Նախագահ Սարգսեան Չորս Նախարարներ Նշանակեց

Four-ministersՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան շաբաթ օրուան իր հրամանագիրներով իրենց պաշտօններուն վրայ վերանշանակած է տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանը, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը եւ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի այլ հրամանագիրով մը Գագիկ Խաչատրեան նշանակուած է ելեւմուտքի նախարար` ազատ կացուցուելով կառավարութեան կից Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն:

 

Share this Article
CATEGORIES