50 Տարի Առաջ (29 Ապրիլ 1964)
Խմբագրական
Միշտ Յաղթական
Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններու տարեգրութեանց մէջ, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կիրակի օր արձանագրեց նոր եւ փառաւոր յաղթանակ մը, որուն արձագանգները կը գտնենք ժողովրդային բոլոր շրջանակներու եւ տեղական մամուլին մէջ:
Ամիս մը ամբողջ մեր կազմակերպութիւնը, ղեկավար թէ շարքային, լարուած մեքենայի մը պէս լծուած էր ընտրական աշխատանքի, անգամ մը եւս ցոյց տալու համար, թէ հայ ժողովուրդը, գիտակցօրէն, իր գերագոյն շահերուն խոր ըմբռնումով, կանգնած է Դաշնակցութեան կողքին, անոր մէջ տեսնելով նոյն այդ շահերուն իրատես պաշտպանն ու արթուն պահակը:
Եթէ առիթը չտրուեցաւ մեզի այս անգամ եւս Պէյրութի առաջին ընտրաշրջանին մէջ կրկնելու այն` ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ամէն չորս տարին անգամ մը` ՀՅ Դաշնակցութեան ջախջախիչ յաղթանակով,- որովհետեւ բոլորն ալ ի զուր նկատեցին պայքարը եւ հրապարակէն քաշուեցան ամբողջական անձնատուութեամբ -փոխարէնը, հայ ժողովուրդը եկաւ իր քննութիւնը տալու Պուրճ Համուտի մէջ, ուր իր միաձոյլ զանգուածով իր ճակատագիրը կապեց Դաշնակցութեան ճակատագիրին, ինչպէս եղած է միշտ, հայաշատ այդ շրջանի հիմնադրութենէն ի վեր:
Պուրճ Համուտի հայութիւնը արդարացուց մեր բոլոր ակնկալութիւնները եւ կարգապահ շարքերով փութաց քուէատուփ` կատարելու քաղաքացիի իր նուիրական պարտականութիւնը, այն խոր վստահութեամբ, թէ Դաշնակցութիւնը, իր շահերուն պաշտպանն ըլլալով, նաեւ պաշտպանն է անկախութեան այս երկրին, որ բոլոր հնարաւորութիւնները կ՛ընծայէ իրեն` թափ տալու շինարարական իր կարողութիւններուն:
Ականատես ըլլալով միայն կարելի է չափել արժէքն ու տարողութիւնը այն նուիրումին, որով աշխատեցան մեր բոլոր ընկերները, համակիրներն ու բարեկամները, մէկ սիրտ եւ մէկ մարմին, նոյն նպատակին ձգտումով, բաժնեկից նոյն ուրախութիւններուն եւ նոյն տքնանքին: Ի տես այս աշխատանքին, հիացումը, որ կը լեցնէր տեղացի թէ օտար թղթակիցներու սիրտը, արդար յաղթանակին հետ եղաւ այն բալասանը, որ մոռցուց բոլոր յոգնութիւնները, սրբեց տարաւ բոլոր քրտինքները, եւ անգամ մը եւս առիթ տուաւ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին` բարձրաճակատ քալելու այս գեղեցիկ երկրին մէջ:
Ըսած ենք ասկէ առաջ, այլ ընտրութիւններու եւ նոյնքան թիւով յաղթանակներու առիթով, ու հիմա ալ կը կրկնենք. յաղթանակները չեն գինովցներ Դաշնակցութիւնը: Անոնք բնական երեւոյթներ են պայքարող կուսակցութիւններու համար, ինչպէս պիտի ըլլային պարտութիւնները: Պայքարին արժէքը իր թափին մէջն է եւ ոչ թէ արդիւնքին, թէեւ մեր պարագային յաղթանակը յաճախ անբաժան եղած է մղուած պայքարներէն:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ուժին խոր գիտակցութիւնն ունեցող կազմակերպութիւնն է: Յաղթանակի մէջ` զուսպ, հայութեան ընդհանրական շահերուն հետամուտ, անիկա գիտէ արդար բաժինը տալ այն սքանչելի ժողովուրդին, որ միշտ եղած է իր կողքին, լաւ ու վատ օրերուն:
ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայութեան անյողդողդ կամքին արտայայտիչն է, բայց միաժամանակ անոր ծառան: Այստեղ է, որ գործակցութիւնը կը դառնայ ամուր եւ արդիւնաւոր մեր կուսակցութեան եւ այն զանգուածներուն միջեւ, որոնք խոր համոզումն ունին մեր ժողովուրդին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերին եւ կարեւորութեան:
Մենք այս ընտրութիւններուն չէինք սպասած` այս ճշմարտութիւնը հաստատելու եւ բարձրաճակատ յայտարարելու համար, թէ հայ ժողովուրդի ծոցէն ծնած մեր կազմակերպութիւնը, անոր հարազատ զաւակն է, անոր իտէալին դրօշակիրը, ազգային տենչերը իրագործելու նախասահմանուած ուժը:
Առիթը կ՛ունենանք տակաւին անդրադառնալու կիրակիի ընտրութեանց եւ Պուրճ Համուտի հայութեան արի կեցուածքին մասին:
Առ այժմ, մեր խօսքը ուղղելով հաւատաւորներու մեր փաղանգին, մեծին ու պզտիկին, շարքայինին թէ պատանիին, կ՛ըսենք.
– Ապրի՛ք ընկերներ, կեցցէ՛ Դաշնակցութիւնը, կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:

