է տիրոջ` ապրելով Քրիստոսի այս խօսքը.«Եթէ մէկը ուզէ ինծի հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը եւ հետեւի ինծի» (Մտթ. 16,24):
Ագաթանգեղոս հասաւ իր նպատակին, երբ երկրորդ` գոյացուց իմ մէջս «Քրիստոսի մեծ խոստովանող»ին հանդէպ հոգեմտաւոր ակնածանքը, որ, իր կարգին, իմացական ներաշխարհիս մէջ ստեղծեց անշէջ իղձը` հետեւելու անոր:
Ագաթանգեղոս հասաւ իր նպատակին, երբ երրորդ` կայացուց իմ մէջս մեծագոյն զմայլանքը, հանդէպ «մեր առաքելաջան առաջին Կաթողիկոս»-ին` ի՛ր առաքելութեան նկատմամբ ունեցած աննկուն հաւատքէն եւ ի՛ր նպատակին աննահանջ հետապնդումէն:
Այս անձնական վկայութիւնս նկատուելու է մերօրեայ համադրում մը հայադրոշմ դարերու ընթացքին այն հայազգի դէմքերուն, որոնք խօսքով եւ գրիչով վկայեցին «Սրբոյ Հօրն մերոյ Գրիգորի Լուսաւորչին», որուն «ելն ի վիրապէն» տօնը բնութագրեցի «հայակե՛րտ»:
Հայութիւնը կերտող այս տօնին առիթով իմ սրտաբուխ մաղթանքս է, որ, քրիստոնէական «մարդակերտումի եւ հայակերտում»ի ճանապարհին վրայ, ի խնդիր լոյսին ու ճշմարտութեան իրենց տարած գոյամարտին մէջ Հայաստանը եւ սփիւռքը յաղթանակեն միասնաբար` ապահովելով եւ ընթանալով յաւերժուղին լուսաւորչական…:
ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ
Այնճար, 26 Յունիս 2011