Գալուստ Սահակեան Առաջադրուեցաւ Ազգային Ժողովի Նախագահի Թեկնածու
Շաբաթ, 26 ապրիլին, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածուի հարցը: Կուսակցութեան նախագահին առաջարկով միաձայնութեամբ որոշուեցաւ, որ երկուշաբթի, 28 ապրիլին, Ազգային ժողովի նիստին ընթացքին Ազգային ժողովի նախագահի թեկնածու պիտի առաջադրուի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Գալուստ Սահակեան: Այս մասին կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք յայտնեց կուսակցութեան մամլոյ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով:

