Գաղութէ Գաղութ (Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակ)
Յունաստան
Հայոց Ցեղասպանութեան 99-Ամեակին Առթիւ
Հոգեհանգիստ Եւ Բողոքի Ցոյց
Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ
Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ հոգեհանգստեան արարողութիւններով եւ բողոքի ցոյցերով յատկանշուեցաւ 24 ապրիլը: Յունահայութիւնը միասնական ու վճռակամ միացաւ համահայկական ալիքին, որ նշեց թրքական պետութեան կողմէ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեայ տարելիցը, իր երիտասարդ սերունդի պահանջատիրական կեցուածքով յարմար պատասխանը տալով Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ հնչած մշուշոտ յայտարարութեան, որ շատ հեռու էր իսկական զղջումի արտայայտութիւն ըլլալէ: ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբը իր կարգին, յայտարարութիւն մը յղեց հելլէն մամուլին:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան կազմակերպութեամբ, 24 ապրիլի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի ունեցաւ բողոքի պահանջատիրական երթը` դէպի Աթէնքի թրքական դեսպանատուն, Նէա Զմիռնիի մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանի մօտ կատարուած հոգեհանգիստէն անմիջապէս ետք:
Ցուցարարները ճամբայ ելան Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակէն` ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան տեղադրած նկարներու ցուցադրութեան տաղաւարին առջեւէն: Եռանդոտ էր ցոյցը, որ յառաջացաւ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնորդութեամբ, հսկայ ու երկար Եռագոյն դրօշակով, Քեսապի մասին յատկապէս պատրաստուած պաստառով, պահանջատիրական կարգախօսներ կրող մեծադիր պաստառներով: Ցուցարարները կարգախօսներ կրկնելով անցան Յունաստանի խորհրդարանի շէնքին առջեւէն ու յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայի քառուղի, պահ մը կանգ առնելով Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ եւ «Ղարաբաղը մերն է» ըսելով:
Թրքական դեսպանութիւն առաջնորդող ճամբան փակուած էր ոստիկանական զրահապատ ինքնաշարժներով: Ցուցարարները կանգ առին խաչմերուկին վրայ եւ մոմերով կազմեցին 1,500,000 թիւը` յարգելով Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:
Առիթը տրուեցաւ, որ ցոյցի մասնակից յոյն քաղաքական անձնաւորութիւններ հանդէս գան ողջոյնի խօսքերով: Զօրակցական արտայայտութիւններով խօսքեր ուղղեցին` Յունաստանի մէջ ասորիներու միութեան նախագահ Քիրիաքոս Պացարաս, Նոր Հանրապետութիւն քաղաքական կուսակցութեան երիտասարդական միութեան կողմէ Խարալամպոս Ցիանաքաս, ՓԱՍՕՔ կուսակցութեան երիտասարդական միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ֆիլիփոս Թուրալիս, Յունաստանի համապոնտական միութեանց նախագահի ներկայացուցիչ Եորղոս Վարիթիմիատիս: Ցոյցին մասնակցեցան նաեւ Աթէնքի քաղաքապետութեան թեկնածու Նիքիթաս Գաքլամանիս, Կիպրացիներու երիտասարդական միութեան նախագահ Եանիս Խածիէլէֆթէրիու:
Այնուհետեւ սկսան բանակցութիւնները ոստիկանութեան հրամանատարներուն հետ` պահանջելով, որ ճամբան բացուի եւ արտօնուի խաղաղ ցոյցի շարունակութիւնը մինչեւ թրքական դեսպանատուն` Թուրքիոյ պետութեան ուղղուած յուշագիրը յանձնելու համար: Ոստիկանութիւնը արտօնեց, որ եռանդամ պատուիրակութիւն մը անցնի, սակայն քիչ անց պատուիրակութեան ճամբան փակուեցաւ, նախքան դեսպանութիւն հասնիլը: Պատուիրակութիւնը պնդեց, թէ կ՛ուզէ յառաջանալ եւ դեսպանութեան յանձնել թրքական պետութեան ուղղուած յուշագիրը, սակայն ապարդիւն:
Նշուեցաւ, թէ կարելի է միայն անկիւնի ծառին կամ դիմացի շէնքի պատին վրայ զետեղել յուշագիրը, ինչ որ խստօրէն մերժելի դարձաւ ցուցարարներուն կողմէ, ընկալուելով որպէս անարգանք` հայութեան հանդէպ, նաեւ յոյն քաղաքացիական իրաւունքներու ոտնակոխում:
Ցուցարարները իրենց դիրքերը չլքեցին, այլ իրենց եռանդոտ երգերով եւ կրքոտ կարգախօսներով պահանջատէր մնացին հայութեան արդար իրաւունքներուն:
Թեսաղոնիկէի Մէջ
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբին կազմակերպութեամբ, 24 ապրիլի կէսօրուան ժամերուն Թեսաղոնիկէի հիւպատոսարանին առջեւ կայացաւ բողոքի ցոյցը:
Ցուցարարները ճամբայ ելան Սելանիկի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած հոգեհանգստեան պատարագէն ետք` ուղղուելով դէպի Թեսաղոնիկէի հիւպատոսարան: Պահանջատիրական կարգախօսներ հնչեցին ցոյցին ամբողջ տեւողութեան, ապա երբ ցուցարարները հասան շէնքին առջեւ` ճամբայ տրուեցաւ պատուիրակութեան մը, որ մօտեցաւ հիւպատոսարանի դրան առջեւ` յուշագիրը յանձնելու համար: Հայութեան պահանջները ամփոփող գրութիւնը սակայն կարելի չեղաւ յանձնել:
Հանդիսաւոր Հոգեհանգիստ Նէա Զմիռնիի
Հայկական Յուշակոթողին Կից
Յունաստանի պետութիւնը 1996-էն ի վեր ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը:
Անկէ ետք, որպէս երկրի օրէնք, Հայոց ցեղասպանութեան տարեկան ոգեկոչումը (հոգեհանգիստ եւ քաղաքական ձեռնարկ) կը կազմակերպուին նոյնինքն պետութեան նախաձեռնութեամբ` ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբին եւ ՌԱԿ-ի Հայ իրաւանց խորհուրդի համագործակցութեամբ:
Աթէնքի մարզպետարանի նախաձեռնութեամբ եւ հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերու հովանաւորութեամբ, 24 ապրիլին` կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, Նէա Զմիռնիի հայկական յուշակոթողին կից, Էսթիա մշակութային կեդրոնի հրապարակին վրայ, հանդիսաւոր հոգեհանգիստի արարողութեամբ ոգեկոչուեցաւ Մեծ եղեռնի անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Հայ յարանուանութեանց կրօնական պետերուն եւ կրօնական դասուն կողմէ տեղի ունեցաւ երգեցողութիւնը եւ հոգեհանգիստը Ապրիլեան Եղեռնի 1,500,000 զոհերու յիշատակին:
Ապա ելոյթներով հանդէս եկան Դաւիթ Պետրոսեան, Հայաստանի դեսպան Գագիկ Ղալաչեան, Նէա Զմիռնիի քաղաքապետ Սթաւրոս Ծուլաքիս եւ կառոյցներու փոխմարզպետ Աթանասիոս Սփոնտիլիտիս:
Իրան
Ապրիլեան Ոգեկոչական Ձեռնարկներ
Ատրպատականի Հայոց Թեմին Մէջ
Ատրպատականի հայաշատ զոյգ քաղաքներուն մէջ` Թաւրիզ եւ Ուրմիա, 24 ապրիլ 2014-ի երեկոյեան տեղի ունեցան ոգեկոչման հանդիսութիւններ` հովանաւորութեամբ Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ` Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեանի:
ա.- Ոգեկոչում Նահատակաց` Թաւրիզի մէջ
Ազգային առաջնորդարանի «Հ. Ոսկանեան» սրահին մէջ երեկոյեան ժամը 8:00-ին սկսաւ համագաղութային ձեռնարկը, որուն բացման խօսքը կատարեց Անահիտ Յովսէփեան:
Ձեռնարկը կ՛ընդգրկէր գեղարուեստական ծրագիր, խմբերգներու, մեներգներու, ասմունքներու կատարումով:
Օրուան պատգամաբերն էր Ռիթա Նազարբէգեան: Ան իր հակիրճ, սակայն կուռ խօսքով ընդհանուր ակնարկ կատարեց մեր ժողովուրդի վերջին դարերու պատմութեան, յատկապէս Օսմանեան կայսրութեան հակահայ քաղաքականութեան, որ ջարդերով ու ի վերջոյ Ցեղասպանութեամբ իր գագաթնակէտին հասաւ:
Եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան, որ իր գնահատանքը յայտնեց նախ գիտակից այն մօտեցման համար, որ մեր ժողովուրդի զաւակները ցուցաբերեցին հանդէպ մեր նահատակներուն. «Ապրիլ 24-ը մեր ժողովուրդի համար այլեւս խորհրդանիշ է, նշանաբան է, մեր հայու անունն է, մեր մորթի գոյնն է: Անով պէտք է ճանչնայ մեզ աշխարհը, նոյնիսկ երբ մեր արդարի իրաւունքները ձեռք բերենք» ըսաւ ան: Ապա, միջազգային քաղաքականութեան անվստահելիութիւնը շեշտելով` մեր ազգի սեփական ուժերուն վստահիլը լաւագոյն քաղաքականութիւնը նկատեց, շեշտը դնելով մեր մտաւորական, գիտական, հոգեւոր թէ ռազմական ուժերուն վրայ: Մեր ազգային տեսիլքներէն ու ձգտումներէն չհրաժարելու եւ մեր իրաւունքներէն չնահանջելու կոչով առաջնորդը փակեց իր խօսքը:
բ.- Ոգեկոչական ձեռնարկ, Ուրմիոյ մէջ
Ուրմիոյ Հոգաբարձութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած էր իւրայատուկ ոգեկոչական ձեռնարկ, որ գործադրուեցաւ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ` մասնակցութեամբ շրջանի բոլոր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն:
Երեկոյեան ժամը 7:00-ին սկսած ձեռնարկի բացումը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Լորիկ Սահակեան: Ան ըսաւ. «1915-ին բացուեցին մահուան դարպասները ու կլանեցին աւելի քան մէկուկէս միլիոն անմեղ ու անպաշտպան հայեր եւ այդ ողբերգութեան առաջին զոհերն էին հայ մտաւորականներն ու դժբախտ ժողովուրդը»:
Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ` Հայոց ցեղասպանութեան մասին:
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր հանրայայտ գրող բանաստեղծ Վարանդ: Ան մեր ժողովուրդի պատմութեան սեւագոյն էջերուն անդրադարձաւ գրական բարձրորակ մօտեցումով, պատկերաւոր այն բառերով, որոնք անցած 99 տարիներու ընթացքին սերունդներ դաստիարակեցին` վառ պահելով պահանջատիրութեան ջահը: 1915-ի քաղաքական անցուդարձները, Ցեղասպանութեան ծրագրաւորումն ու գործադրութիւնը ան շատ համապարփակ կերպով ներկայացուց` շեշտը դնելով դէպի 100-ամեակ ու անկէ անդին բացուող մեր գոյապայքարին վրայ:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` նախաձեռնութեամբ ՀՄԱԿ-ի Ուրմիոյ մասնաճիւղի Մշակութային բաժանմունքի:
Փակման խօսքը եւս կատարեց Լորիկ Սահակեան, որ յիշեցնելով Ապրիլեան նահատակներու նկատմամբ հաւաքական յարգանքը, ըսաւ. «Ուրեմն յարգանքով փառաբանենք Ապրիլեան Եղեռնի նահատակներու յիշատակը, ձգտելով այն օրուան, երբ հայ ժողովուրդի երկնակամարէն սեւ ամպերը հեռանան եւ ճշմարտութեան արեգակը իր ճառագայթները սփռէ մեր հողերու, մեր սեփականութեան վրայ եւ պանդուխտ հայ ազգը սփիւռքի բոլոր անկիւններէն դիմէ դէպի ազատ եւ անկախ հայրենիք»:
Պուլկարիա
Ոգեկոչումի Ձեռնարկներ Սոֆիոյ,
Ռուսէի, Փլովտիւի Եւ Վառնայի Մէջ
23 ապրիլին երեկոյեան սուգի հանդիսութեամբ Սոֆիոյ մէջ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շարքը: Պուլկարիոյ մայրաքաղաքի «Երեւան» այգիին մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ հաւաքուած հայերը եւ անոնց պուլկարացի բարեկամները իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին: ՀՄԸՄ-ի սկաուտները վառեցին մօտ 1000 մոմեր, որոնցմով գրած էին «ԱՊՐԻԼ 24», իսկ այգիին մէջ տեղադրուած մեծ պաստառին վրայ կը ներկայացուէին Հայոց ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայ մտաւորականներու նկարները: Այս զգայացունց տեսարանին մէջ խորհրդանշական էր «Հայ լեռ» մանկական խումբի ներկայացուցած հանդիսաւոր ծրագիրը: Ձեռնարկի աւարտին ծաղկեպսակներ եւ ծաղիկներ զետեղուեցան հայկական Խաչքարին առջեւ:
24 ապրիլին Սոֆիոյ Հայկական տան առջեւէն աւելի քան 35 ինքնաշարժներ ծածանուող հայկական դրօշակներով մեկնեցան դէպի հայկական գերեզմանատուն` անցնելով թրքական մզկիթին առջեւէն: Գերեզմանատան մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն:

Խօսք առաւ Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեան, որ մասնաւորաբար շեշտեց Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման անհրաժեշտութիւնը` ապագային մարդկութեան դէմ ոճիրները բացառելու նպատակով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց վերջերս Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ յայտարարագիրի ընդունման կարեւորութիւնը Պուլկարիոյ չորս քաղաքներու համայնքային խորհուրդներուն կողմէ:
Այնուհետեւ կարդացուեցաւ Թուրքիոյ այսօրուան կառավարութեան ուղղուած Պուլկարիոյ հայ համայնքին ուղերձը, որուն մէջ կոչ կ՛ուղղուի ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոր յաջորդեց Պուլկարիոյ մէջ յայտնի թրքագէտ եւ քաղաքագէտ Լիուպոմիր Ժելեւի խօսքը. վերջինս ափսոսանք յայտնեց, որ Թուրքիա մինչեւ հիմա կը ժխտէ իր նախնիներուն կողմէ իրագործուած ոճիրը: Ան շեշտեց, որ քանի տակաւին Թուրքիա չէ ճանչցած Հայոց ցեղասպանութիւնը, տեղ չունի Եւրոպական ընտանիքին մէջ:

24 ապրիլին Փլովտիւի մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի քայլարշաւ քաղաքի գլխաւոր հրապարակէն դէպի հայկական եկեղեցին` անցնելով Փլովտիւի Գլխաւոր պողոտայով եւ Հին քաղաքի մարդաշատ փողոցներով: Քայլարշաւը կ՛առաջնորդէին ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Անոնք բռնած էին պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էին «Քեսապ` ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի», «Թուրքիա, ընդունէ՛ ցեղասպանութիւնը», «Յիշեցէք ցեղասպանութիւնը» եւ այլ նմանատիպ կարգախօսներ: Կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած խաչքարին առջեւ: Բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ուղղեցին խօսքեր, ինչպէս նաեւ Փլովտիւի նախկին քաղաքապետ Սպաս Գռնեւսքի, որ արտասանեց իր կողմէ գրուած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած բանաստեղծութիւն մը: Ան իր սրտաբուխ խօսքով ցոյց տուաւ, որ իր ամբողջ սրտով կը կիսէ հայ ժողովուրդի մեծագոյն ցաւը: Ձեռնարկի աւարտին ներկաները մոմերով եւ ջահերով յարգեցին Մեծ եղեռնի զոհերու յիշատակը:

Պուլկարիոյ Ռուսէ քաղաքի հայութիւնը անգամ մը եւս իր յարգանքի տուրքը մատուցեց մէկուկէս միլիոն հայ զոհերուն: Ոգեկոչումը սկսաւ Ազատութեան յուշարձանին վրայ ծաղկեպսակներու զետեղումով, ապա Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն: Անկէ ետք Պատմութեան թանգարանի գիտաշխատողը ներկայացուց շարք մը պատմական փաստեր Մեծ եղեռնի վերաբերեալ:
Իսկ Վառնայի մէջ մեծ շուքով նշուեցաւ Ցեղասպանութեան 99-րդ տարելիցը տեղւոյն հայ համայնքին կողմէ: Այս տարի առաջին անգամ ըլլալով համայնքի հոգեւոր հովիւ Բարթողիմէոս քհնյ. Յակոբեանի եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն խնդրանքով Վառնայի պուլկար ուղղափառ եկեղեցւոյ մետրոպոլիտ Յովհաննէս արքեպիսկոպոս արտօնած էր, որ Վառնայի բոլոր պուլկար ուղղափառ եկեղեցիներուն զանգերը 24 ապրիլին ղօղանջեն` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն:
Նինոծմինտայի Մէջ
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած
Յուշակոթողի Բացման Արարողութիւն
23 ապրիլին Սամցխէ-Ջաւախք շրջանի Նինոծմինտա քաղաքի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` յարգելու համար Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը:
Այնուհետեւ, Նինոծմինտայի Շրջանային մշակոյթի տան շրջափակին մէջ բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ` Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին:
Յուշակոթողի օծման արարողութեան մասնակցեցան Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան եւ Սամցխէ-Ջաւախքի ու Ծալկայի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան փոխառաջնորդ Բաբգէն վրդ. Սալբիյեան:
Ներկայ գտնուեցան վրացիներու ուղղափառ եկեղեցւոյ Ախալքալաքի Կումուրդոյի թեմի առաջնորդ արք. Նիկոլոզը, Վրաստանի խորհրդարանի անդամներ, տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, հասարակական եւ մշակութային գործիչներ, հոգեւորականներ եւ մեծ թիւով ջաւախահայեր:
Յուշակոթողի բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեանը, որ նշեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին նուիրուած այս յուշակոթողի զետեղումը ինքնին պատմական իրադարձութիւն է:
«Արդարութեան վերականգնումը բարոյական չափանիշներու վրայ հիմնուած գաղափար է: Իրաւունքն ու քաղաքական նպատակայարմարութիւնը ոչ թէ պէտք է իրարու հակասեն, այլեւ` զիրար լրացնեն: Մենք աշխարհի բոլոր պետութիւններուն վճռականօրէն կոչ կ՛ուղղեն` իրենց ձայնը միացնելու հայութեան ձայնին եւ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնն ու դատապարտելու անոր նկատմամբ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութիւնը, որ ուղղուած է միջազգային իրաւունքի եւ արդարութեան յաղթանակին դէմ», ըսաւ Յ. Մանուկեան:
Վրաստան
Խաչքարի Օծման Արարողութիւն`
Թիֆլիսի Մէջ
21 ապրիլին Թիֆլիսի Ս. Էջմիածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հոգեհանգստեան պատարագ, որմէ ետք եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Յովհաննէս Մանուկեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ խաչքարի տեղադրումը Թիֆլիսի մէջ շատ կարեւոր եւ պատմական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւն է: Անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող ժխտողական քաղաքականութեան` Հայաստանի դեսպանը ընդգծեց, որ դէպի եւրոպական քաղաքակիրթ ազգերու ընտանիք ձգտող երկիրը պարտաւոր է դրսեւորելու եւրոպական պետութեան պատշաճ քաղաքավարական մակարդակ, բարոյական ուժ եւ քաղաքական կամք` պատմական անժխտելի փաստերու իրողութիւնը ընդունելու համար, ինչպէս ատիկա ըրաւ Գերմանիան` դատապարտելով Ողջակիզումը:
Դեսպան Մանուկեան յայտնեց, որ Հայաստանի նախագահի հրամանագիրին համաձայն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգելու նպատակով Վրաստանի մէջ եւս ստեղծուած է յանձնախումբ մը:

