Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր ունեցած գումարին արժէքը գիտցէք` առանց մսխումի: Եթէ ոեւէ մէկուն փոխ դրամ տուած էք, յիշեցուցէք անոր, որպէսզի մոռացում չըլլայ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ անգիտակցաբար սխալ մը գործած էք, եւ մարդիկ ձեզի ըսեն այդ մասին, սիրով ընդունեցէք: Սխալը ընդունիլը պարկեշտութիւն եւ խոնարհութիւն է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ո՛ւր որ երթաք, գիտցէք ձեր պարտականութիւնը, մանաւանդ արդարացուցէք ձեր վրայ դրուած յոյսը: Այդպիսով է, որ կրնաք արժանանալ ամէնուն յարգանքին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ կարծէք, որ ձեր օժանդակութիւնը տուեալ հարցի մը մէջ նկատի պիտի չառնուի: Կասկածը հեռացուցէք ձեր միտքէն եւ հանգիստ կը մնաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Քանի մը բարեկամներով ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք ոչ հեռու տեղ մը: Այս ճամբորդութիւնը նոր փորձառութիւն պիտի ըլլայ ձեզի` ձեր շուրջինները աւելի լաւ ճանչնալու, դրական եւ բացասական իմաստով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ընտանիքի պատասխանատու էք, ունիք զաւակներ, ջանացէք լեզու գտնել անոնց փափաքները կատարելու համար: Եղէք փափկանկատ եւ ոչ բարկացող:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Բարեսիրական նպատակով աշխատանք մը պիտի տանիք օգնելու համար ձեր շրջանակին մէջ գտնուող կարիքաւորի մը: Ըրէք այնպէս, որ մարդ չիմանայ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դրամատնային հարց մը հարկ է կարգադրէք այսօր` առանց վաղուան ձգելու: Արդէն ուշացած էք որոշ պարտականութիւն մը իրագործելու: Մոռնալը վնասակար է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ընթերցանութեամբ կրնաք նոր փնտռտուք կատարել եւ իմանալ ձեր հարցին վերաբերեալ որոշ պատասխաններ: Ուրիշներուն կարծիքով որոշում մի՛ տաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժուարին ծրագրի մը յաջողութեամբ տարուած էք: Եթէ ձեր նպատակը արդար է, ուշ կամ կանուխ կը յաջողիք: Կարեւոր է ճիշդ ուղղութեամբ առաջնորդուիլը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Արուեստը ամենազօր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ` անձի մը խառնուածքը բարելաւելու, լաւատես դարձնելու զայն: Ձեր շնորհները օգտագործեցէք արուեստի որեւէ տեսակի հետեւելով:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր նիւթական կարողութենէն աւելի գումար ներդրելու մասին մի՛ մտածէք, որպէսզի սխալ հաշիւով ձեր ծրագիրը ջուրը չիյնայ: Իմաստութեամբ գործեցէք:

